Ներառեալ
--«Որոշ դերակատարներ կը շարունակեն ...շրջանցել արտածման վերահսկողութիւնը, ներառեալ՝ երրորդ կողմի միջնրդութեամբ» («Ազդակ», 6/3/23, էջ 1):
Արեւմտահայ մամուլը գրեթէ միահամուռ սխալ կը կիրարկէ այս բառը, իբրեւ հետեւողական ու հաւատարիմ յառաջամարտիկ ունենալով «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը, ինչպէս ցոյց կու տայ մէջբերուած հերթական սխալ կիրրակութիւնը:
* * *
Աւելի ըմբռնելի դառնալու համար՝ կը փութամ նախ բացատրել բառիս ծագումն ու նշանակութիւնը:
Ուրեմն, ներառեալ-ը գրաբարեան կառոյց ունեցող դերբայ մըն է, որ աշխարհաբարի մէջ ունի չորս նշանակութիւն՝ ա) ներարած, ներառելով, եւ բ) ներառուած, ներառուելով:
Այս դերբայը խօսքի մէջ կը կատարէ ալ, նաեւ համադասական շաղկապներու դերը. բերենք այս տեսակէտը հաստատող օրինակներ.
--Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը յաջողեր են, Փանոսն ալ:
--Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը յաջողեր են, նաեւ Փանոսը:
--Թորոսը, Մարկոսը , Կիրակոսը յաջողեր են, ներառեալ Փանոսը:
Եթէ բերուած օրինակները քանի մը անգամ կեդրոնացած կարդաք, ապա պիտի նկատէք, որ ասոնք համարժէք են թէ՛ ըստ ձեւի, թէ՛ ըստ բովանդակութեան. թերեւս հաղորդական աննշան նրբերանգներով, որոնք յատուկ են իւրաքանչիւրին:
Արդ, ի՛նչ է որ կը զանազանէ այս երեքը մեզի ծանօթ միւս համադասական շաղկապներէն, որոնց ամենաընթացիկները եւ/ու բառերն են, ինչո՞ւ ուրեմն խօսողը կամ գրողը չէ ըսած՝
--«Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը եւ Փանոսը յաջողեր են»,− չէ՞ որ, վերջին հաշուով, խնդրոյ առարկան այս չորսին յաջողութիւնն է, այսինքն՝ չորսն ալ հաւասարապէս յաջողեր են:
Այո, չորսն ալ յաջողեր են, հաւանաբար նո՛յն քննութեան, սակայն անդին գոյութիւն ունին ինչ-որ առանձնայատուկ հանգամանքներ, որոնք կը վերաբերին Փանոսին եւ որոնց ծանօթ է խօսողը ու մա՛նաւանդ խօսակիցը, ա՛յն, որուն կը հաղորդուի այս լուրը, այլապէս մեր դէմը առաջին ելլողին պիտի չհամարձակէինք ըսել՝ «ներառեալ Թորոսը», «Թորոսն ալ», «նա՛եւ Թորոսը»:
Իսկ ճիշդ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այդ տարբերութիւնը. շատ բաներ, որ ահաւասիկ.
--Կրնայ ըլլալ, որ Փանոսը ատկէ առաջ բազմիցս ներկայացած է քննութեան, սակայն չէ յաջողած եւ ա՛լ յուսահատութիւն կը պատճառէ շրջապատին, ծանօթներուն:
--Կրնայ ըլլալ, որ Փանոսը կը մերժէր ներկայանալ քննութեան՝ թերեւս անպասրաստ զգալով կամ որեւ այլ պատճառով, եւ շրջապատը գիտէր, թէ ան քննութեան պիտի չներկայանայ:
--Կրնայ ըլլալ, որ Փանոսը հիւանդ էր, պատրաստուած չէր, գոնէ բաւարար չափով եւ կասկած կար, որ քննութեան չյաջողի:
Կարելի է տակաւին թուել այսպիիսի բազմաթիւ իւրայատուկ պատճառներ, որոնց նկատառումը մեզ կը մղէ մեկուսացնելու Թորոսին յաջողութիւնը:
Այլ խօսքով՝ Փանոսին յաջողութիւնը անակնկալ մըն էր:
Եւ ճիշդ այդ անակնկալը շեշտելու համար յաճախ կը գործածենք նոյնիսկ, մինչեւ իսկ, մինչեւ անգամ, յատկապէս, մասնաւորաբար շաղկապական բառերը:
--Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը յաջողեր են, մինչեւ իսկ Փանոսը:
--Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը, մինչեւ իսկ Փանոսը յաջողեր են:
Ասոնց բոլորին հոմանիշ ըլլալով հանդերձ՝ ներառեալ-ը ունի կիռարական-շարահիւսական առանձնայատկութիւն, որ կը խուսափի մեր գրողներու երբեմն ուշադրութենէն, շատ աւելի յաճախ` գիտութենէն:
* * *
--Շքանշան տրուեցաւ Թորոսին, Մարկոսին, Կիրակոսին, նաեւ Փանոսին:
--Շքանշան տրուեցաւ Թորոսին, Մարկոսին, Կիրակոսին, ներառեալ Փանոսին:
Ահա երկու կառոյցներ, որոնք, ըստ տրուած բացատրութեանց, համարժէք են բովանդակութեամբ, հետեւաբար երկուքն ալ ճիշդ եւ ընդունելի եւ ... իւղի պէս կուլ կը տրուին արեւմատահայ գրողին ու ընթերցողին կողմէ:
Բովանդակային համարժէքութիւնը մէկդի դնենք, սակայն ասոնց մէջ քերականօրէն ընդունելի է մի՛այն առաջինը, եւ սխա՛լ է երկրորդը:
Այդ սխալին անդրադառնալու համար ներառեալ-ը փորձենք փոխարինել իր աշխարհաբարեան չորս նշանակութիւններէն մէկով կամ միւսով. օրինակ՝ ներառած-ով.
