Սուրիա- Քսաններու Նահատակութեան ոգեկոչումի ձեռնարկի մը նախագահելով կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան, յատուկ պատգամ մը փոխանցած է: Տիգրանեան, որ այս առիթին համար մեկնած է Դամասկոս քննադատած է Թուրքիոյ ունեցած ժխտական դերակատարութիւնը Սուրիոյ մէջ արդէն տարիէի ի վեր ընթացող պատերազմին: Ան մասնաւորապէս ըսած է «Զարմանալի չէր Թուրքիոյ ունեցած ժխտական և դատապարտելի դերը կապուած սուրիական հակամարտութեան հետ: Մտահոգիչ է, որ հակառակ երկար տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն և պատմութեան տուած դասերուն Թուրքիա կը շարունակէ հանդէս գալ իբրև խանգարող տարր»: Հնչակեան ղեկավարը նաեւ խօսած էԹուրքիոյ քաղաքական յարափոփոխ կեցուածքներուն մասին դիտել տալով, որ « Թուրքիան իր հաեւան երկրներուն դեմ գործող և դաւեր նյութող երկիր է: Մէկ գիշերուայ մեջ յօդս ցնդեցան անոր ներկայիս վարչապետին յայտնի «Զէրօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» կարգախօսը, և Թուրքիան մտաւ տխրահռչակ խաղի մը մեջ: Երեւան եկաւ նոր ծրագիր մը , որու գլխաւոր նպատակը Սուրիան հիմնայատակ քանդելն էր».եզրակացուցած է Տիգրանեան: Նշենք, որ Հնչակեան Քսաններու նուիրուած միջոցառումը տեղի ունեցած է Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ գաղութի ազգային- կրօնական վերնախաւին, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներու: