image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի մեծ առաջնորդ՝ Ուալիտ Պէք Ժոմպլաթի այցը՝ «Ճաշարան Արեւ» (Լուսանկար)

   Լիբանանցի մեծ առաջնորդ՝ Ուալիտ Պէք Ժոմպլաթի այցը՝ «Ճաշարան Արեւ» (Լուսանկար)

 Ժոմպլաթ քաղաքական հմուտ եւ առանցքային դէմք մը ըլլալէ բացի համեղ ուտելիքներու սիրահար է, իսկ Այնճար տուած անոր այցը մեծագոյն վկան են այդ իրականութեան։

Հայեր, ուր ալ գտնուին, յաջողած են իրենց ճակտի քրտինքով նուաճել անասելի բարձունքներ եւ բնիկ Մուսալեռցի Յովիկ Զէյթլեանը անոնցմէ մին է։

 

Օրերս «Ալ Ատհայի» տօնական օրերու արձակուրդէն օգտուելով Լիբանանի եւ առհասարակ տիւրզիներու առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ այցելութիւն տուած եւ ճաշած է Այնճար հայաւանի անզուգական «Արեւ» ճաշարան։

Ժոմպլաթ, որուն ընկերակցած է նաեւ իր աւագ որդին՝ Թէյմուր ընդունուած է ճաշարանի տէր եւ տնօրէն՝ Տիար Յովիկ (Յովհաննէս) Զէյթլեանին կողմէ։

Հայկական յայտնի հիւրասիրութեան օճախ հանդիսաող «Արեւ» ճաշարանը ունի երկար տարիներու պատմութիւն եւ անցեալ ու անոր գովքն ու հռչակը հասած են մինչեւ հեռաւոր ոստաններ։

Ի դէպ Ժոմպլաթ սիրահարն է հայկական ուտելիքներուն եւ պատառին ու ան տարբեր առիթներով (մինչեւ վերջերս) այցելութիւններ կու տայ  լիբանանահայութեան համար հանրայայտ  վայր հանդիսացող «Քամ պէք Վարուժ» անունը կրող ճաշարանը։

Ժոմպլաթ քաղաքական հմուտ եւ առանցքային դէմք մը ըլլալէ բացի համեղ ուտելիքներու սիրահար է, իսկ Այնճար տուած անոր այցը մեծագոյն վկան են այդ իրականութեան։

Հայեր, ուր ալ գտնուին, յաջողած են իրենց ճակտի քրտինքով նուաճել անասելի բարձունքներ եւ բնիկ Մուսալեռցի Յովիկ Զէյթլեանը անոնցմէ մին է։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը