1. Բառագիտութիւն՝
անձնագիր, անցագիր, այցագիր
--Անձնագիրը քաղաքացիին տրամադրուած եւ անձնական տուեալներով օժտուած այն փաստաթուղթն է, որով պետութիւնը կը հաստատէ ենթակային հպատակութիւնը: Կը կոչուի նաեւ անձնաթուղթ (carte d’identité):
--Անցագիրը այն փաստաթուղթն է, որով պետութիւնը կ’արտօնէ իր քաղաքացիին երկրի սահմաններէն դուրս գալ՝ ճամբորդել, եւ կը խնդրէ հիւրընկալ պետութիւնէն ընդունիլ զայն եւ իր պաշտպանութիւնը շնորհել անոր կեցութեան միջոցին (pass-port):
--Այցագիրը այն արտօնութիւնն է, որով պետութիւն մը՝ յանձին իր հաւատարմատարին կամ դեսպանին, կը շնորհէ օտար քաղաքացիի մը մուտքն ու ժամանակաւոր կեցութիւնը իր երկրէն ներս (visa):
2. Ներքին թշնամի
Եթէ տեսականօրէն մխիթարուինք, թէ Հայաստան ունի միայն արտաքին թշնամի, ապա պիտի գործնականօրէն ընդունինք հայոց լեզուի ներքին թշնամիներու կուռ շարքերու գոյութեան փաստը, փաստ, որ օր-աւուր աւելի տեսանելի, շօշափելի եւ վտանգալի կը դառնալ՝ ընդհուպ հայրենիքի կորուստը, որովհետեւ առանց լեզուի ի՛նչ հայրենիք ու ինչի՞ հայրենիք:
Չեմ վարանիր այսպէս մտածելու ամէն անգամ, որ դէմ առ դէմ գտնուիմ արեւելահայուն հայերէնի հանդէպ ցուցաբերած քստմնելի անտարբերութեան, որուն չարաշուք գոյութիւնը կը հաստատես ամէն քայլիդ:
Վերջինները՝ ներդնել եւ մագնիտուդ:
--Ներդնել
Հայերէնը նման բայ չունի, չէ ունեցած անցեալին եւս:
Բայը ներդրել է, ուրկէ բացակայ է «ն» բաղաձայնը, որ առաջինին մէջ բայածանց է, տեղը եկած է դիր արմատի «ր» բաղադրիչը, որով բայս դադրած է ածանցաւոր ըլլալէ եւ դարձած է ել լծորդութեան պարզ կանոնաւոր բայ՝ ներդրել-ներդրուիլ-նեդրում յարացոյցով:
Այս յարացոյցը ներկայ է բոլոր արեւելահայ բառարաններուն մէջ, որոնց ոչ մէկը ունի ներդնել եւ այլն:
Աղէկ, երբ այս այսպէս է, այս կոտրելիք ձեռքերը ուրկէ՞ կը բերեն ներդնել-ն ու նմանատիպ ճիւաղութիւնները: Այս մարդիկ հայոց լեզուի որեւէ քննութիւն չե՞ն անցուցած լրագրող վկայուելէ առաջ, Սահարայի անապատին մէ՞ջ սորված են հայերէնը:
Յետին արեւմտահայը գիտէ ներդրել-ը, նոյնիսկ մեր խմբագիրներն ու լրագրողները, ալ ի՞նչ կը պակսի, որ հայրենի հողին վրայ ապրողը կ’աղաւաղէ զայն:
Այս մէկ:
Երկրաշարժը, սփիւռքի մէջ «երկրշարժներ» դարձած հերձուածին զուգահեռ, Հայաստան բերաւ մագնիտուդ կոչուած հրէշաբանութիւնը, որ եւրոպական magnitude-ն է, երբ անդին ունինք անոր տա-ռա-ցի համաժէքը, որ է ուժգ-նու-թիւն (magna-մեծ, հուժկու) եւ որը հազարաւոր տարիներու վաղեմութիւն ունի իր ետին: Եւ ոչ միայն այս, այլեւ՝
ուժգին ուժգնակ ուժգնահամ ուգնասիրտ
ուժգնաբար ուժգնակի ուժգնապէս ուժգնացուցանեմ
ուժգնութիւն ուժգնահնչակ ուժգնապիրկ ուժգնութիւն
Ինչո՞ւ հայկական ու էապէս հայեցի այս միւռոնի պէս սուրբ բառ (եր)ը բարձիթողի կը դառնան, ու փոխարէնը կը ներածուին օտարին աղքատիկ սեղանի մուրացածոյ փշրանքները: Ո՞վ կու տայ այս իրաւունքը: Ափրիկէի մարդակերները պիտի չգործէին նման դաւադրութիւն մը իրենց լեզուին հանդէպ այն արագային, ուր արեւելահայը սիայօժար կ’ուրանայ իրը: Եթէ Ալիեւը պատառ-պատառ կը յօշոտէ մեր հողը, ապա անոր արեւելահայ աջակիցները՝ իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, օրինակելի համերաշխութեամբ մը եւ բառ առ բառ կը կրծեն մեր լեզուն:
Եւ են յետինքն վատթարագոյն քան զառաջինն:
Վասնզի թոյլատրելի է փայփայել այն երազը, թէ հայրենի կորսուած հողին օր մը կարելի ըլլայ վերատիրանալ, մինչ կորսուած մայրենին անվերականգնելի է:
3. Ընդամէնը
Արեւմտահայ բառարանագիրներէն միայն Տէր Խաչատուրեան շատ ժուժկալ տեղ մը տուած է այս բառին՝ «բոլորը միասին»,− իմա՝ անկախ բառ նկատած է զայն,− ու այսչափ միայն: Մինչ արեւելահայ բոլոր բառարանագիրները ունին զայն՝ տալով անոր մէկէ աւելի նշանակութիւններ:
Այս բառը կը կիրարկուի երկու հիմնական նշանակութիւններով.
ա) կը նշէ գումարելի թիւերու վերջնական չոփ-չոր արդիւնքը. «Թորոսը հինգ ոսկի վճարեց, Մարկոսը՝ եօթը, իսկ Կիրակոսը՝ երկու. ընդամէնը՝ տասնչորս ոսկի»:
Այս կիրարկութեան մէջ խօսողը կամ հաշուողը աձնական ոչ մէկ զգացում կամ դատողութիւն կը ցուցաբերէ յիշեալ գումարին հանդէպ:
բ) կը նշէ միակի համեստ, անբաւարար, երբեմն արհամարհելի քանակութիւն մը. օրինակ՝ «Թորոսը ընդամէնը երկու օր աշխատեցաւ այս շաբաթ»: Խօսողին դատողութեամբ՝ երկու օրը թերգնահատելի քանակութիւն մըն է, քիչ կը գտնէ զայն: Այս դատողութիւնը կամ տրամադրութիւնը կը թարգմանենք յաճախ միմիայն-ով, որ աւելի կը շեշտէ քանակին սակաւութիւնը, իսկ ժողովրդախօսակցական կենդանի ոճով կ’ըսենք՝ եղած-չեղածը. «եղած-չեղածը երկու օր...», իսկ երբեմն ալ՝ հազիւ. «երկու օր»:
Արեւելահայ բառարանները շատ յստակ բացատրած են այս նրբութիւնները, սակայն բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արդի միջին արեւելահայը այնքան ալ չի տիրապետեր անոնց եւ ան ամէն գումար կը բնորոշէ ընդամէնը բառով. հետեւեալը Թոքիո քաղաքի բնակչութեան նուիրուած հատուած մըն է. «Անոր կեդրոնին մէջ կ’ապրի մօտաւորապէս 14 միլիոն մարդ, իսկ եթէ անոր արուարձանները եւս նկատի ունենանք, ընդամէնը 37,3 միլիոն քաղաքացիներ կ’ապրին այդ մէկ քաղաքին մէջ»:
Կը պատկերացնէ՞ք... մէ՛կ քաղաքի բնակչութեան այս աստղաբաշխական թիւը բնորոշուած է ընդամէնը արհամարհական բառով: Այսպէս է, որովհետեւ գրողը չի ճանչնար բառիս իմաստային նրբութիւնները, ըստ այնմ ալ չի վարանիր այսպէս գրելու. մխիթարուինք որ չէ գրած՝ «հազիւ 37,3 միլիոն» կամ՝ «եղած-չեղածը...»:
Արդեօք սրտցաւ ընդդիմութիւն մըն ալ պիտի յառաջանա՞յ օր մը ... լեզուն սրբագրելու առաքելութեամբ: Մաղթենք...
Մրցոյթ 108.
***Լրացո՛ւր ասոյթը.
---Այն ժողովուրդը, որ չ’ուզեր կերակրել իր բանակը, դատապարտուած է (օր մը) կերակրելու ուրիշին բանակը (Նապոլէոն Բոնապարտ):
***Հայացնել հետեւեալը.
---Ծանր սրտով պէտք է ձեզի (ձեր) հետ բաժնեմ այն սարսափելի լուրը:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Ռուսիա բարեկամական շատ լաւ կապեր ունի շրջանի երկիրներուն հետ:
---Հալեպահայութիւնը իր վէրքերը[1] դարմանելու համար կարիքը ունի բոլորիս:
---Պէտք է օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի այդ գործընթացը (սահմանադրութ-եամբ[2]) ճշդուած ժամկէտին կատարուի, եւ զայն մերժող կողմերը չհասնին իրենց նպատակին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Վահէ Աբէլեան(6), Ցոլակ Ապտալեան (4), Վարդի Դանիէլեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (2), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (10), Համբարձում Յարթունեան (6):
Մրցոյթ`109.
***Լրացո՛ւր ասոյթը
---Դժուարագոյն բանը տարուած յաղթանակ մը................. է:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Մեր ցանկութիւնն է նաեւ անոնց կողքին տեսնել մեր նորսերնդականները:
---Լրատուամիջոցները միահամուռ անդրադարձան անոր անյայտ կորուստին:
---Կիրակի առաւօտեան ժամերուն կարելի եղաւ բացայայտել անոր դիակը:
---Վարչապետը Եւրոպական դրամատան հետ քննարկած են ներդրումային հարցեր:
Արմենակ Եղիայեան
[1] Զարմանալի բնագիր մըն է, որ...սպիները կ’ուզէ դարմանել:
[2] Այս բառը կարելի նաեւ չդնել, քանի պետական մակարդակի վրայ ճշդուած ժամկէտ մը հարկադրաբար սահմանադրական պարտի ըլլալ: