image

Հայերէնը կը զուարճանայ (159)

Հայերէնը կը զուարճանայ (159)

«Արարատ»-ի  յարգարժան բարեկամներուս՝

(Թիւ 17՝ յամի Տեառն  23/1/24) 

Ինչո՞ւ լեզուական այս տխուր ու վհատեցուցիչ    նահանջը...

--ինչպէ՞ս բացատրել, 

--ինչպէս արդարացնել, 

--ինչպէ՞ս մխիթարուիլ:

*   *   *

  ***Ապա կարելի կ’ըլլար երկիրը խնայել այսօրուան վտանգաւոր դրութենէն:

---Ապա կարելի կ’ըլլար երկրին խնայել այսօրուան վտանգաւոր կացութիւնը

 

***Ապահովութեան ուժերը նաեւ ձերբակալեցին ընկերութեան սեփականատէրը:

---Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին  նաեւ ընկերութեան սեփականատէրը:

Որ կը նշանակէ՝ «ապահովութեան ու ժերը ձերբակալեցին Թորոսը, Մարկոսն ու Պիղատոսը, ապա նաեւ... ընկերութեան սեփականատէրը»:

 

***Լարուածութիւնը յատկանշուած էր ռմբակոծումի փոխանակումով:

---Մարդկային պատմութեան մէջ չէ պատահած ու չի կրնար պատահիլ որ ռմբակոծում փոխանակեն... ռմբակոծումը չի փոխանակուիր. գնդակ չէ որ փոխանակեն.  ան կը փոխադարձուի՝ դուն զիս կը ռմբակոծես, ես ալ փոխադարձաբար՝ քեզ:

 

***Նախարարութիւնը սակայն չյստակացուց, եթէ խօսքը կը վերաբերի 400 միլիոնին...

---  Եթէ (if, si) հայերէն չէ, անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի կոյր թարգմանութիւն է. մենք կ’ըսենք թէ. «Նախարարութիւնը չյստակացուց, թէ խօսքը կը վերաբերի 400 միլիոնին...»:

Բաղդատել՝ 

--I want to know if it will rain.

--Je veux savoir s’il va pleuvoir.

--Կ’ուզեմ գիտնալ, թէ պիտի անձրեւէ:

Ասոնք խորքին մէջ հարցական նախադասութիւններ են, նոյնիսկ եթէ հարցման նշանով չօժտենք այսպիսները:

Մեր գրողները շատ աւելի ճիշդ կը գրեն այսպիսիները օտար լեզուով,  քան թէ հայերէնով, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մէջ օտար լեզուները աւելի լաւ կ’ուսուցուին, քան թէ հայերէնը:  Բայց  մեզ...  հա՛յ են ասում:

 

***Զէնք գնելու դիմաց գումար վճարած են:

---Դրամը գնելու դիմաց չէ վճարուած. գնուած բանին դիմաց վճարելիք չի մնար:

«Դրամը կը վճարեն զէնք գնելու համար» կամ «Դրամը կը վճարեն զէնքի փոխարէն»:

 

***Դրամական բոլոր գործունէութիւնը կը կատարեն առցանց համացանցին միջոցով:

---Գործունէութիւնը եզակի է, ուրեմն՝ «ամբողջ գործունէութիւնը»:

Առցանց առանձինը կը նշանակէ «համացանցի միջոցով». ուստի չենք ըսեր. «առցանց համացանցի միջոցով». 

--կա՛մ ՝ առցանց, 

--կա՛մ՝ համացանցի միջոցով:

Կայ ճոռոմ ու տաղտկալի միջոց մըն ալ, ուր  երկուքին միջեւ կը դրուի բութ մը՝

--«կը կատարեն առցանց՝ համացանցի միջոցով»:

 Բութը կը նշանակէ՝ «այսինքն».  «առցանց, այսինքն՝ համացանցի միջիցով»,− ինչ որ տափակ ու ճոռոմ ոճ մըն է: Ուրեմն եզրակացնենք՝

«Դրամական ամբողջ գործունէութիւնը կը կատարեն առցանց»:

 

***Կառավարութիւնը առկախեց օրէնքը՝  պատճառելով տանտէրերուն բողոքը»:

Հայերէն չէ այս. պարտէինք ըսել՝

--արժանանլով տանտէրերու բողոքին:

--հրաւիրելով տանէրերու բողոքը:

--տեղիք տալով տանտէրերու բողոքին:

Ինչպէս նկատելի է՝ ջնջեցինք նաեւ տանտէրերուն բառի վերջի որոշիչ  «ն»  յօդը:

Որովհետեւ մեր արդի գրողները որոշիչ յօդի  աւելորդ ու անպէտ կիրարկութեամբ կ’ողողեն  իրենց յօդուածները:

 

***Վեհափառը ժողովուրդին պիտի փոխանցէ իր թելադրութիւնները:

---Կարելի է փոխանցել, օրինակ, աղաման մը՝ զայն առնելով Թորոսէն տալ Մարկոսին»:  Սակայն կարելի չէ վեհափառական թելադրութիւն փոխանցել.  վեհափառը այդ թելադրութիւնները ուրիշէ մը չստացաւ, իր կողմէ կը կատարէ: Փոխանցել կը նշանակէ «մէկէն առնել ուրիշի մը տալ» (տե՛ս  Կռանեան եւ Ճերեճեան  բառարանները):

Արդի հայը մնտռեց այս բային նշանակութիւնը, խափ-խայտառակ ըրաւ զայն՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս: Եւ հիմա ան  ձեռքէ-ձեռք կը խլուի՝ ամէն օր քիչ մը աւելի բթացնելով հայուն  երբեմնի պայծառ ուղեղը:

Ուրեմն՝ թելադրութիւնը կը տրուի, կը կատարուի,  կը շռայլուի. թելադրութիւնը կ’ընենք՝ վեհափառ թէ հասարակ մահկանացու ըլլանք:

 

*** Ցուցանիշեր-ցուցանիշներ     

---Երեք անգամ գրուած է ցուցանիշեր, երկու անգամ՝ ցուցանիշներ:  

Քանի նիշ կու տայ նիշեր, ցուցանիշ ալ կու տայ ցուցանիշեր

Ճիշդ ինչպէս գիր կու տայ գիրեր  կամ գրեր, եւ բազմիցս կիրարկուած է այս թիւին մէջ ծրագրեր ճիշդ եւ շնորհաւորելի   ձեւը, որմէ կրնան դաս առնել լրագրողներ եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներ՝ բարի օրինակ դառնալով ծրագիրներ գրող արժանապատիւ եւ արժանընտիր հայա(տ)գէտներուն:

 

***Բնակչութեան 40 առ հարիւրը սկսան օգտագործել  [առցանց ծառայութիւնը]:

---Բնակչութեան մը 40 առ հարիւրը կրնայ հաշուել հազարաւոր թէ միլիոնաւոր անհատներ, իմա՝ բնակիչներ. ուրեմն՝ իմաստով  յոգնակի է ան: 

Սակայն կառոյցը քերականօրէն  եզակի է, եւ քերականութիւնն է որ կ’որոշէ  ենթակայ-ստորոգիչ (դիմաւոր բայ) համաձայնութիւնը.  ուստի՝  «40 առ հարիւրը սկսաւ»:

 

***Բրիտանացի լրագրող Թոմաս Տը Ուաալ:

---Անգլիացին եւ ֆրանսացին այս անունը կը գրեն՝  Thomas de Waal:

Հայերէնն ալ  նման մասնիկները չի գլխագրեր. ուրեմն՝ 

--Թոմաս  տը Ուաալ.    աւելի ընտիր՝ Թոմաս տը Վաալ:

--Ալֆրետ տը Միւսէ --Շառլ տը Կոլ

--Վասկո տը Կամա --Շաթ էլ Արապ

--Լէոնարտո տա Վինչի --Ֆախր էտ Տին

Մրցոյթ 156.

***Փորձէ՛  արտայայտել հետւեալը՝ պահելով միայն վեց բառ.

---Բոլոր երեսփոխանները քննադատեցին  կառավարութեան ամավարկի նախագիծը:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Այս լուծումը կրնայ  փարատել բոլորին  մտահոգութիւնները

---Վարչապետը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն  ճիշդ ստաձնելու իրենց պատասխանատւութիւնը:

---Կը պահանջենք Արցախի գաղթականներու  իրենց տուները ապահով վերադարձի (-նալու)  իրաւունքը:

***Քանի մը բառով աւարտէ հետեւեալը.

---Փեթակին մէջ մնացող մեղուն մեղր չ’արտադրեր:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Յովիկ Աթոքեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (2), Ցոլակ Ապտալեան (5), Ազատուհի Գալայճեան (2), Գեղամ Խաչատրեան (2), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8):  

Մրցոյթ 157.

***Հետեւեալ  յոգնակիներէն ո՞ր մէկը կարելի է եզակի դարձնել:

---Աշխատակիցները անցնող օրերուն տեսակցութիւններ ունեցած են հայերու հետ, ծանօթացած անոնց կենցաղային պայմաններուն, կարիքներուն եւ մտահոգութիւններուն:

***Ո՞ր բառին հոլովը կը փոխես:

---Կոչ կ’ուղղենք վերջնական զինադադար յայտարարել եւ խնդիրները բանակցային  քաղաքական միջոցներով լուծելու:

***Ի՞նչ շաղկապով յարմար է փոխարինել  իսկ-ը:

---Անգլիա շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է քաշուի Լիթանիէն հիւսիս, իսկ Ամալ շարժումը հարաւային Պլիտա գիւղին  մէջ կը յուղարկաւորէր երկու անդամ:

***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը փոխարինես ուրիշով մը.

---Ապահովութեան  ուժերը յաջողեցան ճշդել յանցագործի մը ինքնութիւնը, եւ այժմ կը փորձեն բացայայտել ու ձերբակալել զայն:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր լրագրական հետեւեալ գոհարը.

---Վրաստան կանխած է Ռուսիա պայթուցիկ նիւթերու բեռի փոխադրութիւն մը:



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com