Սուրբ Սարգիսը հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրած սուրբերէն է, որ իր որդի Մարտիրոսին եւ տասնչորս մարտիկներուն հետ նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէական հաւատքի:
Սուրբ Սարգիս Դ. դարուն ապրած յոյն զօրավար է, ծառայած է յանուն հռոմէական բանակին մէջ, պայքարած է յանուն քրիստոնէութեան, եկեղեցիներ կառուցած է, օգնած է կարիքաւորներուն եւ նահատակուած:
Սուրբ Յովհան Մանդակուի հայրապետ իր խմբագրած տօնացոյցին մէջ Սուրբ Սարգիսի տօնը սահմանած է Առաջաւորաց պահքին շաբաթ օրը:
Հայ ժողովուրդը Առաջաւորաց պահքը անուանած է Սուրբ Սարգիսի պահք:
Սուրբ Սարգիսի տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի յատկապէս երիտասարդներուն համար: Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Սուրբ Սարգիս շնորհաբաշխ է յատկապէս իր պահքը պահողներուն նկատմամբ: Երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:
Սուրբ Սարգիս սիրահարներու պահապան է, ճամբան վտանգի առջեւ գտնուողներու ապաւէն եւ արագահաս օգնական բոլոր նեղութիւններու առջեւ գտնուողներուն համար:
Սուրբ Սարգիսը իսկոյն եւ ինքնաբուխ կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք անակնկալ կերպով փորձութեան կ՛ենթարկուին:
Սուրբ Սարգիսին ուղղուած աղօթքներուն մէջ կ՛ըսուի. «Արագահա՛ս Սուրբ Սարգիս, դուն եղիր մեզի ապաւէն եւ օգնական»:
Մխիթար Գոշ վարդապետ կը յիշէ, որ Սուրբ Սարգիս զօրավարի աղօթքով գերութենէ ազատած են բոլոր անոնք, որոնք դիմած են Սուրբ Սարգիսի բարեխօսութեան: Այդ պատճառով ալ Սուրբ Սարգիս կոչուած է նաեւ գերեհան եւ գերեհաս:
* * *
Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող երկուշաբթի օրուընէ կը սկսի Առաջաւորաց պահքը եւ կը տեւէ հինգ օր:
Առաջաւորաց պահքը ինքնաքննութեան եւ ապաշխարութեան հնգօրեայ շրջան է: Ծոմապահութեամբ, պահեցողութեամբ, սնունդէ եւ մոլութիւններէ հրաժարելով, աղօթքով, խոկալով ու ապաշխարութեամբ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք Արարիչին հետ եւ մեր կեանքը կը մօտեցնենք Աստուծոյ:
* * *
Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ աղի բլիթ կ՛ուտեն եւ անոր հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը: Այդ գիշեր աղջիկներ փոխինդով լեցուած ամանները բակը կամ տանիքը կը դնեն, որպէսզի Սուրբ Սարգիս հրեշտակներու հետ անցնի եւ ամանին մէջ լեցուած փոխինդին վրայ իր ձիուն պայտին հետքը ձգէ: Այն անձը, որուն ամանին մէջ պայտին հետքը մնայ, այդ տարի կ՛իրականանայ անոր երազը:
Հայ ժողովուրդի պատկերացումով Սուրբ Սարգիս սպիտակ ձիաւոր է, քաջ ու համարձակ, որ` ընտանիքներու, սիրահարներու եւ նեղութեան մէջ գտնուողներու պահապան սուրբը ըլլալով հանդերձ, հայութեան ամէնօրեայ արագահաս եւ ամենահաս օգնականն ու ապաւէնն է, Հայաստան աշխարհի պահապան հսկիչը: Իր տօնին նախորդող ուրբաթ գիշերը ան իր սպիտակ հրեղէն ձիով կը սլանայ Հայկական լեռնաշխարհի վրայէն:
Ասպետ Մանճիկեան
Աղբիւրը` Ազդակ