Լիբանանեան լրատուամիջոցներն օրերս տարածած են հայուհի Լենա Գրիգոր Այվազեանի լուսանկարները՝ նշելով, որ վերջինս դրամաշորթութեան թակարդի մէջ ինկած է։ Ըստ «Ուայնիյէ ալ տաուլէ» լրատուական հարթակի, Լենան ու իր ամուսինը՝ Մազէն Մուհամմատ Հաուժը, որոշ գումարի դիմաց յոյս ունեցած են ապօրինի միջոցներով հասնիլ Իտալիա։
Ճամբորդութենէն ետք Լենայի հարազատները ստացած են լուսանկարներ, որոնց մէջ Լենան եւ ամուսինը մերկ են։ Ըստ Լենայի մերձաւորներու, վերջինս զոհ դարձած է դրամաշորթութեամբ եւ թրաֆիքինկով զբաղող խմբակի մը գործողութիւններու. յանցագործները լուսանկարները չհանրայնացնելու դիմաց հարազատներէն պահանջած են յաւելեալ 25.000 ԱՄՆ տոլար, որ այս օրերուն Լիբանանի մէջ մեծ գումար կը համարուի։
Լուրը տարածող հարթակները նաեւ ափսոսանք յայտնած են, թէ ինչպիսի բարդ վիճակի մէջ յայտնուած են լիբանանցիները, որոնք երկրի տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով ամէն գնով կը փորձեն լքել երկիրը։