image

ՀՀ-ն պէտք է ցոյց տայ իր իրական հաւատարմութիւնը արդարութեան եւ խաղաղութեան՝ «պատժելով բոլոր ռազմական յանցագործները». Ալիեւի օգնական

ՀՀ-ն պէտք է ցոյց տայ իր իրական հաւատարմութիւնը արդարութեան եւ  խաղաղութեան՝ «պատժելով բոլոր ռազմական յանցագործները». Ալիեւի օգնական

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը կրկնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ «ռազմական յանցագործութիւններու համար պատասխանատուները» պատժելու մասին։

«Հայաստանը պէտք է ցոյց տայ իր իրական հաւատարմութիւնը արդարութեան եւ յետբախումային խաղաղութեան՝ ճանչնալով իր պետական պատասխանատւութիւնն այդ բոլոր յանցագործութիւններու համար, եւ պատշաճ կերպով հետաքննէ ու պատժէ բոլոր ռազմական յանցագործները»,– յայտարարած է ան։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ Ալիեւը, յայտարարելով, որ եթէ Հայաստանը խաղաղութիւն կ՚ուզէ, «պէտք» է պատժէ «ատրպէյճանցիներու դէմ վայրագութիւններ» իրականացնողները: