«Արարատ»-ի յարգարժան բարեկամներուս՝
(Թիւ 17՝ յամի Տեառն 23/1/24)
Ինչո՞ւ լեզուական այս տխուր ու վհատեցուցիչ նահանջը...
--ինչպէ՞ս բացատրել,
--ինչպէս արդարացնել,
--ինչպէ՞ս մխիթարուիլ:
* * *
***Ապա կարելի կ’ըլլար երկիրը խնայել այսօրուան վտանգաւոր դրութենէն:
---Ապա կարելի կ’ըլլար երկրին խնայել այսօրուան վտանգաւոր կացութիւնը:
***Ապահովութեան ուժերը նաեւ ձերբակալեցին ընկերութեան սեփականատէրը:
---Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին նաեւ ընկերութեան սեփականատէրը:
Որ կը նշանակէ՝ «ապահովութեան ու ժերը ձերբակալեցին Թորոսը, Մարկոսն ու Պիղատոսը, ապա նաեւ... ընկերութեան սեփականատէրը»:
***Լարուածութիւնը յատկանշուած էր ռմբակոծումի փոխանակումով:
---Մարդկային պատմութեան մէջ չէ պատահած ու չի կրնար պատահիլ որ ռմբակոծում փոխանակեն... ռմբակոծումը չի փոխանակուիր. գնդակ չէ որ փոխանակեն. ան կը փոխադարձուի՝ դուն զիս կը ռմբակոծես, ես ալ փոխադարձաբար՝ քեզ:
***Նախարարութիւնը սակայն չյստակացուց, եթէ խօսքը կը վերաբերի 400 միլիոնին...
--- Եթէ (if, si) հայերէն չէ, անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի կոյր թարգմանութիւն է. մենք կ’ըսենք թէ. «Նախարարութիւնը չյստակացուց, թէ խօսքը կը վերաբերի 400 միլիոնին...»:
Բաղդատել՝
--I want to know if it will rain.
--Je veux savoir s’il va pleuvoir.
--Կ’ուզեմ գիտնալ, թէ պիտի անձրեւէ:
Ասոնք խորքին մէջ հարցական նախադասութիւններ են, նոյնիսկ եթէ հարցման նշանով չօժտենք այսպիսները:
Մեր գրողները շատ աւելի ճիշդ կը գրեն այսպիսիները օտար լեզուով, քան թէ հայերէնով, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մէջ օտար լեզուները աւելի լաւ կ’ուսուցուին, քան թէ հայերէնը: Բայց մեզ... հա՛յ են ասում:
***Զէնք գնելու դիմաց գումար վճարած են:
---Դրամը գնելու դիմաց չէ վճարուած. գնուած բանին դիմաց վճարելիք չի մնար:
«Դրամը կը վճարեն զէնք գնելու համար» կամ «Դրամը կը վճարեն զէնքի փոխարէն»:
***Դրամական բոլոր գործունէութիւնը կը կատարեն առցանց համացանցին միջոցով:
---Գործունէութիւնը եզակի է, ուրեմն՝ «ամբողջ գործունէութիւնը»:
Առցանց առանձինը կը նշանակէ «համացանցի միջոցով». ուստի չենք ըսեր. «առցանց համացանցի միջոցով».
--կա՛մ ՝ առցանց,
--կա՛մ՝ համացանցի միջոցով:
Կայ ճոռոմ ու տաղտկալի միջոց մըն ալ, ուր երկուքին միջեւ կը դրուի բութ մը՝
--«կը կատարեն առցանց՝ համացանցի միջոցով»:
Բութը կը նշանակէ՝ «այսինքն». «առցանց, այսինքն՝ համացանցի միջիցով»,− ինչ որ տափակ ու ճոռոմ ոճ մըն է: Ուրեմն եզրակացնենք՝
«Դրամական ամբողջ գործունէութիւնը կը կատարեն առցանց»:
***Կառավարութիւնը առկախեց օրէնքը՝ պատճառելով տանտէրերուն բողոքը»:
Հայերէն չէ այս. պարտէինք ըսել՝
--արժանանլով տանտէրերու բողոքին:
--հրաւիրելով տանէրերու բողոքը:
--տեղիք տալով տանտէրերու բողոքին:
Ինչպէս նկատելի է՝ ջնջեցինք նաեւ տանտէրերուն բառի վերջի որոշիչ «ն» յօդը:
Որովհետեւ մեր արդի գրողները որոշիչ յօդի աւելորդ ու անպէտ կիրարկութեամբ կ’ողողեն իրենց յօդուածները:
***Վեհափառը ժողովուրդին պիտի փոխանցէ իր թելադրութիւնները:
---Կարելի է փոխանցել, օրինակ, աղաման մը՝ զայն առնելով Թորոսէն տալ Մարկոսին»: Սակայն կարելի չէ վեհափառական թելադրութիւն փոխանցել. վեհափառը այդ թելադրութիւնները ուրիշէ մը չստացաւ, իր կողմէ կը կատարէ: Փոխանցել կը նշանակէ «մէկէն առնել ուրիշի մը տալ» (տե՛ս Կռանեան եւ Ճերեճեան բառարանները):
Արդի հայը մնտռեց այս բային նշանակութիւնը, խափ-խայտառակ ըրաւ զայն՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս: Եւ հիմա ան ձեռքէ-ձեռք կը խլուի՝ ամէն օր քիչ մը աւելի բթացնելով հայուն երբեմնի պայծառ ուղեղը:
Ուրեմն՝ թելադրութիւնը կը տրուի, կը կատարուի, կը շռայլուի. թելադրութիւնը կ’ընենք՝ վեհափառ թէ հասարակ մահկանացու ըլլանք:
*** Ցուցանիշեր-ցուցանիշներ
---Երեք անգամ գրուած է ցուցանիշեր, երկու անգամ՝ ցուցանիշներ:
Քանի նիշ կու տայ նիշեր, ցուցանիշ ալ կու տայ ցուցանիշեր:
Ճիշդ ինչպէս գիր կու տայ գիրեր կամ գրեր, եւ բազմիցս կիրարկուած է այս թիւին մէջ ծրագրեր ճիշդ եւ շնորհաւորելի ձեւը, որմէ կրնան դաս առնել լրագրողներ եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներ՝ բարի օրինակ դառնալով ծրագիրներ գրող արժանապատիւ եւ արժանընտիր հայա(տ)գէտներուն:
***Բնակչութեան 40 առ հարիւրը սկսան օգտագործել [առցանց ծառայութիւնը]:
---Բնակչութեան մը 40 առ հարիւրը կրնայ հաշուել հազարաւոր թէ միլիոնաւոր անհատներ, իմա՝ բնակիչներ. ուրեմն՝ իմաստով յոգնակի է ան:
Սակայն կառոյցը քերականօրէն եզակի է, եւ քերականութիւնն է որ կ’որոշէ ենթակայ-ստորոգիչ (դիմաւոր բայ) համաձայնութիւնը. ուստի՝ «40 առ հարիւրը սկսաւ»:
***Բրիտանացի լրագրող Թոմաս Տը Ուաալ:
---Անգլիացին եւ ֆրանսացին այս անունը կը գրեն՝ Thomas de Waal:
Հայերէնն ալ նման մասնիկները չի գլխագրեր. ուրեմն՝
--Թոմաս տը Ուաալ. աւելի ընտիր՝ Թոմաս տը Վաալ:
--Ալֆրետ տը Միւսէ --Շառլ տը Կոլ
--Վասկո տը Կամա --Շաթ էլ Արապ
--Լէոնարտո տա Վինչի --Ֆախր էտ Տին
Մրցոյթ 156.
***Փորձէ՛ արտայայտել հետւեալը՝ պահելով միայն վեց բառ.
---Բոլոր երեսփոխանները քննադատեցին կառավարութեան ամավարկի նախագիծը:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Այս լուծումը կրնայ փարատել բոլորին մտահոգութիւնները:
---Վարչապետը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ճիշդ ստաձնելու իրենց պատասխանատւութիւնը:
---Կը պահանջենք Արցախի գաղթականներու իրենց տուները ապահով վերադարձի (-նալու) իրաւունքը:
***Քանի մը բառով աւարտէ հետեւեալը.
---Փեթակին մէջ մնացող մեղուն մեղր չ’արտադրեր:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Յովիկ Աթոքեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (2), Ցոլակ Ապտալեան (5), Ազատուհի Գալայճեան (2), Գեղամ Խաչատրեան (2), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 157.
***Հետեւեալ յոգնակիներէն ո՞ր մէկը կարելի է եզակի դարձնել:
---Աշխատակիցները անցնող օրերուն տեսակցութիւններ ունեցած են հայերու հետ, ծանօթացած անոնց կենցաղային պայմաններուն, կարիքներուն եւ մտահոգութիւններուն:
***Ո՞ր բառին հոլովը կը փոխես:
---Կոչ կ’ուղղենք վերջնական զինադադար յայտարարել եւ խնդիրները բանակցային քաղաքական միջոցներով լուծելու:
***Ի՞նչ շաղկապով յարմար է փոխարինել իսկ-ը:
---Անգլիա շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է քաշուի Լիթանիէն հիւսիս, իսկ Ամալ շարժումը հարաւային Պլիտա գիւղին մէջ կը յուղարկաւորէր երկու անդամ:
***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը փոխարինես ուրիշով մը.
---Ապահովութեան ուժերը յաջողեցան ճշդել յանցագործի մը ինքնութիւնը, եւ այժմ կը փորձեն բացայայտել ու ձերբակալել զայն:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր լրագրական հետեւեալ գոհարը.
---Վրաստան կանխած է Ռուսիա պայթուցիկ նիւթերու բեռի փոխադրութիւն մը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com