Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կողմէ նախաձեռնուած քննարկումներու ձեւաչափին մէջ հանդիպած է Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար էտմոն Մարուքեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանի հետ:
Այս մասին լուրը տարածած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնէն։
Հանդիպումներու ընթացքին մտքեր փոխանակուած են երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի շուրջ: