Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան, պաշտօնական այցով կը գտնուի Հալէպ, ուր հանդիպումներ կ՚ունենայ տեղի կառոյցի մարմիններու, կուսակցական շարքին, ինչպէս նաեւ գաղութային յարանուանական մարմիններուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ՍԴՀԿ Հալէպի մարմնի դիմատետրի էջէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Քէօշկէրեան (բնակավայրը՝ Պէյրութ) հանդիպած է Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական համայնքի կեդրոններ ու նաեւ այցելած Հալէպի Կիլիկեան վարժարան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ալեքսան Քէօշկէրեանի ու նաեւ տեղւոյն ՍԴՀԿ մարմնի ներկայացուցչութեան Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան տուած այցին հակիրճ լրատւութիւնը։
Չորեքշաբթի , 22 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը մը, գլխաւորութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանի, ընկերակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկեր Աւետիս Խոշաֆեանի եւ անդամներուն , այցելեցին Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Գերապայծառ Միրիաթեանի հետ: Մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին անոնք արծարծեցին Սուրիոյ տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն առնչուող հարցեր: Ս.Դ.Հ.Կ.-ի պատուիրակութիւնը Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ Գերապայծառին մաղթեց արեւշատութիւն, իսկ Հայ Կաթողիկէ համայնքին՝