image

Ռիատի մէջ ընթացք առին՝ Ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները

Ռիատի մէջ ընթացք առին՝ Ռուս-ամերիկեան  բանակցութիւնները

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ մեկնարկած են ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները։

Կ՚ակնկալուի, որ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ առաջին հերթին ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերականգնման։ Բացի այդ, բանակցութիւններու ընթացքին պիտի շօշափուի ուքրանական կարգաւորման հարցը։

Ռուսական կողմը կը ներկայացնեն արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը եւ Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար Քիրիլ Տմիթրիեւը։ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան կազմին մէջ են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլցը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու առաջնորդի յատուկ բանագնաց Սթիւըն Ուիթքոֆը։

Բանակցութիւններուն ներկայ են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները։ 

Ուքրանական կողմը բանակցութիւններուն չի մասնակցիր։