image

«Հայաստանն առանց վարանելու կանգնեցաւ թուրք ժողովուրդի կողքին».Սերտար Քըլըչի գրառումը

«Հայաստանն առանց վարանելու կանգնեցաւ թուրք ժողովուրդի կողքին».Սերտար Քըլըչի գրառումը

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ թրքական կողմէն յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ անդրադարձած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Անգարա կատարած այցին։

«Աշխարհագրութիւնը մեր ընդհանուր ճակատագիրը որոշող ամենակարեւոր գործօնն է, երբեմն, ինչպէս հիմա, այս ճակատագիրը կը կերտուի տառապանքով:

Տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ դրսեւորուած մարդասիրական համերաշխութիւնը լաւագոյն դեղամիջոցն է այս տառապանքը մեղմելու համար։ Ինչպէս տարածաշրջանի բոլոր երկիրները, այնպէս ալ Հայաստանը առանց վարանելու կանգնեցաւ թուրք ժողովուրդի կողքին»,- գրած է Քըլըչ թուիթըրեան իր էջին՝ լուսանկարներ հրապարակելով Արարատ Միրզոյեանը դիմաւորելու արարողութենէն: