Հայաստանի մէջ 28 դեկտեմբերի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի, մահացած՝ 7-ը: Հիւանդութեան նոր դէպքերու փոքր թիւը պայմանաւորուած է շաբաթ-կիրակի օրերու քիչ քննութեամբ: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 1413 քննութիւն: Քննութիւններու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 585057-ի:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 157948 դէպք, որոնցմէ 139675-ը` առողջացած, 2775-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 14824 հիւանդ:
Նոյն օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 674 է: