Ձեռամբ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, օրերս, Պուրճ Համուտի «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» Հայ Կաթողիկէ Թեմին Օգնական Եպիսկոպոսին Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ.Վ. Պաղտասարեանի Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն, որուն հրապարակած մանրամասն լրատւութիւնը կու տանք ստորեւ՝
Շաբաթ, 15 Յունիս 2024, կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Պուրճ-Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի «Նարեկի Տիրամայր» կաթողիկէ հայոց թեմին օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Բարսեղ Մանուէլ Ծ. Վ. Պաղտասարեանի Եպիսկոպոսական օծումը, ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս-Պատրիարքին։ Ձեռնադրակիցներն էին Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի «Նարեկի Տիրամայր» թեմին առաջնորդ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Ֆրանսայի «Սուրբ Խաչ» հայ կաթողիկէ թեմին վաստակաւոր առաջնորդ Արհի. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրաքի հայ կաթողիկէ թեմին առաջնորդ Արհի. Տ. Ներսէս Արքեպս. Զապարեան, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմին Պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս.Ասատուրեան, Պէյրութի պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Արհի. Տ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, Պէյրութի թեմին Պատրիարքական Փոխանորդ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ ու Զմմառու Վանքին Մեծաւոր Գերպծ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ Նորատունկեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին կղերական դասէն վարդապետներ ու քահանաներ:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մօտ Առաքելական Նուիրակը` Արհի. Փաոլօ Արքեպս. Պորճա, Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչը` Լիբանանի հայ առաքելական թեմին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արքեպս. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միութեան ներկայացուցիչը՝ Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեան, քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական, կուսակցական, քաղաքապետական ու միութենական ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Նորօծ եպիսկոպոսին ուղղուած Քահանայապետական Կոնդակն ու Հայրապետական Կոնդակը կարդացին Առաքելական Նուիրակը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի «Նարեկի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ թեմի Վիճակաւորը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց այս եպիսկոպոսական օծումին առիթով: Սուրբգրային ընթերցուածէն ներշնչուելով՝ ան յորդորեց, որ ուրախութեամբ եւ եղբայրութեամբ շարունակենք Քրիստոսի առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին՝ նորօծ եպիսկոպոսը իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, անդրադառնալով Պուրճ- Համմուտի հոգեւոր եւ ազգային կարեւորագոյն արժէքին ամբողջ սփիւռքահայութեան համար ու յայտնելով, թէ իր առաքելութեան բնաբանը պիտի ըլլայ. «Յիսուս, Քեզի կը վստահիմ»:
Յիշենք, որ ձեռնադրութեան առաջին մասը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Յունիս 2024-ին, կէսօր ետք, ժամը 12.30-ին, Զմմառու վանքին «Վերափոխեալ Տիրամայր» եկեղեցիին մէջ:
Նշենք, որ Կիրակի, 16 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Զմմառու միաբան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» հայ կաթողիկէ թեմին օգնական նորօծ եպիսկոպոս Արհի. Հ. Բարսեղ Եպս. Պաղտասարեան, եպիսկոպոսական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց Զալքայի «Ս. Խաչ» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Գեր. Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանի եւ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի։
Սուրբ Զոհին աւարտին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միանութեան անունով նորօծ եպիսկոպոսին Պատարագի սկիհ նուիրեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր՝ Գերպծռ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան։