image

Ախթէրի. Մոռցուած անուն մը (Ներսէս Աւագ Քհնյ. Նշանեան)

Ախթէրի. Մոռցուած անուն մը (Ներսէս Աւագ Քհնյ. Նշանեան)

1929 թուականին Սելանիկի մէջ լոյս կը տեսնէ հայ աշուղ Ախթէրիի մասին գիրք մը՝ «Սազերգութիւն (Աշուղական ինքներգութիւններ)» խորագրով: Գիրքը տպագրութեան պատրաստած է օսմանահայ բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցը (երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հայրը):

Աշուղ Ախթէրիի աշխարհական անունը Յակոբ էր, մականունը՝ Նշանեան: Թէ ինչ յանգամանքներու մէջ ան դարձած է Ներսէս Քահանայ, այլ մանրամասնութիւններու հետ այդ ալ կը կարդանք Կառվարենցի պատրաստած գիրքին մէջ:

Ժամանակ մը Ախթէրի Պոլսոյ մէջ ատաղձագործութիւն կ՚ընէ, երբ կը հանդիպի հայազգի աշըք Միհրիին (Չմշկածագցի Ղուկաս): Թրքական աշուղութեան ասպարէզին մէջ մարզուելով եւ շնորհիւ իր բնատուր ձիրքերուն ու փափաքին, հետզհետէ յառաջդիմելով՝ Ախթէրի իր այդ երաժշտանունին կ՚արժանանայ: Ախթէրիի երաժշտական գործիքը սազն էր։ Ան կը ստեղծագործէր ինքներգութիւն ժանրին մէջ՝ թրքերէնով: Այս ժանրը լայն տարածում ունի աշուղական արուեստի մէջ, եւ բոլոր աշուղներն ալ իրենց մասին գրուած շատ երգեր կ՚ունենան:

Կառվարենցի կազմած գիրքին մէջ լոյս տեսած են աշուղ Ախթէրի երգերու բառերը, որ ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Քանի մը հատը Կառվարենց հայերէնի թարգմանած է:

Ո՞վ էր Ախթէրին, որ այսօր մոռցուած անուն մըն է: Այս տարի կը լրանայ անոր 165-ամեակը: Իր կենսագրութիւնը կը ներկայացնենք՝ քաղելով Գէորգ Կառվարենցի կազմած գիրքէն.

 

ԱԽԹԷՐԻ.
ՆԵՐՍԷՍ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՆՇԱՆԵԱՆ

Ախթէրի, իսկական անունով Յակոբ, ծնած է 1859-ին՝ Սիլիվրիի մէջ, որ ծննդավայրն է նաեւ Ռուբէն Սեւակի:

Ծնողքը՝ Տօնիկեան Նշան եւ Անթառամ, ունեցած են վեց զաւակներ, որոնցմէ չորրորդն է Յակոբը: Նախակրթութիւնը կ՚առնէ իր ծննդավայրին ազգային դպրոցը՝ Բարթիկ վարժապետին օրով: Կը կարդայ այբբենարան, հեգարան, սաղմոս, ժամագիրք, որոնք այն օրերուն ուսումնական ծրագիրը կը կազմէին: Տասնչորս տարեկանին կը մտնէ հօրը խանութը՝ հետեւելու համար գերդաստանական արհեստին, որ ատաղձագործութիւնն էր:

Ռուս-թրքական պատերազմի նախօրեակին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս: Հայրը առանձին խանութ մը կը բանայ Խասգիւղ Փիրի փաշա, իսկ ինքը, տասնվեց տարեկան պատանի, կ՚աշխատի «Շիրքէթ-ի Հայրիյէ»ի նաւաշինարանին մէջ, անգլիական տեսչութեան տակ, հինգ տարի: Յետոյ ալ, այլ եւ այլ վայրերու եւ արհեստանոցներու մէջ կը կատարելագործէ ատաղձագործութիւնը:

Այս շրջանին է, որ իր մէջ օրէ օր կ՚առկայծէ աշուղութեան սէրը: Այն օրերուն մայրաքաղաքի հաճոյքի եւ արուեստի գրեթէ միակ վայրերն էին սրճարաններն ու հրապարակները, ուր տեղացի թէ եկուոր, բազմաթիւ աշուղներ, հեքիաթասացներ եւ գարակէօզներ՝ իրենց անձերն ու տաղանդին գանձերը կը ցուցադրէին մեծ ոգեւորութեամբ:

Ուստա Յակոբ, թաղէ թաղ ու գինետունէ գինետուն կը հետեւի մանաւանդ այն աշուղներուն, որոնց մասին շատ կը խօսուէր:

Այդ օրերուն է, որ կը ծանօթանայ, կ՚աշակերտէ եւ կ՚ընկերակցի վաղամեռիկ ու մեծատաղանդ աշուղ Նամիի (հայ), կ՚աշակերտէ Միհրիի (Չմշկածագցի Ղուկաս):

Աշուղական արուեստի պահանջներուն ու կանոններուն կը ծանօթանայ մասնաւորապէս Միհրիէն: Բայց մեծապէս կ՚օգտուի նաեւ Նամիի ուսուցիչ Սէրվէրի պապայէն եւ թոփգաբուցի տէրվիշ Համբարէն: Վերջինս թէ՛ աշուղ էր եւ թէ՛ իր ժամանակին անուանի ու ամենաճարտար ճատրակ խաղացողը:

Ինք արդէն բաւական լաւ կը նուագէր սազն ու սանթուրը: Եւ ոչ միայն կը նուագէր, այլ ի՛նքը անձամբ կը շինէր երաժշտական այդ գործիքները:

Շրջուն երգիչներու այն ատենուայ ժամադրավայրերը շատ էին: Հետաքրքրութեան համար կը բաւէ յիշել միայն Հաճի Ծերունի սրճարանը (Խասգիւղ), Կիւլպէսէրին գինետունը (Թոփգաբու), Րէիս Հեթումի սրճարանը (Նարլըգաբու), Պըյըք Մովսէսի գինետունը (Պալաթ), ուր աշուղներու շքախումբ մը, յաճախ մուամմա (բառահանելուկի ժանրի գրական գործ) կը կախէր, կ՚երգէր ու կը նուագէր, կը խմէր, կը ծխէր, կ՚արբենար մինչեւ լոյս:

Այս ցայգազուարճ խրախճանութեանց ու համերգներուն, հոգւով, մարմնով մասնակից կ՚ըլլար միշտ նաեւ Ուստա Յակոբը, որ արդէն իսկ ստացած էր իր աշուղական մկրտութիւնը՝ Սէրվէրի պապային կողմէ, իր վարպետին՝ Աշըք Միհրիի հարեւանութեամբ, կոչուելով՝ Ախթէրի (Աստեղային), Պըյըք Մովսէսի գինետունը, ֆասըլի մը միջոցին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եպիսկոպոս մը կ՚անուանակոչէ իր ձեռնասունը, խունկով ու տաղով:

1884-ին իր ծննդավայրը կը վերադառնայ, կ՚այցելէ նաեւ Չորլու: Հոն կ՚ամուսնացնեն զինքը աւագերէց Տէր Ներսէս Քահանայի աղջկան՝ Սրբուհիին հետ, կ՚ըլլայ տունփեսայ: Ուստա Յակոբ իր արհեստին հետ միաժամանակ կը շարունակէ նաեւ աշուղութիւնը, այս անգամ բարեկամական շրջանակի մէջ ու հազուադէպօրէն միայն հրապարակաւ մուամմա կը կախէ, այն ալ յայտնի աշուղներու այցելութեան առիթով, ի պատիւ եկուոր երգիչին:

Ունեցած է չորս զաւակ, որոնցմէ 1930-ականներուն ողջ էին միայն երկուքը՝ Հայկը եւ Հայկուհին:

Տարիներու ընթացքին, սակայն, աշուղը իր մէջ տեղի կու տայ ընտանիքի եւ քահանայի փեսայ ըլլալու հանգամանքին: Մանաւանդ, երբ 1893-ին Սիլիվրիի հայութեան միահամուռ ջանքերով կ՚առաջարկուի իրեն քահանայ ձեռնադրուիլ իր ծննդավայրին մէջ, Յակոբ Նշանեան, վճռաբար ձեռք քաշելով աշուղներու աստանդական ու քիչ մըն ալ անհանդարտ կեանքէն, կը մեկնի Արմաշու Դպրեվանքը:

Եկեղեցական կարգ ու կանոններուն, երգեցողութեանց եւ կրօնական անհրաժեշտ ծանօթութեան կարգին, մեծ եռանդով ու աշխուժով կը սորվի նաեւ հայերէնը: Իր ուսուցիչը կ՚ըլլայ այնթապցի Յարութիւն Սարկաւագը՝ Բաբգէն Եպսկ. Կիւլէսէրեանը, որ յետոյ եղած է բանասէր, խմբագիր, Երուսաղէմի միաբան, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1928 թուականին ալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բաբգէն Ա.-ի աթոռակից-կաթողիկոս:

Ան Արմաշի մէջ իր ուշիմութեամբ ու կարգապահութեամբ սիրելին կը դառնայ համայն միաբանութեան, եւ 1894-ի սեպտեմբերին Վարագայ Խաչի տօնին օրը, քանահայ կը ձեռնադրուի, վանահայր Օրմանեան Սրբազանին կողմէ, իր ծննդավայրին՝ Ս. Գէորգ եկեղեցիին մէջ, Տէր Ներսէս անուամբ, անունով իր աներհօր, որուն, ինչպէս կ՚երեւի, շատ բան կը պարտի իր այս այլափոխման համար:

Հինգ տարի Սիլիվրի պաշտօնավարելէ յետոյ, կը հրաւիրուի Ադրիանուպոլիս, ուր կը մնայ մինչեւ հրդեհը, ուրկէ, տուն ու տեղով հրկիզեալ, կ՚անցնի Կիւմիւլճինէ:

1909-ին պաշտօնով կը մեկնի Տէմոթիքա, ու կը գործէ աւելի քան տասներեք տարի: Իր քահանայութեան ամենաբեղուն շրջանը այդ կ՚ըլլայ: Հոն է, որ համաշխարհային պատերազմի միջոցին, գտնուելով հակամարտ երկիրներու սահմանագլուխին այնքան մօտ, հոգածութիւն ցոյց կու տայ հայ զինուորներուն: Սկիզբը՝ իր միջոցներով, իսկ յետոյ՝ կազմակերպութիւններու:

Զաւէն Պատրիարք, 1920 թուականի դեկտեմբերի 23-ին իր «օրհնաձայն կոնդակով» աւագութեան տիտղոս եւ «սեւայ ծաղկայ փիլոն» կրելու արտօնութիւն շնորհած է անոր:

1923-ին Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Նշանեան, հոգեւոր հովիւն էր Տէտէաղաճի հայ համայնքին: Հոս ալ Գէորգ Կառվարենց կը ծանօթանայ արդէն ծերունի հոգեւորականին, որ ինչպէս կը յիշատակէ անոր նուիրուած գիրքին մէջ՝ տակաւին շեշտ մը ունէր պահած հին օրերու զուարթախօսութենէն: Անոր մահուան թուականը նշուած չէ:

Կառվարենց կը նշէ, որ իր ժամանակին Ախթէրին, իբրեւ աշուղ, անծանօթ էր մեր ժողովուրդին: Այդ առիթով կը յիշէ, թէ որքան ցաւալի է, որ Ակեահիի, Տէհրիի, Սաիի, Սէրվէրիի, Պիտարիի, երգիծաբան Փէրուշանի եւ մանաւանդ Նամիի պէս իսկական տաղանդներ դատապարտուած են մոռացութեան, որովհետեւ անոնք թրքերէն են գրեր ու երգեր։

Կառվարենց համոզմունք կը յայտնէ, որ անոնք մերն են ու մեզի պիտի դառնան: «Անոնց բոլոր երգերուն մէջ կը թրթռայ նոյն հայկական սիրտը, նոյն կարօտը, նոյն ընդվզումը, յաճախ սիրոյ դիմակին տակ, ամէն կարգի զրկանքներու եւ բռնութեանց դէմ: Անոնց փայփայած եւ փայլեցուցած գոհարները լիովին կրնան զարդարել մեր բանաստեղծութեան թագը, բաւական է, որ ճարտար ու հարազատ ձեռքեր զանոնք արեւուն հանեն », կը գրէ Գէորգ Կառվարենց:

Գէորգ Կառվարենց նաեւ կը գրէ, որ Ախթէրին աշուղներուն խոնարհագոյններէն է գուցէ: Իր առաջին օրերու երգերէն շատերը կորսուած եւ մոռցուած են, ի՛ր իսկ անփութութեան երեսէն:

Կառվարենց գիրքին մէջ հրատարակած տասնեակ ինքներգութիւններու մեծ մասը իր վաղեմի համակիրներու շուրթերէն քաղած է: Կառվարենց նաեւ քանի մը երգ թարգմանած է հայերէնի եւ զետեղած գիրքին մէջ, աշխատած է կարելի եղածին չափով պահել հարազատութիւնը աշուղական բնագրին, երբեմն ներելի ազատութիւններ իւրացնելով՝ հեղինակին հետ գլուխ գլուխի: Կառվարենց կը գրէ, որ Ախթէրին մարդկային է, հայրական ու յեղափոխական, իսկ իր երգերը սիրոյ, երջանկութեան, խղճի, աշխարհիկ վայելքներու, հարստութեան եւ գիտութեան մասին են, զորս կարելի է երկու մասերու բաժնել՝ սիրային եւ բարոյա-խրատական: «Այս երգիչը հինաւուրց սազերգու մըն է՝ տառապած ու յոգնած եւ հեռուներէն կու գայ… »:

 

ԳԷՈՐԳ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑ

Գէորգ Կառվարենցը առաջինն է, որ հանգամանօրէն գրած է աշուղ, հոգեւորական, գործիչ Ախթէրիի մասին: Ինք՝ Գէորգ Կառվարենց նոյնպէս նշանակալի ճանապարհ անցած է, եւ այսօր նոյնպէս մեր մոռցուած մտաւորականներու կարգին է:

Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան) իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Զմիւռնիոյ Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի Ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որու ընթացքը աւարտած է 1908 թուականին։

Մինչեւ Առաջին աշխարհամարտը (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սէմէրճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ՚ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, իսկ զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «Ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922 թուականին կ՚անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Հայ գաղթականներուն եւ որբերուն հետ Քերքիրա կը հասնի։ Մաս կը կազմէ «Հայ համայնքին մարմին»ի՝ 1922 թուականի աշնան ստեղծուած խուրհուրդի դիւանին իբրեւ ատենադպիր։ Ութ ամսուան համար տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Լորտ Մէյորս հիմնարկին Քերքիրայի որբանոցին, միաժամանակ հայերէն եւ հայկական երաժշտութիւն կը դասաւանդէ հայ որբերուն։ 1923 թուականի մայիսին Նշան Պէշիկթաշլեանին հետ Քերքիրայի «Փուիքլիոն» թատրոնին մէջ կը բեմադրեն եւ հայ գաղթականներու հոծ ներկայութեան կը ներկայացնեն Երուանդ Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղա» թատերախաղը․ դերակատարները կ՚ըլլան թատերասէր հայ գաղթականներէն եւ որբերէն օրիորդներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը հետեւին վերոնշեալ երկու հայ ուսուցիչներուն ուղղութիւններուն։

Քերքիրայէն ետք, կ՚անցնի յաջորդաբար Սելանիկ եւ Աթէնք։ Երկու քաղաքներուն մէջ կը զբաղի հայ համայնքներուն աշխատանքներով եւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսուցչութեամբ։

1930-ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։

Երկրորդ աշխարհամարտի անստոյգ օրերուն, 1942 թուականին Աւստրիոյ ճանապարհով Իտալիա անցած է, նախ՝ Վենետիկ, իսկ 1943 թուականին՝ Միլանօ, ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 1946 թուականի սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ: Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913 թուականին՝ «Ծովեր» անունով։ 1921 թուականին՝ «Գերեզմանի ծաղիկներ» ու 1931 թուականին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ:

Մասնագէտներ կը նկատեն, որ քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաեւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան:

 

ՍԱԶԸ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ

Սազ լարային-կսմիթային նուագարանը հին ծագում ունի: Տարածուած է Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Տանձաձեւ իրանը (թթենիէ կամ ընկուզենիէ) ծածկուած է բարակ կափարիչով, որու վրայ կան ձայնադարձիչ անցքեր, կոթին զետեղուած են փարդաներ։

Լարերը մետաղեայ՝ բաժնուած են երեք կամ չորս երկանդամ կամ եռանդամ խումբերու։ Առաջին խումբը մեղեդիական նշանակութիւն ունի, երկրորդը՝ ձայնառութեան, երրորդը՝ լրացուցիչ ներդաշնակային, մաս մըն ալ մեղեդիական։

Կը նուագեն ոսկրեայ կամ եղջիւրեայ կնտնտոցով՝ հարուածելով բոլոր լարերուն միաժամանակ, ուստի մեղեդին շարունակ կ՚ուղեկցուի ներդաշնակային գունեղ հնչումով։ Կշռոյթը զնգուն է, բայց՝ փափուկ։

Հայաստանի մէջ սազը ընդհանրապէս աշուղական նուագարան է: Իր երգեցողութեանը սազով նուագակցած է, օրինակ Շիրինը։ Սազերու ունիսոն խումբը կիրառուած է հայկական ժողովրդական երգի ու պարի պետական համոյթին մէջ (մինչեւ 1957 թուականը)։

«Սազը պատէն կախել» արտայայտութիւնը հայերու համար զուարճութիւններէն հրաժարումն էր՝ ծերութեան պատճառով՝ «Ծերացած է, սազը պատէն կախ տուած է»…

Սազը յիշատակուած է «Սասունցի Դաւիթ» էպոսին մէջ եւ այսօր ալ, իբրեւ մոռցուած գործիք, վերարժեւորուած է:

 

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...