image

Կարեւոր նորութիւն. Տեղի ունեցած է Շոլց-Փութին հեռախօսազրոյց

Կարեւոր նորութիւն. Տեղի ունեցած է Շոլց-Փութին հեռախօսազրոյց

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ գերմանական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին  յայտնած են Քրեմլէն։

Ռուսիոյ նախագահն ըսած է, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ հնարաւոր պայմանաւորուածութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան նոր տարածքային իրողութիւններու վրայ եւ վերանան հակամարտութեան բուն պատճառները։

Փութինը յիշեցուցած է, որ ներկայիս ճգնաժամը ՆԱԹՕ-ի երկար տարիներու յարձակողական քաղաքականութեան ուղղակի արդիւնքն է, իսկ Մոսկուան երբեք չի հրաժարիր եւ բաց է Քիեւի կողմէ ընդհատուած բանակցութիւններու վերսկսման համար։

Ռուսիա միշտ կատարած է իր պայմանագրային պարտաւորութիւնները ուժանիւթի ոլորտի մէջ եւ պատրաստ է փոխշահաւէտ համագործակցութեան, եթէ գերմանական կողմէն հետաքրքրութիւն ըլլայ այդ ուղղութեամբ։

Գերմանակն լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, Շոլցն ըսած է, որ Գերմանիան պիտի շարունակէ այնքան ժամանակ օգնել Ուքրանիոյ, ինչքան այդ կը պահանջուի։