Պիշքեքի մէջ Սեպտեմբեր 1-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը։
Կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք ՀՀ ԱԽ քարտուղարը եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը շարունակած են խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները։