1988 թուականի 27-29 փետրուարին Սումկայիթի մէջ իրականացուած հայերու ջարդերու տարելիցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ու Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներն այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղկեպսակ դրած են եւ ծաղիկներ խոնարհեցուցած Ատրպէյճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ատրպէյճանական կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարերուն: