Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեան օրերս գրառւմ մը կատարած է վերջերս մահացած հայ ազգի բարեկամ ամերիկացի գործիչ Պոպ Տոլին մասին։
Սարեան մասնաւորապէս գրած է՝
98 Տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ սենաթոր Պոպ Տոլը։ Ան հայ ժողովուրդի լաւ բարեկամներէն էր։
Պոպ Տոլին հանդիպած եմ Փէնսիլվանիոյ մէջ 2004 թուին, երբ այնտեղ կը գորղէի, որպէս վարիչ առողջապահական համակարգէն ներս։
Սենաթորը նստած էր կողքիս նախագահ Պուշի վերընտրութեան համար տեղի ունեցող մեծ հաւաքի մը ընթացքին։ Ամբողջ երկու ժամ մենք կը խօսէինք հայութեան եւ հայկական խնդիրներուն մասին։ Աւելի ուշ խօսակցութեան ընթացքին Սենաթորէն իմացայ, որ իր սեփական բժիշկը հայազգի տօքթ. Քէլիքեանն էր։ Երկար տարիներ հայ բժիշկը իր ծառայութիւնները մատուցած էր Պոպ Տոլին, առանց փոխհատուցման եւ յարգելով անոր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ վիրաւորուած ըլլալու հանգամանքը։ Տօքթ. Քէլիքեանը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայորդի էր, այդպէս կուզէր իր երախտագիտութիւնը յայտնել Ամերիկային ու ամերիկացիներուն, որ զինք ընդունած ու արժանապատիւ տեղ ու առիթ տուած էին իրեն եւ իր նմաններուն։
Օրինակը իրապէս հրաշալի էր, եւ ցոյց կու տար այն փաստը, որ մենք հայերս ինչքան երախտապարտ ենք ու ինչքան նուիրուած այս երկրին Ամերիկային։Մենք հպարտ հայեր ենք, եւ միեւնոյն ժամանակ հպարտ են մեր երկրով՝ Ամերիկայով։
Թող Աստուած օրհնէ այս մոլորոակի վրայ ապրող բոլոր հայերը եւ լոյսերու մէջ պահէ հայասէր Սենաթոր ՝ Պոպ Տոլի հոգին։