Հայերէնի ամենահին եւ ամենատարածուն բառերէն եղած է պէտք-ը՝ հարկ, կարիք, պահանջ, ստիպում եւ այլն ու տուած է բազմաթիւ կայուն բառակապակցութիւններ՝ յատկապէս գրաբարի մէջ:
Աշխարհաբարի մէջ «պէտք է» ձեւի տակ ան սկզբնապէս ծառայած է կազմելու որեւէ բայի ապառնին՝ պէտք է երթամ-պէտք է երթաս-պէտք է երթայ, որ յետոյ իր տեղը զիջած է պիտի երթամ-պիտի երթաս-պիտի երթայ ըսելու: Այս ծիրէն ներս ունեցած ենք նաեւ երթալու եմ-երթալու ես-երթալու է, որ նմանապէս հին ապառնի մըն է:
Ներկայիս պէտք է եւ պէտք էր այլեւս իբրեւ ապառնի, առաւել եւս իբրեւ բայ չեն ըմբռնուիր, այլ աւելնալով որեւէ ուրիշ բայի վրայ՝ դիմաւոր թէ անդէմ, ցոյց կու տան ենթակայի գործողութեան մէկ բարոյական դատողութիւնը. օրինակ՝
--Այս պարտքդ պէտք է վճառես այլեւս...
--Պէտք էր բան մը տուած ըլլայիր իրեն...
Իրենց այս կիրարկութեամբ՝ անոնք կը կոչուին եղանակիչ կամ վերաբերական:
Ասոնց մէջ վերացականութիւնը հասած է այնպիսի բարձր աստիճանի մը, որ բայական նշանակութիւնը բոլորովին նսեմացած, անհետացած է, ադ պատճառով ալ առաջինը իբրեւ ներկայ, երկրորդը իբրեւ անցեալ ըմբռնելու հարկադրանքը նմանապէս անհետացած է:
Այնպէս որ հայերէնի ներկայ տուեալներով «պէտք է» ձեւը ազատօրէն կրնանք կիրարկել ներկայ թէ անցեալ ժամանակի բայերու հետ. այսինքն հաւասարապէս ըսել՝ պէտք է երթաս եւ պէտք է երթայիր, առանց այս վերջինը վերածելու՝ պէտք էր երթայիր ձեւի, որ օտարաբանութիւն կը նկատուի եւ հայերէնի արդի զգացողութեամբ, այլեւ ոճաբանութեամբ ա՛լ բեռ մըն է եւ շատ խորթ կը հնչէ:
Կը մնայ, որ օտար լեզուներէ թարգմանութեան առթիւ, ուր այդ զոյգ ժամանակները յարգուած կրնան ըլլալ, արթուն ըլլայ հայ գրողը եւ տուրք չտայ տուեալ լեզուին:
Այլ խօսքով՝ զգայ ու մտածէ հայու պէս:
Ստորեւ յարացուցային օրինակներ՝
պէտք է երգեմ պէտք չէ երգեմ պէտք է երգէի պէտք չէ երգէի
պէտք է երգես պէտք չէ երգես պէտք է երգէի պէտք չէ երգէիր
պէտք է երգէ պէտք չէ երգէ պէտք է երգէր պէտք չէ երգէր
Ուրմն երգել բայը հանդէս եկած է մի՛այն դիմաւոր ձեւերու կից:
Յատուկ ուշադրութեան արժանի են պէտք է երգէր եւ պէտք չէ երգէր, որոնք ընդհանրապէս տեղիք կու տան յաճախակի սխալագրութեան. արդի արեւմտահայը հակամէտ է գրելու՝ պէտք է երգեր ու մանաւանդ պէտք չէ երգեր, ինչ որ կրկնակի սխալ է[1]:
Պէտք է եղանակիչը կրնայ ժխտական եւս կիրարկուիլ. օրիկակ՝
--Պէտք է ուշադիր լսես զինք:
--Պէտք չէ երեւոյթներէն խաբուիլ:
--Պէտք չէ շատ ականջ կախել անոր խօսքերուն:
* * *
Նոյն «պէտք է»-ն կրնայ հանդէս գալ նաեւ իբրեւ յարադրաւոր լիարժէք դիմաւոր բայ՝ «պիտանի, օգտակար ըլլալ» նշանակութեամբ.
պէտք եմ-պէտք ես-պէտք է-պէտք ենք, պէտք էք-պէտք են,
պէտք չեմ-պէտք չես -պէտք չէ-պէտք չենք-պէտք չէք- պէտք չեն:
Նաեւ՝ պէտք էի-չէի, պէտք եղայ-չեղայ, պէ՛տք եղիր- եղէք, պէտք մ ի՛ ըլլար-ըլլաք, պէտք պիտի ըլլամ-չըլլամ, պէտք պիտի ըլլայի-չըլլայի, պէտք ըլլայի-չըլլայի: Այլեւ՝ պէտք եղած եմ... եւ այլն:
Ան կրնայ ստանալ՝
--Ենթակայ . «Այս մատիտը պէտք է, այդ տետրակը պէտք չէ»:
--Բայական լրացումներ՝ «Հիմա պէտք ես ինծի»: «Այստեղ պէտք չէք դուք»:
Մասնակցիլ բարդ ստորադասական նախադասութեան կազմութեան.
--Այնուհետեւ պէտք եղաւ, որ ստիպուէինք հարցաքննել բոլորը:
* * *
Գրաբարի մէջ լայն կիրարկութիւն ունեցած է պիտիմ-ը իբրեւ դիմաւոր բայ բոլոր եղանակներով ու ժամանակներով՝ պիտի-պիտէր-պիտեցաւ- պիտեսցի-պիտիցի-պիտեցեալ:
--Այր ոչ պիտի ծածկել զգլուխ իւր (Ոսկեբերան):
(Տղամարդը պիտի չծածկէ իր գլուխը)
--Նմա ոչ պիտէր առ վայր մի կեալն (փարպեցի):
(Անոր պէտք չէր նոյն վայրին մէջ ապրիլ)
Ասոր արձագանգները մինչեւ այսօր ալ կը հնչեն ոմանց քով. օրինակ՝
«Պիտի հասկցնել իրեն, որ հրաժարի այդ նպատակէն»:
Աշխարհաբարը կը մերժէ այս կիրարկութիւնը, որ ժամանակավրէպ ու անընդունելի հնաբանութիւն մըն է:
* * *
Լայն շրջանառութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ պէտք է դիմաւոր բայի զազրելի կիրարկութիւն մը, ուր անոր կը կցուի անորոշ դերբայ մը. օրինակ՝
--Պէտք եմ այս գիրքը երկու օրէն կարդալ:
--Սկսած գործդ մէկ օրէն պէտք ես աւարտել:
Ցաւով նկատած եմ, որ այս էապէս խորթ կառոյցին ետին կանգնած եղած են Մխիթարեանները, քանի ներկայացող օրինակներուն 90 տոկոսը կը կրէ մխիթարեանի մը ստորգրութիւնը եւ անկէ տարածուած է այլուր:
2. Կեր
Ընթացիկ լուրերու շարքին կը կարդանք. «Արցախ է հասցուել 10 տոննա բեռ՝ սնունդ, դեղորայք, մանկական կեր»:
«Կեր» բառի մէկ հետաքրքրական կիրարկութիւնն է այս, որուն մինչեւ հիմա չէի հանդիպած արեւելահայերէնի մէջ: Ուրեմն կարելի է կեր կոչել նաեւ մարդոց, այս պարագային՝ մանուկներու ուտեստեղէնը, մինչդեռ արեւմտահայերս կեր կը կոչենք մի՛այն անասուններու՝ հաւուն, աղաւնիին, ձիուն, ձուկին եւ այլնի յատկացուած ուտելիքները: Տակաւին կը զանազանենք շան ուտելիքը՝ լափ, լակ, շանի: Իսկ մարդոց
համար տեղին համեմատ կ’ըսենք՝ կերակուր, ուտելիք, ուտեստ, ճաշ, սնունդ, պարէն, նպար, պաշար:
Ունինք խայծ ընդհանրական բառը, որ կը նշանակէ «հրապուրիչ ուտելիք», այնպիսին, որ կը ծառայէ հրապուրելու որեւէ երէ՝ որսալու համար զայն: Փոխաբերաբար խայծ կը կոչուի որեւէ առարկայ, որ կրնայ ծառայել մտափոխելու եւ մոլորեցնելու մարդ արարածը եւս՝ զիջում մը կորզելու համար անկէ:
--Պաշտօնի բարձրացումը կարեւոր խայծ մը հանդիսացաւ Թորոսին:
Մրցոյթ 104.
***Լրացնել հետեւեալ ասոյթը.
---Ծնողքին օրհնութեան արժանացած մարդուն աքաղաղն ալ (հաւկիթ) կ’ածէ[2] :
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալները.
---Փափագողները իրենց նուիրատւութիւնը կրնան կատարել հետեւեալ հասցէին:
---Անցեալի սրբավայրին այսօր սրճարանի վերածումը խիղճերը վիրաւորող երեւոյթ մը կը նկատենք:
---Այս վտիտ կինը Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախկին նախարարն է:
---Ան միշտ հաւատարիմ մնաց մեր հոգիներուն ու մտքերուն մէջ ամրագրուած այն վեհ սկզբունքին:
Ճիշդ պատասխանած են՝Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան(8), Ցոլակ Ապտալեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (7)
Մրցոյթ 105.
***Լրացո՛ւր հայկական հետեւեալ ասոյթը.
---Արագ քալեմ՝ կ’ըսեն ծուռ է, դանդաղ քալեմ՝ կ’ըսեն............:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադերէիր հետեւեալնեը.
---Անգարա պիտի չաջակցի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Շուէտի դիմումին:
---Կը մնայ սպասել, որ նշեալ պաշտօնեաները պիտի անսան հարցաքննութեան հրաւէրին:
---Ուքրանիոյ ամերիկեան հրասայլերու մատակարարումը ցայտուն սադրանք պիտի ըլլայ:
---Ժողովը քննարկեց շարք մը ընդհանուր հետաքրքրութիւն ունեցող հարցեր:
Արմենակ Եղիայեան