image

«Հայոց պատմութիւն» առարկայի անուանումը փոխուեցաւ

«Հայոց պատմութիւն» առարկայի անուանումը փոխուեցաւ

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց «Հայոց Պատմութիւն» առարկան «Հայաստանի Պատմութիւն» անուանափոխելու որոշումը։

Որոշման նախագիծը ներկայացնելով ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարը պարզաբանեց՝ «Հայոց Պատմութեան» առարկայի անուանումը խնդրահարոյց կը թուի, քանի որ Հայք բառը գրաբարէն կը թարգմանուի Հայաստան, հայեր, բայց իրաւական պետութեան պատմութեան ներկայացման դասաւանդման գործընթացին մէջ լիարժէք չի փոխանցեր պետութեան գաղափարը։

«Ուստի առաջարկում ենք պատմութեան ուսուցումը իրականացնել «Հայաստանի Պատմութեան» անուան ներքոյ»,- կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ Ժաննա Անդրէասեանը։

Ըստ անոր՝ անուանումը պէտք է միտուած ըլլայ ՀՀ դիրքէն պատմական իրադարձութիւններու վերլուծութեան ու ներկայացման․ «Այդ իմաստով կը կարողանանք սովորողների համար աւելի տեսանելի ու համակարգային ներկայացնել պատմութիւնն ու ըմբռնելի դարձնել պետականութեան գաղափարը։ Սովորողը կը տեսնի պատմութեան ու պետութեան կապը՝ այդպէս պետութեանն ընկալելով որպէս պատմական դրուագների ու գործընթացների արդիւնք»։

Նախարարը շեշտեց, որ որոշման համար ուսումնասիրած են տարբեր երկիրներու եւ տարածաշրջանային փորձերը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգելով նկատեց, որ ռազմավարութեան հիմքին դրուած է պետականութիւնը, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

«Պէտք է արձանագրեմ, որ պետութիւնը բոլորովին ուրիշ մտածողութիւն է ու մշակոյթ, բոլորովին ուրիշ հայեցակէտ է, եւ պէտք է ուժ ունենանք՝ խոստովանելու, որ այդ մտածողութիւնը միշտ ու ամէնուր չէ, որ հասանելի է մեզ: Ո՞րն է տարբերութիւնը Հայոց Պատմութեան եւ Հայաստանի Պատմութեան․ Հայաստանի պատմութիւնը պետութեան գոյութեան զարգացման պատմութիւնն է՝ պետութեան չգոյութեան դրուագներով, իսկ Հայոց պատմութիւնը պետութեան չգոյութիւնն է՝ պետութեան գոյութեան դրուագներով։ Սա կարեւոր հայեցակարգային տրամաբանութիւն է»։

Ըստ վարչապետին՝ զգացումներու ժողովուրդէն պէտք է ապահովուի փոխակերպում դէպի պետական ժողովուրդ։

Անդրէասեանն ալ, իր հերթին, անդրադարձաւ անուանափոխութեան նկատմամբ հնչած քննադատութիւններուն․ «Որոշ շրջանակների մօտ տպաւորութիւն կայ, որ առարկան վերանուանելով՝ որեւէ բան դուրս ենք թողնելու, ու երեխաները չեն ուսումնասիրելու մեր պատմութեան ինչ-որ դրուագներ. բովանդակութեան կտորների դուրս թողման պնդումները կապ չունեն իրականութեան հետ»։