--Շքանշան տրուեցա Թորոսին, Մարկոսին, Կիրակոոսին, ներառած Փանոսին:
Չեղա՛ւ. ներառած-ը ներգործական դերբայ է, հետեւաբար միայն հայցական հոլով խնդիր կրնայ առնել, ուրեմն՝ Փանոսը եւ ոչ թէ Փանոսին, որ տրական հոլով է:
--Գովասանքներ լսեցինք Թորոսէն, Մարկոսէն եւ Կիրակոսէն, ներառեալ Փանոսէն:
Ուրի՛շ հերետիկոսութիւն մը, ուր ներառեալ-ին տրուած է բացառական հոլով խնդիր մը՝ հայցականի փոխարէն:
--Հպարտացանք Թորոսով, Մարկոսով, Կիրակոսով, ներառեալ Փանոսով:
Այս ալ ուրիղ աղանդաւորական կառոյց մը, ուր ներառեալ-ին փափուկ ձեռքերով շնորհուած է գործիական հոլով խնդիր մը:
Այս բոլոր շեղումներուն մէջ Փանոս յատուկ անունը պարտի կիրարկուիլ հայցական հոլով՝ ներառեալ Փանոսը, որ է ներառած Փանոսը:
Վերադառնալով մամուլէն մէջբերուած առաջին օրինակին, ապա զայն շարադրող հայագէտը պարտէր գրել.
--Որոշ դերակատարներ կը շարունակեն ...շրջանցել արտածման վերահսկողութիւնը, ներառեալ երրորդ կողմի միջնրդութեամբ տեղի ունեցածը [կամ՝ տեղի ունեցողը, կատարուածը կամ կատարուողը]:
Շատ աւելի խառնակ ու մոլորեցուցիչ է հետեւեալ կիրարկութիւնը՝ նոյն աղբիւրէն.
--«Մենք բազմիցս հարթակ տրամադրած ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման համար, ներառեալ անցեալ տարուան դեկտեմբերին համաձայնութիւն գոյացած էր մեր գործընկերներու հերթական հանդիպում կատարելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ» («Ազդակ», 1/3/23, էջ 8):
Դիոգենէսի լամբն իսկ պիտի չյաջողէր նուազագոյն լոյսը սփռել գիշերուան խաւարին՝ փապուղիի մը նկուղներուն մէջ ծնունդ առած այս բառակոյտի մթին ծալքերուն վրայ:
Մրցոյթ 109.
***Լրացո՛ւր ասոյթը
---Դժուարագոյն բանը տարուած յաղթանակ մը պահպանելն է (Նապոլէոն Բոնապարտ):
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Մեր ցանկութիւնն է անոնց կողքին տեսնել նաեւ մեր նորսերնդականները:
---Լրատուամիջոցները միահամուռ անդրադարձան անոր անհետ կորուստին:
---Կիրակի առաւօտեան ժամերուն կարելի եղաւ երեւան հանել (գտնել) անոր դիակը:
---Վարչապետը Եւրոպական դրամատան հետ քննարկած է ներդրումային հարցեր:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (4), Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան(8), Գեղամ Խաչատրեան (4), Համբարձում Յարթունեան (9), Ցոլակ Ապտալեան(8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (6):
Մրցոյթ 110.
***Լրացուր ասոյթը.
---Ես ամէն բան խլեցի ալքոլէն, իսկ ալքոլը............խլեց ինձմէ:
***Ո՞ր մէկը՝ բերումով, հետեւանքով, շնորհիւ.
---Իր բազմազբաղութեան .......... նախագահը չի կրնար հաստափոր գիրքեր կարդալ:
***Համակարգի՞չ՝ եզակի, թէ՞ համակարգիչներ՝ յոգնակի.
---Ունինք………. գիտաշխատանոց մը, ուր ուսանողները………. գործածութիւնը կը սորվին:
***Հայցակա՞ն, թէ՞ տրական.
---Ան (սփիւռքի՞ն, թէ՞ սփիւռքը) կը պարտադրէ (ընդունի՞լ, թէ՞ ընդունելու) իր հեղինակութիւնը:
---Ան կը ստիպէ (սփիւռքի՞ն, թէ՞ սփիւռքը) (ընդունի՞լ, թէ՞ ընդունելու) իր հեղինակութիւնը:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան