ԱՄՆ դեսպան Լին Թրեյսի կանչուած է ՌԴ ԱԳՆ, ուր անոր խիստ նկատողութիւն ուղղած են՝ Սեւաստոպոլի վրայ երեկուայ յարձակման խնդրին առնչութեամբ, ինչպէս որ յայտարարած է ՌԴ ՊՆ-ն, Ուքրանիոյ զինուած ուժերը՝ իրականացուցած էին, օգտագործելով ամերիկեան հեռահար ATACMS հրթիռներ։
«Ընդգծուեր է, որ Ռուսաստանի դէմ հիպրիտային պատերազմ մղող yv փաստացի հակամարտութեան կողմ դարձած ԱՄՆ-ն, Ուքրանիայի զինուած ուժերուն մատակարարելով ամենաժամանակակից սպառազինութիւնը, երէկ՝ Սեւաստոպոլի բնակիչներուն դէմ կիրառուած ATACMS հրթիռները, որոնց թիրախի սահմանումն ու թռիչքային նպատակներու ներդրումն կ’իրականացնեն ամերիկացի ռազմական մասնագէտները, այս յանցագործութեան համար հաւասար պատասխանատուութիւն կը կրէ Քիէւի ռեժիմի հետ», - կ’ըսէ ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Մոսկուան նաեւ յայտարարած է, որ նման գործողութիւնները «անպատիժ չեն մնար»։
Նշենք, որ երէկ Սեւաստոպոլի Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրթիռային յարձակման հետեւանքով զոհուեր է չորս մարդ, ներառեալ երկու երեխայ, եւ աւելի քան 120 վիրավոր, կը յայտնեն քաղաքային իշխանութիւնները։
ՌԴ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ վիրաւորուած է 124 մարդ։ Վիրաւորներուն մէջ, ՌԴ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, կայ 27 երեխայ։
ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ յարձակումը իրականացուած է մարտավարական հրթիռներու կիրառկմամբ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Սեւաստոպոլի արձակուած հրթիռներու չորսը յաջողած են հարուածել։
«Եւս մէկ հրթիռ, վերջին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հետեւանքով, շեղած են թռիչքի գիծէն, եւ անոր մարտագլխիկը պայթած է օդին մէջ՝ քաղաքի տարածքին», - ըսած է Սեւաստոպոլի ղեկավար Միխայիլ Ռազվոզժաեւը:
Կը հաղորդուի, որ պայթումին հետեւանքով հրթիռի բեկորները ինկած են մարդաշատ քաղաքի ծովեզերքը:
Սեւաստոպոլի 24 Յունիսը սուգի օր յայտարարուած է։ Ջնջուած են բոլոր մշակութային, մարզական եւ այլ հանրային միջոցառումները։ Ինչպէս նաեւ հեռուստատեսիլի եւ ձայնասփիւրի ժամանցային հաղորդումները:
ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեր է, որ հրթիռային հարուածի յանցաւորը Ուաշինկթոնն է Ուքրանիոյ հետ միասին։