Հայաստանի ուղղութեամբ մեր հայեացքները վերանայելու ժամանակն է

Հայաստանի ուղղութեամբ մեր հայեացքները վերանայելու ժամանակն է

Աննա Սաղապալեանը հաղորդակցութեան փորձագէտ եւ հետազօտող է: Ան 2012-2020 թուականներուն եղած է «Լիդիան Ինթերնեշընըլ» ընկերութեան հաղորդակցութիւններու գծով տնօրէնը: Մինչ այդ Երեւանի մէջ գործող «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հաղորդակցության գծով ղեկավարն էր։ Սաղապալեան 10 տարի աշխատած է իբրեւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի աւագ թղթակից եւ հաղորդաշարի խմբագիր (1998-2008): Ան Ռոթերդամի կառավարման դպրոցի հաղորդակցութեան ոլորտի գիտութեան մագիստրոսի կոչում ունի։ Սաղապալեանի մագիստրոսական թէզը՝ յետ-սովետական երկիրներու մէջ ՀԿ-ների ազդեցութեան մասին, արժանացած է Shell Netherlands մրցանակին (2014 թուականին):

 Սաղապալեանի ստորեւ ներկայացուած յօդուածը (բնագիրը լոյս տեսած է  Armenian weekly-ին  մէջ եւ հայերէնի թարգմանուած «Արեւելք»ի կողմէ) կը ներկայացնէ հանքարդիւնաբերութեան դերը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, ամրապնդման գործին մէջ։ Հեղինակը փորձած է ցոյց տալ այն պատճառները, թէ ինչպէս յատկապես սփիւռքէն սնուած երազային գաղափարներու շնորհիւ հայկական տնտեսութինը մնացած հեռու եւ մշուշոտ անցեալին մէջ։ Ասոր զուգահեռ մեր հարեւանները զարգացած են՝ ամրապնդելով իրենց տնտեսութիւնը եւ խոշոր գումարներ ուղղելով սպառազինութեան առաջնային համարուող ոլորտին։

 «Արեւելք» 

Անցեալ տարի Հայաստանի կրած աղէտը ունէր աւելի խոր արմատներ եւ բարդ բացատրութիւն՝ ներառեալ վերջին տարիներու զարգացումները, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական գործօնները եւ, ի հարկէ, ներկայ ղեկավարութեան անկարողութիւնը եւ շատ աւելին։ Բայց կայ նաեւ այն հիմնական ցաւալի իրականութիւնը, որ յարձակողական պատերազմին մէջ կողմերէն յաղթեց աւելի հարուստը, որ ունէր աւելի լաւ զինուած բանակ:

Այս յօդուածը կը կեդրոնանայ այն նիւթի վրայ, թէ իբրեւ ազգ, մենք մեզի ինչու թոյլ տուինք տասնամեակներ շարունակ «ուտոպիստական» (երազական) տնտեսական գաղափարներու շքեղութիւնը՝ անտեսելով իրական հնարաւորութիւնները, ներառեալ բնական պաշարներու խելամիտ օգտագործումը: Այս մէկը նկատի պէտք է առնել՝ երբ կը գտնուինք պատերազմի մէջ՝ հարեւան երկրի մը հետ, որ նաւթ կ՚արդիւնահանէ: 

Շահումեանի (Քարվաճառի) շրջանը Ատրպէյճանին յանձնելէ ետք, ըստ տարբեր տեղեկութիւններու, Հայաստանը կորսնցուցած է Սոթքի ոսկիի արդիւնահանման ծրագրէն մաս մը, որ երկրին համար չորրորդ խոշոր հարկային եկամուտը կ՚ապահովէր։ Արդիւնաբերական աղբիւրները կը նշեն, որ ոսկիի պաշարներու առումով, տնտեսական ընդհանուր կորուստը դժուար է գնահատել, քանի որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացը կը շարունակուի։ Սակայն, գործող ռուսական Geopromining ընկերութիւնը աշխատանքէ ազատած է առնուազն 280 աշխատող՝ աշխատուժի մօտ 15 տոկոսը: Հետաքրքրական է, որ Սոթքէն բաժին մը կորսնցնելէ ետք է, որ, ըստ երեւոյթին, հանրային քննարկումները սկսան եզրակացնել, որ այդ մեզի համար կարեւոր էր։ Միւս կողմէ, եթէ յետադարձ հայեացքով նայինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի «առաջադէմներ»ուն կատարած վերջին երկու տասնամեակներու բանավէճերուն, կրնանք ենթադրել, որ տարիներ առաջ, կամովին պէտք էր փակած ըլլայինք բոլոր հանքերը։ Յաջորդ անգամ լաւ կ՚ըլլայ, որ մեր առաջնահերթութիւններուն մասին մտածենք նախքան զայն կորսնցնելը եւ ապա զղջալն ու անդրադառնալը, թէ կորսնցուցած ենք բան մը, որուն պէտքն անգամ չէինք գիտակցած:

Քանի մը տարի առաջ ես կը զրուցէի սփիւռքահայու մը հետ, որ հանքարդիւնաբերութեան նախագիծին մէջ ներդրում կատարած էր։ Այդ իր առաջին ձեռնարկատիրական «պիզնէս» ներդրումն էր Հայաստանի մէջ: Ան կը հպարտանար ոչ թէ ներդրումով, այլ անով, որ նախապէս երբեք շահ չէր փնտռած Հայաստանի մէջ՝ ունենալով բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներ: Կը յիշեմ, որ այն ժամանակ անոր ըսի. «Դուք պէտք է հպարտանաք ձեր ներդրումներով, ոչ թէ բարերարութեամբ»:

Ինչպէս կ՚ըսէ Մայքլ Փորթըրը. «Դրամի տրամաբանական եւ արդիւնաւէտ կիրառման իմաստով, բարեգործութիւնը տասնամեակներով ետ կը մնայ «պիզնէս»էն»։ Իսկապէս, այս համընդհանուր ճշմարտութիւն է: Այնուհանդերձ, ես յաճախ կը զգամ, որ նոյնիսկ յաջողակ սփիւռքահայերու պարագային, որոնք գիտեն դրամի արժէքն ու տնտեսական իրագործելիութեան կարեւորութիւնը, այդ գիտելիքը յօդս կը ցնդի, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանին։ Կարծէք թէ բոլոր տեսակի երազային գաղափարները կիրառելի են՝ «պիզնէս» տրամաբանութենէն բացի։ Կարծէք թէ Հայաստանը երկիր չէ, այլ երազի երկիր մը, որ տարբեր մօտեցումի մը կարիք ունի՝ ամբողջովին դուրս այն տրամաբանութենէն, որու վրայ մնացեալ աշխարհը յենած է: 

 

Էքօ վարունգ եւ հարուածող անօդաչուներ

Խելահաս աշխարհը, ուրկէ շատ մը սփիւռքահայեր կու գան, բաղկացած է իրական տնտեսութենէ՝ արագ զարգացող երրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութենէն, որ տակաւին կ՚աջակցի ծանր արիւնաբերութեանը: Բայց այդ մէկը Հայաստանին համար իբրեւ չափանիշ չ՚առնուիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ քանի մը տարին մէկ անգամ Տիզնիլէնտ կ՚այցելես, կ՚ակնկալես, որ ան բոլորովին տարբեր ըլլայ առօրեայէդ:

Գնահատելով հանդերձ այն սփիւռքահայերուն ջանքերը, որոնք Հայաստանի կարողականութեան զարգացման գործին մէջ ներդրում ունեցած են, հայաստանաբնակ հայերը կը նկատեն, որ սփիւռքահայերէն շատերուն համար Հայաստանը ամառանոց է, հանգիստի վայր, ուր անոնք կու գան վայելելու հեռաւոր գիւղերու մէջ փոքր պանդոկները, ճանապարհներուն տնական գինի վաճառողները եւ Երեւանի սրճարանային կեանքը։ Անշուշտ, մարդ պիտի չ՚ուզէ իր հանգիստը փչացնել հասուն աշխարհի տեսարաններով, օրինակ՝ մեծ գործարան մը գիւղական պանդոկին կողքը, կամ տեսնել ճամբան տնական գինի վաճառողը սկսած է աշխատիլ մեծ՝ նոր զարգացող գործարանի մը հանքերուն մէջ (Աստուած մի արասցէ):

Սփիւռքի մէջ շատ քիչերը կը փորփրեն թիւերը եւ կը տեսնեն, որ Երեւանի սրճարանային աշխոյժ կեանքը հիմնական կախեալ է հայկական ձեռնարկատիրական գործունէութենէն, եւ արտերկիր, մանաւանդ՝ Ռուսաստան աշխատող հայերէն ստացուող դրամական փոխանցումներէն, որոնք կը կազմեն երկրին ՀՆԱ-ի (GDP) (Համախառն ներքին արտադրանք) մինչեւ 30 տոկոսը: Որեւէ երկրի մէջ կան պանդոկներ եւ փողոցի առեւտրականներ: Սակայն այդ երկիրները ապահովուած են հզօր տնտեսութեամբ, ծանր արդիւնաբերութեամբ եւ մեծ ընկերութիւններու մէջ կատարուած ներդրումներով: Էքօ թէյը յարձակողական տրոններ չի գներ, բայց Ատրպէյճանի պարագային՝ նաւթը կրցաւ այդ մէկը ընել։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մենք անընդհատ կը մտածէինք, որ «էքոտուրիզմը» կրնար մրցունակ այլընտրանք ըլլալ նաւթին: Իսկ ինչո՞ւ Սփիւռքը, որ տեսականօրէն պէտք էր աւելի շատ գիտելիքներ ունենար, փոխանակ կանխելու այս երազը, աւելի քաջալերեց զայն:

Էքօ թէյը յարձակողական տրոններ չի գներ:

Այս գաղափարներէն քանի մը հատին մէջ համադրուած են տարօրինակ երեւակայութիւնն ու տնտեսութեան հիմունքներու ամբողջական անտեսումը: Կը յիշեմ նախաձեռնութիւնը Զուիցերիայէն հայ գործարարներու, որոնք կ՚առաջարկէին Հայաստանի մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը փոխարինել մեղրի արտադրութեամբ։ Անոնց տնտեսական «փաստարկն» այն էր, որ մէկ թոն մեղրը աւելի թանկ է, քան մէկ թոն պղինձը։ Բայց ոչ ոք կ՚ըսէր, թէ ինչպէս մէկ թոն մեղր պիտի կարենանք արտադրել եւ սպառել պղինձի փոխարէն, նոյնիսկ եթէ Հայաստանի մէջ ապրող երեք միլիոն մարդիկ բոլորն ալ մեղուաբոյծ ըլլային։ Իսկ արդեօք այդ մէկը ոգեշնչող ազգային գաղափար մը կ՚ըլլա՞ր։

Մէկ այլ սփիւռքահայ կին կը պնդէր, որ հանքարդիւնաբերութիւնը փոխարինող լաւ ներդրում կ՚ըլլար պանիրի արտադրութիւնը: Աշխարհի վրայ քանի՞ երկիր գոյութիւն ունի, որ իր տնտեսութիւնը հիմնած է կամ կը ջանայ հիմնել պանիրի արտադրութեան վրայ։ Փաստօրէն, աշխարհի գիւղատնտեսական գլխաւոր արտահանողներն են ԱՄՆ-ն, Գանատան, իսկ պանիրի գլխաւոր արտադրողներն են՝ Ֆրանսան եւ Հոլանտան։ Այնուամենայնիւ, այս երկիրներու ՀՆԱ-ի մօտաւորապէս մէկ տոկոսը միայն կը կազմէ գիւղատնտեսութիւնը: Պանիրը, մեղրը, ձեռագործ տիկնիկները, զբօսաշրջութիւնը եւ նոյնիսկ բարձր արհեստագիտութիւնը (IT) չեն կրնար փոխարինել ծանր արդիւնաբերութեան, որ ե՛ւ դրամագլուխ է, ե՛ւ աշխատուժ կը ստեղծէ ե՛ւ կայուն արտահանում ու հարկային եկամուտ կ՚ապահովէ: Բացի այդ, ան հմուտ աշխատուժ կու տայ, ինչպէս երկրաչափներ, երկրաբաններ, մետաղագործներ եւ քիմիկոսներ:

Մինչ Հայաստանը քանի մը տասնամեակներ զբաղած էր երազային գաղափարներով, որոնք անհամաչափօրէն կը տարածուէին տեղացի եւ սփիւռքահայ երազողներու ստեղծած հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ՝ Ատրպէյճանը երկու տասնամեակի ընթացքին կրցաւ ներգրաւել շարք մը խոշոր ներդրողներ, ինչպիսիք են՝ BP, Statoil, Total, Chevron ընկերութիւնները եւ այլն։ Այս կը նշանակէ ե՛ւ սպառազինութեան համար գումար, ե՛ւ մեծ ներդրումներու հետ կապուած փորձառութիւն։ Շահումեանի շրջանի գրաւումէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի մէջ հանքագործութիւն ստանձնած London Stock Exchange-ի վրայ ցուցակագրուած Anglo Asian Mining ընկերութիւնը յայտնեց ոսկիի հանքավայրերը պեղելու իր մտադրութիւնը այն տարածքին մէջ, որ հայկական կողմը յանձնած էր Ատրպէյճանին 2020 թուականի վերջաւորութեան:

 

Փաստեր դիտարկելու ժամանակը

Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ներուժի խելացի օգտագործումը կրնար ըլլալ սակաւաթիւ եւ կենսունակ տարբերակներէն մէկը՝ մրցակցելու դրացի նաւթ արդիւնահանող երկրի հետ։ Բայց մենք այդ ներուժը չափազանց քիչ օգտագործեցինք:

Չնայած տարածուած առասպելին, Հայաստանն ունի միայն հինգէն վեց լիովին շահագործուող մետաղական հանքեր (ոչ տասնեակ, եւ, ի հարկէ, ոչ հարիւրաւոր), եւ միայն երկու-երեքը կրնան համեմատուիլ ԱՄՆ-ի կամ Գանատայի միջին չափի հանքերուն հետ: Հայաստանն իրօք տեղ ունի քանի մը մեծ նախագիծերու համար, որոնք կրնան որոշ ապահովութիւն տալ տնտեսութեան։ Եւ նաեւ 500 պատճառ կայ, թէ ինչու այս գաղափարը պէտք չէ օրինազանց համարուի:

Geopromining -ի արտաքին կապերու ղեկավար Ռուզաննա Գրիգորեանին հարցուցի, որ բացի Սոթքի ծրագրի կորուստէն, ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան դերը։ Արդիւնքը ապշեցուցիչ էր։ Covid-ի եւ պատերազմի տարին, որ Հայաստանի համար ճգնաժամային տարի էր, հանքարդիւնաբերութիւնը օտար դրամանիշներու սակաւաթիւ, եթէ ոչ միակ մատակարարն էր։ Ան միակ ոլորտն էր, որ 2020 թուականին 11 տոկոսով աճեցաւ եւ միակ «փափուկ բարձ»ն էր՝ տնտեսութեան փլուզման դէմ: Հանքարդիւնաբերութեան ազդեցութիւնը տնտեսութեան վրայ անհամեմատելի է, եթէ զայն բաղդատենք այլ «պիզնէս»ի կամ աշխատանքի այլ ոլորտներու հետ։ Մէկ հանքարդիւնաբերական ծրագրի շուրջ ան կը մատակարարէ հազարաւոր կողմնակի աշխատատեղեր եւ «պիզնէս» հնարաւորութիւններ: Վարդենիսը, Ագարակը, Մեղրին, Քաջարանը, Կապանը եւ Ախթալան այն սահմանամերձ քաղաքներէն են, ուր ընկերա-տնտեսական կայունութիւնը եւ արտագաղթի կանխումը միայն երկու-երեք հանքարդիւնաբերական ծրագիրներէ կախեալ են:

«Կանաչ ապագայ»ի աշխարհի կառուցմամբ մետաղներու պէտքը անհամեմատելիօրէն պիտի աճի: Ելեկտրական ինքնաշարժները, քամիի եւ արեւի լոյսով բանող մեքենաները, բոլորն ալ մետաղներու կարիքը ունին: Եթէ միայն մարտկոցներու (battery) պահպանման համար մետաղներու պահանջքը նկատի առնենք, ապա ան աւելի քան 1000 տոկոս աճ կ՚արձանագրէ, ինչպէս որ նշուած է Համաշխարհային Պանքի տեղեկագրութեան մէջ: Զարգացող եւ նոյնիսկ զարգացած երկիրները կատաղիօրէն պիտի մրցակցին հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ներդրումներու համար։

Հակառակ տարածուած մէկ այլ առասպելի՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ներդրումները ռիսկային են, եւ Հայաստանի մէջ տասնամեակներ շարունակ, անոնց թիւը շատ սակաւ եղած է, եթէ ընդհանրապէս եղած է: Ուրեմն ինչո՞ւ անոնք Հայաստան պիտի գան, երբ կառավարութիւնը փճացուց անկախութենէն ի վեր եղած իր ամենամեծ ներդրումը եւ նոր հանքարդիւնաբերութեան իր միակ նախագիծը՝ Ամուլսարը: Ես չեմ ուզեր քննարկել որեւէ նախագիծի բնապահպանական արժանիքներն ու բնապահպանական աղէտի խիստ վիճելի պնդումները, որոնց մասին կը խօսէին սփիւռքահայ ռոք երաժիշտները, դերասանները, մարսողական նիւթեր արտադրողները… բոլորը, բացի հանքարդիւնաբերութեան փորձ ունեցող բնապահպան փորձագէտներէն: Ճակատագիրի հեգնանքով, տարիներ շարունակ, բնապահպանական խնդիր ստեղծողները, միայն սփիւռքէն եկող ձայները չէին: Հիմնական փաստարկն այն էր, որ Հայաստանին հանքարդիւնաբերութիւն պէտք չէ։ Իսկապէս։ Ո՞վ պիտի ուզէ հանքարդիւնաբերութիւն տեսնել Տիզնիլէնտի մէջ:

Ի միջի այլոց, Գանատան եւ ԱՄՆ-ն աշխարհի ոսկիի առաջատար արտադրողներէն են: Գանատան, ԱՄՆ-ն, Շուէտը, Աւստրալիան եւ Ռուսաստանը աշխարհի երկաթի եւ պղինձի մեծագոյն արտադրողներն են: Հետեւաբար, հանքարդիւնաբերութիւնը սկսած է աճիլ վերականգնուող ուժականութեան՝ էնէրկիայի շուկայի աճով: Իսկ մենք՝ ազգովին պէտք է որոշենք, թէ ուր կ՚ուզենք գտնուիլ այս մրցոյթին մէջ: Կ՚ուզենք էքօ պանի՞ր արտադրել ու ծայրը ծայրին բաւարարել մեր պէտքերը, թէ՞ կ՚ուզենք մրցիլ Թէսլայի համար պղինձ արտադրողներուն հետ: Իսկ պանիրի ու պղինձի արտադրութիւնը զիրար չեն հակասեր։

Տարածուած հակափաստարկ մըն ալ այն է, որ Հայաստանը չափազանց փոքր երկիր է հանքարդիւնաբերութեան համար: Այո, չափերը համեմատելը իրատեսական չէ, քանի որ Գանատայի մէկ հանքավայրի մէջ արտադրուած պղինձը հաւասար է Հայաստանի ընդհանուր արտադրութեան: Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ, քաղաքներու, լիճերու եւ անտառներու կողքին կան հարիւրաւոր հանքեր: Մէկ ժամ համացանցի վրայ փնտռելով կը գտնենք տուեալները: Համացանցի վրայ ներդրած այդ ժամանակը աւելի արժէքաւոր է, քան կոյր նուիրատուութիւնը, որ ուղղուած է դադրեցնելու Հայաստանի մէջ հանքարդիւնաբերութեան որեւէ ծրագիր: Արդիւնաբերութեան մէջ որակաւորուած բնապահպանական ցանկացած փորձագէտ կ՚ըսէ, թէ թեքնիքապէս կարելի է այնպէս սարքել հանքի կառոյցը, որ ոչ մէկ վնասակար ազդեցութիւն ունենայ համայնքի առողջութեան վրայ եւ բնապահպանօրէն կառավարելի ըլլայ:

Մենք փոխանակ մեր ժամանակն ու աղբիւրները տրամադրենք գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ ելքեր գտնելու, մխրճուած ենք անօգուտ բանավէճի մէջ, թէ ինչպէս կարելի է պղինձը փոխարինել պանիրով։ Իսկ մեր դրացի երկրին մէջ բանավէճ տեղի չունեցաւ, թէ արդեօ՞ք Կասպից ծովի զբօսաշրջութիւնը պէտք է փոխարինէ նաւթի արտադրութեան: Մենք պէտք է փոխենք միայն հանքարդիւնաբերութեան մասին քննարկող ռոք երաժիշտները՝ Սփիւռքի մետաղագործութեան մասնագէտներով՝ երկրաբաններով եւ շրջակայ միջավայրի կառավարման փորձագէտներով, որոնք պատրաստ են օգնելու այս երկրին արդիականանալ՝ ներդրումներն ուղղելով եւ կեդրոնացնելով արդիւնաբերութեան ոլորտին վրայ:

Բնութիւնը մեզի եզակի հնարաւորութիւն տուած է կանաչ կենսուժի (energy) շուկային մէջ բաժին մը ձեռք բերելու: Իսկ մենք ազգովին պէտք է որոշենք, թէ մենք կ՚ուզենք շուկայական տնտեսութի՞ւն կառուցել, թէ՞ զուարճանքի պուրակ։

 

Նիւթի հեղինակ՝ Աննա Սաղապալեան
Աղբիւր՝ Armenian weekly

«Արեւելք»ի համար թարգմանեց` Նայիրի Տաղլեան