image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի հետ ուղղակի շփումները դադրեցուած են. Պայրամով

Հայաստանի հետ ուղղակի  շփումները դադրեցուած են. Պայրամով

Հայաստանի «ապակառուցողական դիրքորոշման» հետեւանքով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս ուղիղ շփումները դադրեցուած են։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պուեար Օսմանիի հետ Պաքուի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներով կայացած մամուլի ասուլիսին:

«Միջազգային միջնորդները կը փորձեն Հայաստանը վերադարձնել բանակցային սեղանի շուրջ: Այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկուին։ Մենք կոչ ըրած ենք Երեւանին վերադառնալու բանակցային սեղան», - ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան: