Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը խորհրդակցութիւններու կանչուած է Մոսկուա:
«Մայիս 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը խորհրդակցութիւններու կանչուած է Մոսկուա»,-ըսուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ։
Այլ մանրամասներ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն չէ յայտնած։