image

Հայերէնը կը զուարճանայ (104)

Հայերէնը կը զուարճանայ (104)

Երկձեւ բառեր

Պէտք է նկատած ըլլաք, որ աշխարհաբարը կը կիրարկէ կարգ մը  երկձեւ բառեր:

Այս երկձեւութիւնը հետեւանք է զանազան  գործօններու:

Ան  երբեմն կը գտնուի մեր երկու բարբառներէն նոյնին մէջ, երբեմն երկուքին հաւասարապէս, իսկ երբեմն ալ յատուկ է անոնցմէ մէկուն կամ միւսին միայն: 

Տեսնենք այսպիսիներէն մէկ քանին:

--Գագաթնաժողով եւ գագաթաժողով

Բառիս արմատը կու գայ գրաբարէն, ուր ան գագաթն էր:

Գրաբարը այս նոյն արմատով կազմած է կարգ մը բաղադիր բառեր՝ պահելով  բառավերջի «ն» բաղաձայնը, որոնք աշխարհաբար չեն մտած:  

Այս բաղաձայնը աշխարհաբարի մէջ  կորսուած է շատ ուրիշներու պէս,− որոնցմէ բաւական օրինակներ տեսանք մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ՝ սերմն-սերմ, մատն-մատ, մուկն-մուկ, զմելին-զմելի  եւ այլն,− սակայն  իր նոր բառերը ընդհանրապէս կազմած է գագաթն-ով, այսինքն՝ անցեալի կաղապարի վրայ եւ պահելով բառավերաջի «ն»-ն. այդպիսիներէն է գագաթնակէտ, գագաթնային, գագաթնակողմ եւ այլն: 

Բայց ահա չես գիտեր ինչպէս ծնունդ առած է նաեւ գագաթաժողով ձեւը,  որ կը հիմնուի գագաթ աշխարհաբարեան բառին վրայ.   սա  առաջին անգամ երեւցած է արեւելահայերէնի մէջ, ուր կը հանդիպինք սակայն  գագաթնաժողով ձեւին եւս,  եւ անկէ անցած է արեւմտահայ  կարգ մը գրողներու:

--Արծուաբոյն եւ արծուեբոյն

Աշխարհաբարի յաջորդ թիրախը բառավերջի ի ձայնաւորն էր. այսպէս է, որ արծուի, հիւսիսի, պատասխանի, տեղի  (եւ ուրիշներ)  դարձած են՝ արծիւ, հիւսիս, պատասխան, տեղ:

Այս նոր ձեւերու յառաջացումով  ծնունդ առած են բառակազմական բաւական հետաքրքրական կացութիւններ, որ ահաւասիկ.

Գրաբարը իր բոլոր բարդութիւնները կազմած է անտեսելով բառավերջի իր «ի» սեփական հնչիւնը եւ տուած է՝ արծուաբեր, արծուաթռիչ, արծուակերպ, արծուաճանկ, արծուանշան, ուր ա յօդակապը մնացած է անվթար: 

Եւ ահա զարմանալիօրէն աշխարհաբար  գրողներ իրենք՝ պապէն աւելի պապական դարձած, յարգած են բառավերջի «ի» ձայնաւորը եւ իրենց բառերը կազմած են ե-ով.

Գայայեան – արծուեռունգն

Ճիզմեճեան – արծուենշան, արծուեդրօշ, արծուեգլուխ

Տէր Խաչատուրեան – արծուեռունգն

Կռանեան – արծուեբոյն, արծուեռունգ

Գնէլ Ճերեճեան,  չես գիտեր ուրկէ՛,  աւելցուցած է արծուեգորգ, արծուեկիր:

Խոստովանինք, որ չենք ալ գիտեր, թէ ասոնց որքա՞նը բառարանագիրներուն վաստակն է, որքա՞նը գրողներու  խելքին փչածն է:

                                                                         *    *    *

Հիւսիսի եւ պատասխանի որեւէ երկւութիւն չեն տուած աշխարհաբարի մէջ:

Բաւական հետաքրքրական է տեղի-ի  պարագան:

Աշխարհաբարեան բոլոր բաղադրեալ ձեւերը կազմուած են տեղ-ով՝ առանց բառավերջի  «ի» ձայնաւորի նկատառման. օրինակ՝ տեղաբանական, տեղաբնակ, տեղաբնիկ, տեղագիր, տեղագրել, տեղադրել, տեղակալ, տեղական, տեղաշարժ, տեղապահ, տեղատւութին, տեղափոխել եւ  ուրիշներ:

Իսկ տեղի ձեւը պահպանուած է զանազան բառակապակցութիւններու մէջ. օրինակ՝ տեղի-անտեղի, տեղի տալ, տեղի ունենալ. ունինք նաեւ տեղիք, որ յոգնակին է տեղի-ին եւ որմէ ունինք՝տեղիք տալ, որ կը նշանակէ առիթ կամ պատրուակ տալ:

Գրաբարը ունեցած է  ետղ տարբերակը եւս, իբրեւ տեղ:

Ասոր հեռաւոր սեռական մայրը եղած է ետեղ,  եւ ճիշդ   այս ձեւին   տակ ան տուած է մեծաթիւ բառեր, որոնք խորքին մէջ զուգահեռներն են տեղ-ով կազմութիւններու. ետեղագրեմ-տեղեկագրեմ, ետեղակալ-տեղակալ, ետեղական-տեղական, ետեղանալ-տեղաւորուիլ, ետեղափոխ-տեղափոխ, ետեղապէս, ետեղասէր:

Այս տարբերակները աշխարհաբար չեն մտած: 

Աշխարհաբարը այս բոլորին դիմաց ունի ընդամէնը զետեղել եւ ուրիշ  ոչինչ: 

                                                         *    *    * 

Շատ ուրիշներ ալ կը պահեն  այդ ի-ն. օրինակ՝ գինի, օղի,  եկեղեցի, աքացի եւ այլն. Յատկապէս ծառատեսակներ՝  բարտի, թեղի,  թխկի, հացի, ուռի եւ այլն. կաղամախի եւ մայրի ունին կաղամախ եւ մայր  տարբերակները:

Անդին կան  «ի» ձայնաւորը ածանցաբար կրող բառեր, որոնք առանց անոր պիտի իմաստազրկուէին կամ իմաստ փոխէին. օրինակ՝ աղ-աղի,  բար(ք)-բարի, դաժան-դժնի, երկդէմ-երկդիմի, ծիրան-ծիրանի, յարգ-յարգի, պատրաստ-պատրաստի, վայր-վայրի եւ այլն:

--Իրարօգնութիւն եւ իրերօգնութիւն

Երկւութեան աղբիւրը այստեղ եւս առաջին արմատն է, որ մեկնակէտ ունի  գրաբարեան իրեար  դերանունը եա երկբարբառով:

Մեր հին երկբարբառները աշխարհաբարի մէջ հակում ունեցած են քանդուելու եւ ընդհանրապէս վերածուելու իրենց բաղադրիչ պարզ հնչիւններուն, այս պարագային՝  եա տուած է հաւասարապէս ե եւ ա:

Ահա այս քայքայումին ու տարբաղադրումին արդիւնքն է, մէկ կողմէ՝ իրար, որ կը հոլովուի եւս՝ զիրար-իրարու-իրարմէ-իրարմով: Միւս կողմէ՝ տուած է իրեր՝ իրերահաղորդ, իրերահաշտ, իրերամերժ, իրերամէջ,  իրերայաջորդ, իրերավարժ, իրերօգնութիւն, իրերագով, իրերանման  եւ այլն. այս վերջիններուն զուգահեռ ունինք նաեւ՝ իրարահաղորդ, իրարահաշտ, իրարամերժ, իրարամէջ, իրարայաջորդ, իրարավարժ, իրարօգնութիւն, իրարագով, իրարանման:

Եզրակացութիւն

Անհաճոյ ըլլալով հանդերձ՝ այս երկւութիւնները մասնաւոր սպառնաիք մը չեն ներկայացներ հայերէնին եւ ոչ ալ կ’աղարտեն զայն: Ինչպէս տեսանք, մեծամասնութիւնը հետեւանք է գրաբարեան աւանդոյթի, իսկ աշխարհաբարը իր պորտալարը բոլորովին չէ կտրած ու չի կրնար  ալ կտրել գրաբարէն՝ իր մօրմէն: Հետեւաբար առանց իրարանցումի ապաւինինք  ժամանակին,  եւ թող ան  հանգիստ որոշէ  այսպիսիներուն ճակատագիրը:

Կը խնդրուի, որ նոյն գրողը նոյն յօդուածին մէջ նոյն բառը երկու տարբեր ձեւով չգրէ:

Մրցոյթ 96.

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

--- Անոնց  հանդիպումն ու ձեռքսեղմումը  կրնայ բարելաւել  յարաբերութիւնները:

---Երկրաշարժը մեծագոյն վնասը գործեց  Արդարադատութեան շէնքին:

  ---Արդէն   կարելի չէր երկու հոգիով   կառավարել հաստատութիւնը: 

---Մեզմէ ոչ մէկը (ոք) պէտք է անտարբեր  մնայ իր հայրենիքին հանդէպ։

---Թուրքիա պէտք է գտնուի  նոր աշխարհակարգի կեդրոնը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Համբարձում Յարթունեան(4), Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Գեղամ Խաչատրեան (4), Եփրեմ Թոքճեան(6), Լեւոն Շառոյեան (8)  

Մրցոյթ 97.,

***Ընդգծէ՛ իւրաքանչիւրին  շեշտելի բառը եւ դի՛ր շեշտը.

---Սոխակին ձայնն ալ չլսուեցաւ:

---Սոխակին ձայնը ալ չլսուեցաւ:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Օսթին պաշտօնակիցին  փոխանցեց ցամաքային ներխուժումի անպատեհութիւնը: 

---Ահա մէկ շաբաթէ, որ աշխարհը կ’ապրի ախոյանութեան խաղերու կշռոյթով:

---Ֆութպոլի առաջին աշխարհի ախոյանութիւնը տեղի ունեցաւ 1930 թուականին:

 

 Արմենակ Եղիայեան