image

Պելժիոյ Կերարտսպերկեն քաղաքին մէջ նորաստեղծ համայնք. Տեղի ունեցած է ծխական ընդհանուր ժողով

 Պելժիոյ Կերարտսպերկեն քաղաքին մէջ  նորաստեղծ համայնք. Տեղի ունեցած է ծխական ընդհանուր ժողով

 Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան իր պատգամին  մէջ ոչ միայն օրհնած է  ծխական խորհրդի ընտրութիւններու այս նշանակալի իրադարձութիւնը, այլեւ անգամ մը եւս ընդգած մեր միասնականութիւնն ու հաւատքի ամրապնդումի կարեւորութիւնը։

Փետրուարի 22-ին Պելժիոյ Կերարտսպերկեն քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցական նորաստեղծ համայնքին մէջ տեղի ունեցան ծխական ընդհանուր ժողով եւ ծխական խորհուրդի ընտրութիւններ՝ օրհնութեամբ եւ Նախագահութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի  Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ ներկայութեամբ համայնքի Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբեղայ Պեսքիսիզեանի։ 

Ընտրական գործընթացին մասնակցած են  53 անդամներ, որոնց քուէարկութեան արդիւնքին 10 թեկնածուներէն 5-ը ընտրուած են, իսկ 2-ը նշանակուած որպէս պահեստային անդամներ։ Անդամները ընտրուած են   2 տարուան ժամկէտով։

Ընտրութիւնները տեղի ունեցած են Խաժակ Սրբազանի բարձր հովանիի ներքոյ՝ ապահովելով արդար, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական ընթացակարգ։ 

Ընտրութենէն ետք Գերշ. Սրբազան Հայրը շնորհաւորած է  ընտրուած անդամները  եւ անոնց հետ ժողով գումարած՝ որպէսզի փակ քուէարկութեամբ ընտրեն Ատենապետին։ Ատենապետ ընտրուած է Վարդգէս Մարգարեան։ 

 Յաջորդ օրը՝ փետրուարի 23-ին, Կերարտսպերկենի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ Պատարագ՝ Հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Խաժակ Սրբազանի։ 

Սրբազան Հայրը իր պատգամին  մէջ ոչ միայն օրհնած է  ծխական խորհրդի ընտրութիւններու այս նշանակալի իրադարձութիւնը, այլեւ անգամ մը եւս ընդգած մեր միասնականութիւնն ու հաւատքի ամրապնդումի կարեւորութիւնը։

 

 

 Լուրը ՝ «Արեւելք»ի