image

ՀՀ Կեդրոնական Պանքը երկու նոր յուշադրամ շրջանառութեան հանած է

ՀՀ Կեդրոնական Պանքը երկու նոր յուշադրամ շրջանառութեան հանած է

ՀՀ Կենդոնական Պանքը 26 դեկտեմբերէն շրջանառութեան հանած է «Պոստոնի լաբիրինթոս» եւ «Վաալսի լաբիրինթոս» արծաթէ յուշադրամները:

«Պոստոնի լաբիրինթոս» յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է ՀՀ զինանշանը:
Զինանշանին տակը յուշադրամի անուանական արժէքն է` «DRAM 5000 ԴՐԱՄ» եւ յուշադրամին թողարկման տարեթիւը` «2016»: Փոքր շրջագիծով մակագրուած է «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ» եւ «REPUBLIC OF ARMENIA»:
Յուշադրամին կեդրոնը պատկերուած են Պոստոնի «Հայկական ժառանգութեան այգի» լաբիրինթոսը, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած ներգաղթեալներու պատուին կանգնեցուած յուշարձանը եւ քաղաքի համայնապատկերը: Շրջագիծով «BOSTON USA», «ԱՄՆ ԲՈՍՏՈՆ» մակագրութիւններն են եւ ազգային զարդանախշ:

Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած է Պոստոնի «Հայկական ժառանգութեան այգի» լաբիրինթոսի գծապատկերը, կեդրոնը՝ յաւերժութեան նշանը: Շրջագիծով «LABYRINTHS OF THE WORLD», «ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱԲԻՐԻՆԹՈՍՆԵՐԸ» մակագրութիւններն են:
Յուշադրամը կը պարունակէ գնդակ, որ կը տեղաշարժուի լաբիրինթոսի ճանապարհներով:
Տեխնիկական չափանիշները.- անուանական արժէքը` 5000 դրամ, մետաղը եւ յարգը՝ արծաթ 925, կշիռքը՝ 62,2կ., ձեւը՝ անհատական, որակը՝ բրուֆ, դրամաշուրթը՝ հարթ, տպաքանակը՝ մինչեւ 2000 հատ։ Յուշադրամը հատուած է Լիթուանիոյ դրամահատարանին մէջ:
«Վաալսի լաբիրինթոս» յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է ՀՀ զինանշանը: Զինանշանին տակը յուշադրամի անուանական արժէքն է` «DRAM 5000 ԴՐԱՄ» եւ յուշադրամի թողարկման տարեթիւը` «2016»: Փոքր շրջագիծով մակագրուած է «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ» եւ «REPUBLIC OF ARMENIA»: Յուշադրամին կեդրոնը պատկերուած է Վաալսի «Երեք երկիրներու սահմանակէտ» լաբիրինթոսը, իսկ ներքեւի հատուածին՝ Պելճիքայի, Նիտըրլանտի եւ Գերմանիօյ սահմաններու հատումը խորհրդանշող յուշարձանը:
Շրջագիծով «VAALS NETHERLANDS», «ՆԻԴԵՌԼԱՆԴՆԵՐ ՎԱԱԼՍ» մակագրութիւններն են եւ ազգային զարդանախշ: Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած է Վաալսի «Երեք երկիրներու սահմանակէտ» լաբիրինթոսի գծապատկերը, դիտակէտը՝ կեդրոնը: Շրջագիծով «LABYRINTHS OF THE WORLD», «ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱԲԻՐԻՆԹՈՍՆԵՐԸ» մակագրութիւններն են: Յուշադրամը կը պարունակէ գնդակ, որ կը տեղաշարժուի լաբիրինթոսի ճանապարհներով:
Տեխնիկական չափանիշները.- անուանական արժէքը՝ 5000 դրամ, մետաղը եւ յարգը՝ արծաթ 925, կշիռքը՝ 62,2կ., ձեւը՝ անհատական, որակը՝ բրուֆ, դրամաշուրթը՝ հարթ, տպաքանակը՝ մինչեւ 1500 հատ։
Յուշադրամը հատուած է Լիթուանիոյ դրամահատարանին մէջ: