Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոս իր նստավայրին մէջ ընդունած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
Յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամուլի ծառայութիւնը։
Անոնց զրոյցը 40 րոպէ տեւած է ։
Հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոսն ու Զելենսքին իրարու յանձնած են նուէրներ։
Հռոմի պապը Ուքրանիոյ նախագահին Խաղաղութեան ձիթենիի ճիւղ նուիրած է, իսկ Զելենսքին Հռոմի պապին՝ Աստուածամօր պատկերը՝ փորագրուած զրահապատ թիթեղի վրայ։