image

Հնդկաստան. «Դեղին բորբոս»ով մահացութեան առաջին դէպք

Հնդկաստան. «Դեղին բորբոս»ով մահացութեան առաջին դէպք

 

«Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդը, որուն մօտ երեք սնկային հիւանդութիւն («սեւ բորբոս», «սպիտակ բորբոս» եւ առաջին անգամ «դեղին բորբոս») յայտնաբերուած էր, մահացած է Նիւ Տելհի մերձակայքը գտնուող քաղաքի հիւանդանոցին մէջ:
 Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով հնդկական աղբիւրին, այդ հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած է «դեղին բորբոս»ով վարակման երկրորդ դէպքը:  Աղբիւրի տուեալներով՝ 59-ամեայ Քունվար Սինկհը բուժում կը ստանար «Քորոնա» ժահրի դէմ, երբ անոր մօտ երեք սնկային հիւանդութիւն յայտնաբերուած է: Սինկհը բուժում կը ստանար, սակայն մահ վրայ հասած է թոքսեմիայի (թոյներով օրկանիզմի թունաւորման) հետեւանքով:

Բժիշկները նշած են, որ նախապէս «դեղին բորբոս» յայտնաբերուած էր միայն սողուններու մօտ:

Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ միւս տղամարդը, որուն մօտ նոյնպէս «դեղին բորբոս» յայտնաբերուած է եւս 59 տարեկան է: Սունկը յայտնաբերուած էր անոր ուղեղի մօտակայքը, անոր ծնոտի մէկ մասը հեռացուած է:  

Բժիշկներու տուեալներով՝ Կազիապատի մէջ ներկայ պահուն «գունաւոր» սնկային հիւանդութիւններով վարակուածներու թիւը կը կազմէ 65, մեծամասնութեան մօտ «սեւ բորբոս» յայտնաբերուած է: Անոցնմէ 31-ը ապաքինուած է, 33-ը կը շարունակէ բուժում ստանալ տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ:  

Նշենք, որ օրեր առաջ Հնդկաստանի իշխանութիւնները յայտնած էին երկրի տարածքին մէջ մուքորմիկոզով («սեւ բորբոս») հիւանդանալու 11 717 դէպք արձանագրուելու մասին: Բացի այդ, կը հաղորդուէր նաեւ «սպիտակ բորբոս»ով վարակուելու դէպքերու մասին: