image

Միշտ պիտի պաշտեմ քեզ, իմ եղբայր. Գօգօ Հայիթեանը իր եղբօր մասին

Միշտ պիտի պաշտեմ քեզ, իմ եղբայր. Գօգօ Հայիթեանը իր եղբօր մասին

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մեր հայրենակից՝ Վահէ Հայիթեանը։ 

Այս տխուր առթիւ հանգուցեալի եղբայրը՝ Գօգօ Հայիթեան, կարճ գրառում մը կատարած է։

 Կը ներկայացնենք  այդ գրառումը՝

Հանգչիր խաղաղութեամբ։ Միշտ պիտի պաշտեմ քեզ, սիրելի եղբայրս՝ Վահէ։ Սիրով կը յիշեմ բոլոր զուարճալի յիշողութիւնները, որոնք մենք ստեղծեր ենք մեր պատանեկութեան տարիներուն, ու մեզ տեղափոխեր են չափահաս կեանք. կը յիշեմ քու դրական եւ համարձակ մօտեցումը կեանքին: Հրաժարեցար յանձնուիլ եւ պայքարեցար մինչեւ վերջ։ Դուն յաւերժ կը մնաս իմ հերոսը։

Մահը գուցէ խլեց քեզ ինձմէ, բայց դուն միշտ կենդանի կը մնաս իմ սրտի մէջ: կը կարօտնամ քեզ, եւ կեանքը նոյնը չըլլար առանց մեր գիշերուայ հեռախօսային զրոյցներու , ուր կը ստիպէիր անյագ ծիծաղ յառաջացնել։

Անսահման կը սիրեմ քեզ, իմ կրտսեր եղբայր:

Թող վերջապէս խաղաղութիւն գտնէ հոգիդ, մղած երկար եւ դժնդակ մարտէն ետք։🙏🥲