ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ 27 մարտին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնը տեղի ունեցաւ արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակախօս Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90 ամեակին նուիրուած ցերեկոյթ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը՝ նշելով, որ մեծանուն գրողին կը ճանաչնայ ու անոր գործունէութեան տեղեակ է դեռեւս 1980-ական թուականներէն: «Լինելով սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական՝ Թորոս Թորանեանը անգամ Խորհրդային Հայաստանի տարիներին մեծ անուն էր վայելում Հայրենիքում, ընդունուած ու սիրուած էր: Ուրախ եմ, որ երբեմնի դրախտային Հալէպը պատկերացրել եմ հենց Թորոս Թորանեանի կերպարով: Ծնուելով Հալէպում, եկաւ Հայաստան բժշկական կրթութիւն ստանալու, սակայն իր յետագայ կեանքն ու գործունէութիւնն ուղղեց մարդկանց հոգիների բուժմանը, նուիրուեց հայ համայնքին ու Հայ դատի արդարացի լուծմանը»,- նշեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ սիրիահայ մտաւորականը անցաւ աշխարհի միջօրեականներով, այցելեց Սփիւռքի հայ համայնքները, եւ ինչպէս ինքը ձեւակերպած է, հրաժարեցաւ «թափառ կեանքէն», իր ողջ գերդաստանով վերջին տարիներուն հաստատուեցաւ Հայաստան՝ վայելելով Հայրենիքի ջերմութիւնն ու սէրը:
Սփիւռքի մէջ հայանպաստ գործունէութեան, հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Թորոս Թորանեանին յանձնեց ՀՀ վարչապետի յուշամետալը:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ անգամ այս պատկառելի տարիքին գրող-հրապարակախօսը իր գրիչը վար չի դրած, կը շարունակէ իր աւանդը ունենալ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման գործին մէջ:
ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտէկեանը կարեւորեց Թորոս Թորանեանի գործունէութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ՝ որպէս երկարամեայ անդամ, եւ պարգեւատրեց միութեան յուշանուէրով:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեանը, յայտնի գրականագէտներ, արձակագիրներ: Ընթերցուեցան հատուածներ գրողի ստեղծագործութիւններէն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ Թորոս Թորանեանը նշեց, որ իր ամբողջ կեանքի, գրական ստեղծագործութեան առանցքը եղած է Հայրենիքը, եւ եթէ հնարաւորութիւն ունենար նորէն լոյս աշխարհ գալու, կը ցանկանար ծնիլ եւ ապրիլ միայն Հայաստանի մէջ: