Ուրե՛մն… Ո՞ւր հասած էինք… 29 Յունիսի նախագահական զաւեշտը… «Լ.Տ.-Պ.» պարագան… Հայաստանի կառավարութեան անվերջանալի սայթաքումը դէպի անասելի (թէեւ մասամբ ըսուած) մակարդակներ… Զրկեալ, սպառած, վերջերս սառած, անօթի (բայց ոչ անպայման ծարաւ, աւաղ) ժողովուրդի դիւրին ու մնայուն շահագործում, իր իսկ պետական գերագոյն ներկայացուցիչին կողմէ… Արդար ու ազդու ընդդիմադրութեան լեզուն կտրելու, ձեռքերը կապելու, ոտքերը փշրելու եւ գլուխը աքսորելու զուր փորձեր… Հայաստանը տեղքայլի, յետոյ ետ-դարձի ճամբուն վրայ… լաւ… Հիմա շարունակենք:
Հարցը այլեւս Լ.Տ.Պ.-ն չէ (կարդալ՝ «լիւն-տիւն-պէ», մաշտոցեան – եւ ոչ թէ սթալինեան – այբուբենի հնչիւններով, հաճիք): Անոր մասին ըսուելիքը՝ ըսուեցաւ, եւ դեռ ի հարկին կ’ըսուի նորէն։ Սակայն առայժմ նիւթը դարձաւ ձանձրացուցիչ: Այսպէս կոչուած «նախագահը», իր անհանդուրժելի կեցուածքներով եւ արարքներով, դարձաւ այլեւս յուսահատօրէն նախատեսելի։ Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ կրկնութիւններու հարկ չկայ։
Հարցը է, էր ու կը մնայ՝ Արցախը։ Հարց մը որ տակաւին շատեր չեն հասկցած, չեն ուզեր հասկնալ, կամ չեն կրնար:
Այնտեղ կը կռուին։ Հոս, կը խօսին։ Այնտեղ պայքար է, առօրեայ եւ արիւնահեղ։ Այստեղ՝ պատահական վիճաբանութիւն, կարծիքներու փոխանակում, խօսակցական ձեւակերպութիւններ : Արցախի մէջ համայն Հայութեան ճակատագիրը կ’որոշուի, բայց Հայութեան մէկ կարեւոր մասը դեռ երես կը թթուեցնէ այս նիւթին մասին լսելով։ Պարտուողականութեան աստիճանը անցած են, շատեր։ Պարտուած են արդէն։ Հոգեպէս ծունկի, պարտուած, պարպուած – ենթադրելով որ երբեւիցէ եղած են լեցուն – ։
Եւ այսպէս, մինչ ասդին-անդին հիւրանոցներու մէջ խիստ մասնագիտական վերլուծումներ տեղի կ’ունենան, որոշելու համար թէ ո՞ր բառը, ո՞րմէկ ածականը պատշաճ է գործածել՝ որակելու համար ամէն պարագայի անորակելին, Հայաստանի կառավարութիւնը զբաղած է վաճառքի հանելով Հայոց գոյութիւնը։
Ծախու են՝ Արցախը, Հայաստանի զանազան կտորները (մէկ առ մէկ, կամ մեծաքանակ), Հայութեան պատիւը, Հայութեան արժանապատւութիւնը, Հայութեան անունը, Հայութի՛ւնը: Ծախու է, ազգային նուազագոյն գաղափարաբանութեան մինչեւ վերջին նշոյլը…
Սեղանիկի մտայնութիւն, քիչ մը տարբեր, աւելի խոշոր սեղաններու շուրջ։
Եւ եթէ դեռ այս առեւտուրի եզրափակումը կ’ուշանայ, ատոր պատճառը հաւանաբար այն է թէ սակարկութիւնները կ’երկարին, աւելի յարմար գին մը որոշելու համար։
Վերջապէս, կան նաեւ այս հեթանոս խնճոյքը խանգարող այդ նեղացուցիչ, անփափկանկատ տարրերը, որոնք ոչինչ կը հասկնան բա՜րձր քաղաքականութեան խորո՜ւնկ նրբութիւններէն, եւ անվերջ «խնդիրը կ’աւրեն», յամառօրէն շարունակելով կռուիլ եւ մեռնիլ, Գաղափարի համար։
