image

«Պիտի նայինք ապագային». Մայք Սարեանի մեծ նուէրը ՀՅԴ-ին

«Պիտի նայինք ապագային». Մայք Սարեանի մեծ նուէրը ՀՅԴ-ին

Ամերիկահայ Ազգային բարերար Մայք Սարեան մեծ նուիրատութիւն մը կատարած է ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Երկիր.ամ» կայքը տեղադրելով նաեւ այս առթիւ Մայք Սարեանի կարճ տեսաուղերձը։

Սարեան նշած է, որ միշտ ալ հմայուած եղած է ՀՅԴ-ի գործունէութեամբ եւ այդ կապը եղած է Լիբանանի մէջ իր մակութեան օրերէն սկսեալ։

Ան նաեւ յայտնած է, որ մեծ հաւատք կը տածէ կուսակցութեան հանդէպ եւ այդ առումով ալ յաջողութիւն մաղթած է կուսակցութեան 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն։

Նշենք, որ Սարեան 300.000 ամն տոլարի իշխանական նուիրատւութիւն մը կատարելով ապահոված պիտի ըլլայ Հայ Դատի կեդրոնատեղիի գնումը ՝ Պրիւքսէլի մէջ։

Մանրամասնութիւնները ՝ տեսանիւթով։