image

Հայաստանի մէջ. Բանակային մարդատար կառք մը շրջուած է. կայ 1 զոհ եւ 7 վիրաւոր

Հայաստանի մէջ. Բանակային մարդատար կառք մը շրջուած է. կայ 1 զոհ եւ 7 վիրաւոր

Նոյեմբեր 16-ին՝ ժամը 09:50-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ «Կամազ» մակնիշի մեքենայի կողաշրջման հետեւանքով մահացած է զինծառայող Գրիգոր Արթուրի Գրիգորեանը (ծնված՝ 2000թ.): Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ-էն:

Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Մարմնական վնասուածքներ ստացած են 7 զինծառայողներ, որոնք տեղափոխուած են կայազօրային հիւանդանոց, հետազօտուած են եւ կը ստանան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն. զինծառայողներու կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար կը տարուի քննութիւն: