Բժիշկները նշած են, որ նախապէս «դեղին բորբոս» յայտնաբերուած էր միայն սողուններու մօտ:
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ միւս տղամարդը, որուն մօտ նոյնպէս «դեղին բորբոս» յայտնաբերուած է եւս 59 տարեկան է: Սունկը յայտնաբերուած էր անոր ուղեղի մօտակայքը, անոր ծնոտի մէկ մասը հեռացուած է:
Բժիշկներու տուեալներով՝ Կազիապատի մէջ ներկայ պահուն «գունաւոր» սնկային հիւանդութիւններով վարակուածներու թիւը կը կազմէ 65, մեծամասնութեան մօտ «սեւ բորբոս» յայտնաբերուած է: Անոցնմէ 31-ը ապաքինուած է, 33-ը կը շարունակէ բուժում ստանալ տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ:
Նշենք, որ օրեր առաջ Հնդկաստանի իշխանութիւնները յայտնած էին երկրի տարածքին մէջ մուքորմիկոզով («սեւ բորբոս») հիւանդանալու 11 717 դէպք արձանագրուելու մասին: Բացի այդ, կը հաղորդուէր նաեւ «սպիտակ բորբոս»ով վարակուելու դէպքերու մասին: