Վաղարշապատի խոշորացուած համայնքի երէկ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու աւարտին յայտնի դարձած է, իշխող կուսակցութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի յստակ առաւելութիւնը։
Ստորեւ հայրենի ԶԼՄ-ներէն քաղելով մեր տուեալները «Արեւելք»ի ընտրութիւններուն կը ներկայացնենք ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է Վաղարշապատի խոշորացուած համայնքի 47 ընտրական տեղամասերու քուէարկութեան ամբողջական արդիւնքները։
Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 69.866
Քուէարկութեան մասնակցած ընդհանուր թիւը՝ 31.535
Քուէարկութեան օրը տեղամասին մէջ կազմուած լրացուցիչ ցուցակին ընտրողներու թիւը՝ 58
Անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը՝ 132
Ձայներու բաշխումը հետեւեալն է․
• «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինք – 10.051 քուէ (31.9 %)
• «Համահայկական ճակատ» կուսակցութիւն – 295 քուէ (1 %)
• «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն – 1.241 քուէ (3.9 %)
• «Մայր Հայաստան» ազգային–դեմոկրատական կուսակցութիւն – 1.692 քուէ (5.4 %)
• «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութիւն – 1.177 քուէ (3.7 %)
• «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւն – 440 քուէ (1.4 %)
• ՔՊ կուսակցութիւն – 15.298 քուէ (48.5 %)
• «Հայրենիք» կուսակցութիւն – 1.193 քուէ (3.8 %)
Անճշտութիւններու ընդհանուր չափը՝ 23։
Այսպիսով, Վաղարշապատի խոշորացուած համայնքի աւագանի կը մտնեն երեք քաղաքական ուժեր՝ ՔՊ, «Յաղթանակ» դաշինք եւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւն։
Աւագանիի մէջ 33 տեղերը պիտի բաշխուին այսպէս․
• ՔՊ – 19 մանդատ
• «Յաղթանակ» դաշինք – 12 մանդատ
• «Մայր Հայաստան» – 2 մանդատ
Այս դրութեամբ, ՔՊ կուսակցութիւնը առանձինն կը կարողանայ համայնքապետ ընտրել, առանց որեւէ այլ ուժի հետ կոալիցիա կազմելու անհրաժեշտութեան ու բնականաբար «ՔՊ»ի թեկնաղու Արգիշտի Մեխաեան պիտի դառնայ Վաղարշապատի քաղաքապետ։