«Ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակէն առանց նոր կորուստներու դուրս գալու հրամայականը քաղաքացիական պատերազմի վտանգէն խուսափումն ու ներքաղաքական հակասութիւններու յաղթահարումն է բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով։
Քաղաքացիական պատերազմը թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին մեծագոյն նուէրը ըլլալէ բացի, կործանարար կ'ըլլայ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ ողջ հայութեան համար։
Կ'ուզեմ յուսալ, որ ազգի ճակատագիրով մտահոգ կուսակցութիւնները, հասարակական-քաղաքական խումբերը, ուժային կառոյցները, մտաւորականութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս պատասխանատւութեան զգացում ունեցող բոլոր ուժերը կը գործադրեն իրենց ողջ ազդեցութիւնը, նման աղէտալի հեռանկարէ խուսափելու համար»։
Լեւոն Տէր Պետրոսեան
ՀՀ առաջին նախագահ