image

Պայրամով. Փրակի խօսակցութիւնները ՝խաղաղութեան հիմք

Պայրամով. Փրակի խօսակցութիւնները ՝խաղաղութեան հիմք

Փրակի յայտարարութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի հիմք պիտի դառնայ։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը ռուս եւ հայ գործընկերներու հետ Աստանայի մէջ հանդիպումէն ետք։

Պայրամով հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ Պաքուն 2 հոկտեմբերին (Ժընեւի մէջ) Երեւանին յանձնած է խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական կէտերը եւ ներկայիս կը սպասէ հայկական կողմի պատասխանին։ Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական սկզբունքները յանձնուած են Հայաստանին դեռ ընթացիկ տարուան փետրուարին։

Անոր խօսքով՝ Փրակի մէջ Ատրպէյճան-Հայաստան-Ֆրանսա-ԵՄ քառակողմ հանդիպման ժամանակ Պաքուն եւ Երեւանը «յայտարարած են իրար տարածքային ամբողջականութիւնը փոխադարձ ընդունելու մասին, եւ այդ պիտի դառնայ խաղաղութեան պայմանագրի հիմքը»։

Ան նաեւ նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու գործնական աշխատանքը սկսելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանը «յստակ գործողութիւններու կողմնակից է հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման գործընթացի ծիրէն ներս, որու վերաբերեալ յանձնաժողովի երրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ առաջիկային»։