image

Հայերէնը կը զուարճանայ (185)

Հայերէնը կը զուարճանայ (185)

«Ազդակ», 6/8/2024

***Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն... (էջ 1, յոգնակի):

***Միացեալ Նահանգներ կ’ուղարկէ...  (էջ 1, եզակի):

---Միացեալ Նահանգներու վերնատունը ա՛լ բոլորովին խռֆեր է եւ  չի յաջողիր որոշել, թէ ինք եզակի՞ է, թէ՞ յոգնակի է:

***Եւրոպական Միութիւն կ’ակնկալէ,  որ հայերը կը բանակցին...(էջ 1):

---Ակնկալել բայը իր նշանակութեան բերումով  իրմէ ետք կը պահանջէ ըղձական եղանակի բայ. օրինակ՝ «կ’ակնկալենք, որ այցելէք», «կ’ակնկալէի, որ վերադառնայիր», «ակնկալեց, որ մրցանակը ստանար» եւ այլն. ասոնք բոլորը ակնկալութեան, մաղթանքի, ըղձանքի, ցանկութեան ծիրէն ներս կը գտնուին. իրական տեղի ունեցած գործողութիւններ չեն այցելելեը, վերադառնալը, ստանալը: Այս պատճառով ալ կը կիրակենք «ըղձական եղանակ» ըսուածը:

Մինչդեռ կը բանակցին-ը սահմանական եղանակի բայ է, իսկ այս եղանակը ցոյց կու տայ ստոյգ կատարուած,  կատարուող կամ կատարելի գործողութիւն. օրինակ՝

--Ի՞նչ կ’ընես ...  կ’ուտեմ (ինչպէս աչքովդ կը տեսնես), կը գրեմ (ինչպէս աչքովդ կը տեսնես): Նաեւ՝ կը խաղաս, կը խմէ, կը վազէր, կը զուարճանայինք, պիտի երգենք  եւ այլն:

Ուրեմն՝ «Եւրոպական Միութիւնը  կ’ակնկալէ, որ հայերը բանակցին»:

Տեղի ունեցածը ակնկալութիւն մըն է. կա՛մ կը բանակցին, կա՛մ չեն բանակցիր:

***Ամերիկան անոնց պիտի ստիպէ վերատեսութեան ենթարկելու   հաշիւները (էջ  8): 

---Մօտաւորապէս տասը անգամ յատուկ «Ազդակ»-ին, իսկ քսան անգամ  ալ հրապարակաւ գրած եմ, որ ստիպել բայը ներգործական է, հետեւաբար հայցական հոլով ուղիղ  խնդիր կ’առնէ. օրինակ՝ «Ան զիս ստիպեց, մենք զիրենք ստիպեցինք, դուն զայն պիտի ստիպես, ես զիրենք կը ստիպեմ, Թորոսը կը ստիպէ Մարկոսը, Մարկոսն ալ կը ստիպէ Կիրակոսը...»:

Որեւէ բառարան բանալով կրնաք հաստատել ստիպել բային ներգործակա-նութիւնը: Այսքանը յանձն առնելու պարտաւոր էք ձեր ընթերցողներու սիրոյն, Մեսրոպի սիրոյն, հայոց լեզուի սիրոյն, արժանապատիւ հայ ըլլալու սիրոյն, պարկեշտ լրագրող ըլլալու սիրոյն::

Ուրեմն ըսենք ՝ «Ամերիկան զանոնք  պիտի ստիպէ...»:

Զանոնք՝ հայցական: Անոնց՝ տրական:

 *   *   *

***Զիս տեղեակ պահեցին Արեւելքի... զարգացումներէն (7/8/24, էջ 1):

***Աղբիւրները լաւատեղեակ են  Թեհրանի  հանդիպումէն (8/8/2024, էջ 1):

Թերթիս քաղաքական էջին մնայուն նահատակներէն  մէկն ալ տեղեակ-տեղեկանալ  զոյգի սխալ խնդրառութիւնն է, որ սրբագրուելու ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ՝ հակառակ այն բոլոր ճիգերուն, որ թափած եմ՝ քանիցս անհատաբար դիմելով  անոր ամենագէտ հեղինակին եւ ամէն անգամ ալ արժանանալով  ամբողջական արհամարհանքի: Նոյնիսկ կրած եմ այն տպաւորութիւնը, թէ ամէն ակնարկութեանս  առթիւ  միւս  եւ յաջորդ օրերը, հաստատելու համար իր բացարձակ անկախութիւնը,   ան կը բազմապատկէ իր սխալ կիրարկութիւնները, որ ըսելու ձեւ մըն է, թէ՝

—Դո՞ւն մնացիր ինծի հայերէն սորվեցնող: 

*   *   *

Տեղեկանալ չէզոք  բայը եւ անոր  հիմքակազմիչ տեղեակ ածականը  հազարամեակներ շարունակ առած են  տրական հոլով խնդիր. օրինակ՝

-- ա)  «Նոր հայկազեան»

***  Իրաց պատերազմի տեղեակ:

***Տեղեակ եղեալ մերոյ անքակ միաբանութեան:             

բ)  Մալխասեան     

***Ես տեղեակ եմ նրա մտադրութեան:

***Տեղեկացաւ երկաթուղու բարդ գործին:  

գ)  Ակադեմիայի քառահատոր բառարան 

***Շատ կը ցանկանայի տեղեկանալ ձեր աշխատութեան:

***Մեզ անընդհատ  տեղեակ  պահեն հիւանդի վիճակին:         

դ) Յովհ. Թումանեան   

***Ու յաւիտեան  էլ մնացին քնած՝

Դաւին անտեղեակ, ցաւին անտարբեր... («Թմկաբերդի առումը», X,2):)

ե)Գուրգէն Մահարի

***[Քրոջս] խելագարեցրեց  հօրս մահուան խորհրդաւոր մանրամասնութիւններին տեղեակ լինելու կսկիծը («Մանկութիւն», 4):

զ) Գ. Զոհրապ

***«Ա՛լ տեղեակ է ամեն անցած-դարձածին» («Մամայիդ բարեւ ըրէ»):

է) Ե. Օտեան

***Այս ալ ոչ նուազ գայթակղութիւն կը պատճառէ խնդրին տեղեակ կուսակցականներուն  («Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս»):

ը) Շահան Շահնուր

***[Սոլժենիցին] տակաւին անտեղեակ իր վիճակի ծանրութեան՝ բարձրէն կը նայի  շրջապատին վրայ («Յառաջ», 24-26 փետրուար 1974):

թ) Ս. Վահագն

***Իրեն համար ես միշտ անտաշ էի՝ կենցաղագիտական  տարրական  օրէնքներուն անտեղեակ («Մատանիներ», էջ 49): 

Այս բոլոր օրինակներուն մէջ տրական հոլով խնդիրները ցոյց կու տան  տեղեկանալ բային ու տեղեակ ածականին  առարկան, այսինքն՝ այն իրողութիւնը, որուն կը տեղեկանայ  կամ տեղեակ կը դառնայ ենթական:       

 *    *   *     

Տրական հոլով խնդիրին կողքին՝ տեղեակ-տեղեկանալ զոյգը կրնայ առնել բացառական հոլով խնդիր մըն ալ, որ ցոյց կու տայ տեղեկութեան աղբիւրը, զայն հայթայթող  անձը կամ առարկան. օրինակ՝ 

--Հիւանդին  վիճակին (տրական) տեղեկացանք անոր բժիշկէն (բացառական):   

--Թերթերէն (բացառական հոլով) տեղեակ դարձաւ երկրին կացութեան (տրական):   

Եթէ այս օրինակներու տրականները վերածենք բացառականի,— ճի՛շդ ինչպէս կ’ընէ  քաղաքական էջիս անսխալական  հայագէտը,— ապա կ’ունենանք լեզուական հետեւեալ գոհարները.                                                                   

--Հիւանդին  վիճակէն տեղեկացանք անոր բժիշկէն :   

--Թերթերէն  տեղեակ դարձաւ երկրին կացութենէն:   

Եւ այսպիսի թխածոներով  ալ կը կրթեն ու կը կրթուին մեր լրագրողները, հայոց լեզուի ուսուցիչները, դպրոցականները, ընթերցողները, ընդհուպ... ապագայ հայերէնը:

Մրցոյթ 182.

***Յարմար շաղկապ մը դիր կէտերուն տեղ:

---Որքան ալ  ծանօթ ըլլայինք շրջանին, այսուհանդերձ շատ  բաներ անորոշ կը մնային մեզի:

***Կէտերուն տեղ է կամ են դիր:

---Իսրայէլի  վերջին արարքները այս լարուած շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցում  մըն են:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Սրբազանին աղօթքէն ու օրհնութիւնը ստանալէ  ետք ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ («Ապագայ», 15/4/2024):

---Ռուսական կողմը կը մտահոգուի, որ ԵՄ առաքելութիւնը մշտական կարգավիճակ ունենայ Հայաստանի մէջ:

***Կէտերուն տեղ կէտադրական ի՞նչ նշան կը դնես:

---Տէրտէր, վարդապետ, տիրացու, ժամկոչ՝   բոլորը մէկ տեսակի բաներ են (Քամար-Քաթիպա)։

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (5), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (6)

Մրցոյթ 183.

***Կէտերը փոխարինէ յարմար շաղկապով մը.

---Որքան ալ խեղճ ու չքաւոր ըլլար, ..........ամէն հանգանակութեան մասնակցած է ան:

***Վերաշարադրէ՛  բառային հետեւեալ խաժամուժները.

---Մեծ  է այն դերակատարների շրջանակը, որոնք  շահագրգռված են, որպեսզի Մերձավոր Արեւելքում չբռնկվի մեծ պատերազմ:

---Որովհետեւ գրողը հայ գիրին ծառայող գրիչով, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իր յղացման նորութեամբ եւ նրբութեամբ ընթերցողին մտքին առջեւ կը բանայ մտածելու եւ խոկալու առիթ:

***Վերաշարադասէ հետեւեալները՝ միաժամանակ ջնջելով աւելորդ յօդերը.

---Ռուսիան Ուքրանիա պատերազմ բերաւ եւ պէտք է իր կատարածին  հետեւանքները զգայ («Ազդակ», 10/8/2024, էջ 1):

---Շարք մը քայլեր որդեգրեցինք քաղաքայիններուն վնասը նուազեցնելու համար, եւ յարձակումին ընթացքին խելացի զէնքեր օգտագործուեցան (անդ, 12/8/2024, էջ 1):



Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com