Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդարանի Ֆէյսպուքեան էջէն կ՚իմանանք, որ տեղի ունեցած է Փրոֆ. Երուանդ Թամճեանի յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն, ուր պատարագած է Նարեկ Եպս. Պէրպէրեանը։
Կը մէջբերենք հրապարակումը. «Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Փրոֆ. Երուանդ Թամճեանին։ Նարեկ Եպս. Պէրպէրեանը խօսեցաւ Փրոֆ. Երուանդին մասին՝ բարձր գնահատելով եկեղեցուոյ եւ համայնքին հանդէպ անոր նուիրումը։ Թեմի սրահին մէջ հոգեճաշ մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ Փրոֆ. Երուանդ Թամճեանին։ Ներկաներուն մատաղ հրամցուեցաւ։
Տիարք Տիգրան Պոհճալեան եւ Քարլոս Կէօվօղլանեան խօսեցան Փրոֆ. Երուանդին կեանքին մասին՝ յիշելով համայնքին անոր նուիրուածութիւնը»։
