image

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն (3). Չաշըր

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն (3). Չաշըր

Հետաքրքրական բոյսեր Քեսապէն

3.- ՉԱՇԸՐ — Apiaceae/նեխուրազգիներու ընտանիքին պատկանող ferula communis, թրքերէն՝ çakşır otu, արաբերէն ՝ զալլուղ։ Բոյսը կը գտնուի Կասիոս լեռան հարաւային բարձրադիր լանջերուն վրայ։  Ամռան կը չորնայ ու գարնան ետ կ՛աճի նոյն տեղը։ Կ’երեւի քարքարոտ վայրերու մէջ կամ ուղղակի ժայռերու ծերպերուն մէջ։ Կ’ըլլայ երկու տեսակ՝ մատակ ու որձ։ Թուփը նոյնն է, ոստերը կը ճիւղաւորուին ու կը ծածկուին սամիթի նմանող մանրատերեւներով։  Մատակին արմատը երկճղի է, իսկ որձին արմատը մէկ է ու կրնայ հասնիլ մինչեւ մէկուկէս մեթր խորութեան, եթէ ծերպը խոր է։ Արմատի հիւթը ճերմակ է, խէժոտ։ Որձը կ’ունենայ մինչեւ մէկուկէս մեթր բարձրացող ծաղկացօղուն եւ բազմաթիւ դեղին գնդաձեւ ծաղկաբոյլեր. իւրաքանչիւր ծաղկաբոյլի կոթունը ունի կոթունը գրկող ծաղկատերեւ։ Մեղուն կը նստի վրան․ մեղրը փնտռուած է։ Ծաղկաթափումէն ետք  գլուխը կը ծածկուի սերմերը պարունակող պարկուճներով։ 

   

Յունական դիցաբանութեան մէջ անզուսպ առնականութիւնը Զեւս աստուծոյ յատկանիշն է։ Զեւսի բնակավայրը Կասիոս լեռն է, հոն կը գտնուէր իր տաճարը, որուն վրայ կառուցուած է քրիստոնէական տաճար, որ Անտիոքի շրջանի հայոց Վարդավառի համաժողրդական ուխտագնացութեան վայրն է՝ Պարլամի վանքը՝ Պալլումը։  Զեւսը բազմաթիւ  կիներ ունէր ու բազմաթիւ զաւակներ, հողին թափած անոր սերմահեղուկի շփումով առաջացած յղացումէ ծնունդ եւ այլն:  Բոյսը սեռական բուսաբու¬ժութեան մէջ կը գործածուի մածուկի, իւղի, փոշիի եւ արմատի  տեսքով: Թէյը կը պատրաստուի արմատէն կամ անոր փոշիէն։  

1939-ն սահմանագծումէն առաջ Կասիոս մինչեւ անոր հիւսիսային լանջերը Քեսապի հայոց լեռն էր, հոն էին հայոց արօտվայրերը, ագարակներն ու արտերը։ Ապրիլի 15 – Օգոստոս 15 խաշնարածները այծերու հօտերը կը պահէին այս բարձր լեռնալանջերուն վրայ, հոն կը զարնէին ալաչոխ կամ ուպա, որ հովուական վրաններու ամբողջութիւնն է: Հինգ-վեց հովիւ, երբեմն աւելի, նոյն տեղը ալաչոխ կը զարնէին ու համագործակցաբար պանիր ու կարագ կը պատրաստէին: Բոլոր ամաններն ու խնոցիները հաւաքաբար կը գործածէին: Հովիւները կը հաւատային, որ այդ խոտը իբր նոխազներու առնականութիւնը գրգռող ու զօրացնող, իսկ այծերու կաթնատուութիւնն ու մսա¬տուութիւնը աւելցնող յատկութիւն ունի: Այս խոտին մասին զրոյցները այնքան շատ էին, որ հեռաւոր                                                                                                                     տեղերէ մարդիկ կու գային՝ անկէ ձեռք բերելու համար։

— Լեռէն զրկուեցանք, բազմազաւակ ընտանիք ալ չմնաց գիւղը,- կատակով կ՛ըսէր բարեկամ մը։

Զրոյցներու մէջ այնքան յիշատակուող այս բոյսը չէի տեսած, փնտռտուքներս իզուր կ՛անցնէին։ Յովհաննէս Լնդեան կը հաւաստացնէր, որ զայն կարելի է գտնել Քեսապի թիկունքի լեռան՝ Խարմանճոյի բարձրադիր վայրերուն մէջ, Թուրքիոյ կառուցած սահմանապատին առջեւ։ Առանց առաջնորդի հոն բարձրանալը թելադրելի չէր։  Միասին բարձրացանք. մեզի ընկերացաւ Խարմանճոյի մէջ տեղակայուած կայազօրին մէկ աստիճանաւորը։ Յովհաննէս կը հեռաձայնէր հօրեղբօրորդի Զարեհ Լնդեանին, գիտնալու համար, թէ ո՛ր բլուրին կամ ձորակին մօտենանք։ Ես ուշադիր կը քննէի տեղանքը՝ նոր բոյս մը գտնելու յոյսով։ Հոս այնքան շատ են վայրի տանձենին ու սնձենին։ Գտանք։ Օգոստոս էր, մատակ ըսուածին թուփը կարմրեր էր, իսկ որձը, ծաղկաթափ եղած, սերմի պարկուճներ բռնած էր։ Երկու տեսակէն ալ արմատներ վերցուցի։ 

Մեր թաղի մարդիկ իմացեր էին ու կը փորձէին ծիծաղիլ վրաս։

— Անհոգ եղէք, տղաք,- ըսի,- ահա ձեզի արմատը, տնկեցէք, աճեցուցէք, պէտք կրնայ գալ…

Կ՛իմանամ, որ դրացի Յովհաննէսին տնկած արմատներէն մէկը բռներ է, արդէն կանաչ թուփ է, բայց չի գիտեր՝ մատա՞կ է թէ որձ, կը վախնայ համտեսելու…

Յետագային՝ Ճորճ Կարպուշեան աւելի թարմ վիճակի մէջ հանդիպեր է բոյսին, ու  նկարներ հասցուց ինծի։ Շնորհակալութիւն։