Կարծես թէ այդքանը արդէն բաւարար չէ, վերոյիշեալ շուկան խանգրելու համար, դեռ աներեսութեան գագաթնակէ՛տ՝ այդ ափ մը «խենթերը» կը յաջողին յաճախ ջախջախիչ յաղթանակներ ալ ապահովել, շնորհիւ իրենց այս անմիտ ու անտեղի զոհաբերութեան… Ստիպելով որ Հայաստանի իշխանութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց վարքագիծը, եւ երբեմն պատուաւոր դիրք բռնեն, հարկադրաբար օժանդակելով Յարատեւ Պայքարի այս փառաւոր իրագործումներուն… Մինչեւ յաջորդ փառաւոր նահանջ։ Մինչեւ յաջորդ բանիմաց, իմաստո՜ւն տեղատուութիւն։
Եւ կը դառնանք, կը վերադառնանք՝ Արցախ։
Հայաստանի կառավարութիւնը, ընտրութիւններէն ի վեր ամէն անգամ որ առիթը ունեցաւ, փորձեց՝ նահատակուող մարտիկներուն եւ անզէն զոհերուն հետ, թաղել նաեւ այս հարցը։
Շնորհիւ Թուրքին է, որ կարելի չեղաւ ցարդ կատարել այդ վերջնական հուղարկաւորութիւնը:
Թուրքն է, որ մերժեց ԼիւնՏիւնՊէ-ի երկարած «հաշտութեան» դողդոջուն ձեռքը: Թուրքին կրկնակի պարտութիւններն են, Արցախի մէջ եւ շուրջ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մղեցին քիչ թէ շատ զօրակցելու Արցախի բանակին: Ազգային պատեհապաշտութիւն, իրենց կեանքը տուած անանուն հերոսներու հաշւոյն:
Նախագահին ատենը մէյ մը ինքն իր գլխուն դրած դափնեպսակը, թրջուած է ուրիշին արիւնով, եւ միայն իր վախի քրտինքով:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ այս ահաւոր խաղը:
Այս անարժան իշխանութեան վերաբերմունքը պաշտպանել կամ արդարացնել փորձող բոլոր անձինքը մեղսակից են անոր, եւ պարտատու՝ հայ ժողովուրդին, ընդհանուր պատմութեան եւ իրենց խղճին, եթէ կայ։
Այս պայմաններուն մէջ, յատկապէս հետաքրքրական է պարագան ԼիւՆՏիւՆՊԷ-ի անակնկալ պաշտպաններուն, որոնք յանկարծ բեմ եկան Արտերկրի մէջ։
Անշուշտ չեմ խօսիր հակադաշնակցական հին խամաճիկներուն մասին։ Անոնք եւս անակնկալ ըլլալէ դադրած են, շատոնց։ Խօսքս աւելի այն անձերուն մասին է որոնք, ըստ երեւոյթին, երբ որ այդ էր նորոյթը կամ իրենց շահերուն նպաստաւոր կեցուածքը, իրենք իրենց կը յայտնէին որպէս ՀՅԴ-ի համակիրներ, եւ որոնք այսօր, յենուելով «նախագահական» շուքի մը վրայ միայն, կը կարծեն թէ բռնած են ճիշդ կողմը, եւ թէ «պաշտօնական» հանգամանքներու հետ գործակցելով, պիտի կարենան փրկել իրենց մաշած անունները, վիճելի վաստակը եւ կասկածելի տիտղոսները։
Խղճալի ռազմավարութիւն, խղճալի ռազմիկներու կողմէ: Այն տեսակներէն որ կը գտնենք ճակատէն հեռու, շատ հեռու (Շահումեանէն՝ Երեւան, կամ 1890-էն՝ 1921 հեռաւորութեամբ, օրինակի համար): Զէնքը նետած ու վախէն դեղնած, միշտ փախստական: Ի ծնէ նահանջող ու դասալիք:
«Հայե՜ր արթնցէ՛ք, արթնցէ՛ք Հայեր…» պէտք է ըլլային Արցախի գոյամարտէն ներշնչուած, արդի ու արդէն հետզհետէ դասական դարձող, «Հայե՛ր, միացե՛ք» երգին բառերը… Եւ այդ ալ ցաւալի է։ Որովհետեւ անհանդուրժելի է, անհանդուրժելի՛, որ հինգ տարիներու մահու կենաց պայքարէ ետք, տակաւին հարկաւոր ըլլայ բեմերէն, թերթերէն, կեդրոններու անցքերուն մէջ, նուազագոյն չափով անգամ «պաշտպանել»՝ Արցախի պարագան։ «Արցախն է մեզ կանչում…» Բայց ո՞վ մտիկ կ’ընէ։
Բան մը, տեղ մը, ծուռ է։ Բան մը, ներսէն, փտած է։
Եւ թող դեռ փորձեն, իբրեւ թէ մտաւորական մակաբոյծները, նեղմիտ անմիտները, ազգային կեանքի թափթփուքները, իրենց կոր ու փխրուն դանակներով հարուածել առաջին ճակատի վրայ դիրք բռնած իմացեալ նահատակները: Եւ հարուածել կռնակէն անշուշտ… Նախանձելով նախ եւ առաջ այդ կռնակին իսկ, քանի որ իրենք զուրկ են անկէ, ըլլալով անողնայար եւ սողուն։
Պայքար է այստեղ, պայքար է այնտեղ, պայքար է ամենուրեք: Եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ։ Մինչեւ որ ատենը գայ յաջորդ հանգրուաններուն։ Բայց մինչ այդ, ոմանք, կռիւին մօտէն չանցած տակաւին, արդէն կը փախչին լեղապատառ, ճամբուն վրայ դիւանագիտութիւն եւ իմաստութիւն քարոզելով, իրենց փախուստի թաւագլոր վազքին ու սարսափին մէջ փորձելով իրենց հետ քաշել այն մի քանիները որ դեռ ճակատը կը պահեն։
Համագործակցիլ… Որո՞ւն հետ։ Ուղղակի թշնամիի՞ն, դաւաճանի՞ն, սատանայի՞ն… Մինչդեռ, որքան պարզ է կացութիւնը։ Որոշ բաներ սեւ-ճերմակ ե՛ն։ Արցախի Հարցը կը նոյնանայ Բացարձակին։
Լ.Տ.-Պ.-ն անպատուեց Հայոց էական ինքնութիւնը, փճացուց ու խափանեց, ամօթով ծածկեց Հայաստանի Անկախութեան վերահաստատման առաջին հանգրուանը, խորտակեց մեր սիրտը եւ ոտնակոխեց մեր երազները։ Բայց ինք, գոնէ, հաստատ է, անկեղծ եւ համոզուած, ինքն իրեն հաւատարիմ, իր դիրքորոշումներուն մէջ։ Երանի կարելի ըլլար նոյնը ըսել, իր – մանաւանդ Արտերկրի – հետեւորդներուն մասին։
Մ. Հայդուկ Շամլեան
03 Մայիս 1993
Յ.Գ./ Սեպտեմբեր 2020՝ վերեւի յօդուածին զարհուրելի այժմէականութիւնը, յստակօրէն, չի վերաբերիր Հայաստանի միայն ներկայ վիճակին… (Որու պարագային, ի դէպ, «բան չի՛ փոխուել» հաստատումը, դեռ…լաւատես մօտեցումն է: Որպէսզի աւելի շուտ չասենք՝ կացութիւնը դեռ աւելի վատն է, քան թէ երեսուն տարիներ առաջ : Արժեւորում մը, որ կարելի է հեշտօրէն եւ լայնօրէն հիմաւորել, սակայն թողենք այդ, ուրիշ առիթի) : Արդարեւ, Հայաստանի անվերջանալի տեղքայլ/յետքայլի խնդրէն զատ, այլ – թէկուզ յարակից – նիւթերի մասին ալ վկայագրութիւն կայ այդտեղ, հասկացողը շատ լաւ կը հասկանայ, իսկ մոռացողն ալ՝ թերեւս կը յիշէ… Բայց ամէն դէպքում, որքա՛ն ճիշդ է այն ասացուածքը, թէ՝ «Պատմութիւնը, յաւերժական վերսկսում մըն է»…
Անհերքելի իրողութիւնը այն է որ, յետ-խորհրդային Հայաստանի նախնական եւ տառացիօրէն ամենաճակատագրական օրերին, ոմանք, ուժն ու յստակատեսութիւնը ունեցան ըմբոստանալու՝ վերանկախացած Հայաստանի առաջին վարչակարգին եւ անոր չաստուածացած Արքային դէմ: Անկախ Հայաստանի այդ ամենաառաջին յեղափոխականները մերժեցին Հայոց Պետութիւնը յափշտակած էակների անվաւեր հեղինակութիւնը: Քանի որ անմիջապէս ըմբռնեցին որ այդ անարժան վարչակարգը, յատկապէս իր անվստահելի ղեկավարով, սկսած էին արդէն՝ հայ հողի վրայ, Հայ Ազգի քանդումին քստմնելի գործընթացը:
Այդ ամենասկզբնական եւ ամենակարեւոր, ամենալուրջ, ամենադժուար ու ծանր յեղափոխական կեցուածքը որդեգրող, արտայայտող եւ – պատասխանատու զսպուածութեամբ – գործադրող ազգային գործիչները, այդ ամէնէն 27 տարիներ ետք, «յեղափոխութեան» դասեր պէտք է որ ստանային, դեղնակտուց նորելուկների կողմէ… Պէտք է որ լսէին «յանդիմանական» շեշտով այն ծիծաղելի խօսքը, թէ՝ «բա ո՛ւր էիք, էն վախտ» …
Իսկ այդ խօսքերը արտասանողները, ո՞ւր էին, այն ժամանակ… Իրենց ըսած ժամանակից քառորդ դար առաջ: Երբ որ բո՛ւն ու իսկական ժամանակն էր, օրհասական պահն էր՝ գործ կատարելու, էական, բովանդակալից, արդիւնաւէտ գործ…
Ի դէպ, եթէ պիտի խօսինք յեղափոխականութեան ժամանակագրութեան, յեղափոխական երիցութեան մասին, նշենք ուրեմն որ այժմու Հայաստանի վերոյիշեալ ամենասկզբնական յեղափոխականները, իրենց այդ դիրքին վրայ չէին, առաջին վարչակարգի տարիներից սկսեալ, միայն: Այլ – կամ իրենք իսկ ուղղակիօրէն, կամ իրենց նախորդ սերունդը -, յանուն այս միեւնոյն Հայաստանի վերանկախացման, յեղափոխական դիրքի եւ աշխատանքի վրայ էին, սոյն վերանկախացման նախորդող 70 տարիների ընթացքին: Ի դէմ՝ Խորհրդային Միութեան: Մինչ այդ խորտակիչ անձն ու իր ստեղծած վարչակարգի հիմնական անդամները, որոնց դէմ պայքարեցան նոյները այդ 70 տարիներից քիչ ետք արդէն, Սովետի ամենավատ ու կեղտոտ տեսակի արտադրանքն էին, մաքրուող ճահիճին տիղմային մնացորդը, յորդած – մինդեռ խոշոր – աղբամանէն դուրս ինկած, բորբոսոտ թափուքը:
Բայց կեցէք, չվերջացանք դեռ… Տեսնենք, թէ ո՞վ՝ ո՞ւր էր, եւ երբ…
Ցեղասպանութեան յաջորդող վերապրումի եւ վերականգնման գերմարդկային ջանքերուն զուգահեռ՝, յանուն Անկախ Հայաստանի, 70 տարի Խորհրդային իշխանութիւնը մերժած եւ նրա դէմ պայքար մղած հայութեան այդ հոսանքները, որոնք ստիպուեցան անկէ ետք պայքարիլ վերանկախացած Հայաստանի առաջին վարչակարգին դէմ, եւս, դեռ աւելի՛ հեռաւոր անցեալի մէջ է, որ արձակած ու ամրացուցած են իրենց յեղափոխական արմատները:
Արդարեւ, այդ նոյներին նախորդող մի քանի սերունդները, Հայոց Ազատագրական Շարժումին նուիրուած էին՝ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Ռուսական Կայսրութեան մէջ, անցնելով Պարսկաստանի իրենց խարիսխներէն՝ 1830-ական թուականներէն սկսեալ (հապճեպօրէն պիտակաւորել սիրողները, հիմա գոնէ կը հասկանան – թերեւս -, որ խօսքը մէկ կուսակցութեան մասին չէ, միայն…) : Եւ Հայոց Յեղափոխութեան այդ ակունքային հանքրուանը տեւեց, մինչեւ՝ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան նախնական գոյացումը: Յանգեցաւ, ծնունդ տուաւ՝ այս Հայաստանին:
Բայց ո՞ւր էին, հա՞, 2018-ի գարնան… Այն թուականին, երբ որ նոր սկսաւ Հայոց Պատմութիւնը, չէ՞…
Երեւի թէ՝ մօտ երկու հարիւր տարիների յեղափոխական ժառանգութիւն եւ գործունէութիւն ունեցող այդ հայորդիները, այնքան տպաւորուած էին, այնքան հիացած, շշմած, ու զմայլած էին՝ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ», որ պարզապէս… չուզեցին զայն խանգարել: Զսպուեցան, աւելորդ կերպով չխառնուելու համար այդպիսի զգլխիչ, այդ աստիճան նորաշունչ, գերարդիական, կատարելագործուած շարժումի մը: Քանզի յեղափոխական արուեստի – եւ նոյնիսկ գեղարուսետի – այդ յատուկ, գունաւոր խաղագիրքը, օտար պետութիւններու մթին ենթայարկերում խմբագրուած, գունագեղ playbook-ը (որ իսկապէս գծագրութիւններ ալ կը պարունակէ, նկատի առնելով հասցէատէրներուն մտային մակարդակը), ծանօթ չէր, մատչելի չէր, երկու դարերէ ի վեր յանուն Հայութեան եւ Հայաստանին յեղափոխական յանձնառութիւն ստանձնած այդ ժամանակավրէպ հայորդիներին, ափսոս…
Խնդալիք է: Իրապէս՝ նեղուելու, ջղայնանալու հանգրուանը անցած է արդէն:
Այլեւս կը մնայ միայն՝ դիտել, ու ծիծաղիլ… Լաւ, աւելի ճիշդ՝ ժպտիլ, քանի որ այդքան ալ սիրտ չկայ, ծիծաղելու: Եւ այսպէս ալ կ’ընթանայ ամէն բան, գոնէ յաջորդ երեք տարիները տակաւին… Բարի վայելում, «նոր» Հայաստանի «նոր» յեղափոխականներին…
Անոնց պարագային որոնք, Լիւնտիւն Պէյի ժամանակներուն, տակաւին չէին ծնած, դեռ հասկնալի է որ այս ամէնուն չգիտակցին… Չնայած, անոնք ալ կրնային քիչ մը տեղեկանալ, տարրական իրողութիւնների ծանօթանալ, իրենց զիրենք ամենագէտ եւ ամէնազօր կարծելէ առաջ… բայց ինչ անենք, այսպէս է հիմա, աշխարհը…
Սակայն անհասկնալին՝ յիսուն, վաթսուն տարեկան եւ նոյնիսկ անկէ մեծ մարդիկն են…
Ինչ որ է… Հիմա բոլորին համար, իրենք իրենց գլխին բերած՝ յաւելեալ խնդիրները, իրենց կը բաւէ արդէն… Կարող են դեռ խոշոր-խոշոր խօսքերով՝ քիչ մը եւս իրենք զիրենք խաբել, ծածկել ջանալ ցաւագին իրականութիւնը, սակայն այդ, տարիքով հասուն սերունդը մանաւանդ, այս կեանքում, մէյ մըն ալ չի տեսներ լոյսի նշոյլը անգամ՝ այս փակուղիին ծայրը… Կամ ալ, այդ կը հանդիսանայ միայն յաջորդ, դարձեալ դիմացէն սրընթաց եկող՝ շոգեկառքի մը առջեւի պլպլուն լոյսը: Որու վերջին տարբերակի պարագային, որու ընդառաջ վազեց նորէն ամբոխը, զիլ ճիչերով եւ գրկաբաց, այդ կեղծ լոյսով շլացած, գոնէ նոր ըլլար՝ այդ շոգեկառքը…