Անտարակոյս, աշխարհը նոր աշխարհակարգի ճարտարապետութեան մը սեմին է, որ սկիզբ առաւ 2014 թուականի Ուքրանիոյ Խրիմի թերակղզիի, ինչպէս նաեւ արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպասի ՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու Ռուսաստանի ապօրինի բռնակցումով։ Չափազանցուցած չենք ըլլար նաեւ հաստատելու որ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայիս կատարուող իրադարձութիւնները անմիջական կապ ունին Ուքրանիոյ դէպքերուն հետ եւ մեր տարածքաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումները նաեւ պէտք է դիտել այդ տրամաբանութեամբ։ Այս իմաստով, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը վերոյիշեալ աշխարհաքաղաքական անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր զարգացումներու մէկ օղակը կարելի է նկատել, ուր գոյութիւն ունի միջազգային ոյժային կեդրոններու ե՚ ւ շահերու բախում ե ՚ւ համագործակցութիւն։
Այժմ խօսինք մեր տարածաշրջանի, ի մասնաւորի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ կատարուող իրադարձութիւններու եւ անոնց զարգացման փուլերու մասին։
Հակամարտութեան սկիզբը կարելի է նկատել 1988-ին սկսած Արցախեան ազգային ազատագրական պայքարը, որու ռազմավարական նպատակն էր Արցախի ՄԻԱՑՈՒՄԸ Հայաստանին։ Հայկական ոյժերու յաղթանակով, 1994-ին Ատրպէյճան ստիպուեցաւ հրադադարի պայմանագիր կնքել Հայաստանի եւ Արցախի հետ։ Հայկական դիւանագիտութեան մեծագոյն սխալը եղաւ այն, որ ռազմական յաղթանակը չկարողացաւ դիւանագիտական եւ քաղաքական յաղթանակի վերածել, ընդհուպ ՅԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ(capitulation) պայմանագիր պարտադրել Ատրպէյճանին։ Եւ հակառակ որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան Անկախութեան Հռչակագրով ամրագրուած էր 1989-ի Սովետական Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային Խորհուրդի միացեալ հռչակագիրը ՝ «Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու» մասին դրոյթը, դժբախտաբար մինչեւ այսօր Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն խորհրդարանական վաւերացումի չարժանացուց վերոյիշեալ Հռչակագիրը։ Այստեղ աւելորդ կը համարենք խորասուզուիլ 1997-էն մինչեւ 2018-ը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հակամարտութեան կարգաւորման երկարատեւ եւ ապարդիւն բանակցութիւններուն։ Միայն արժէ շեշտել որ մինչեւ 1997-ը Արցախը լիիրաւ կողմ էր բանակցային գործընթացներուն մինչեւ որ Հայաստանի երկրորդ նախագահի թեթեւ ձեռքով եւ անհեռատես գործելաոճի պատճառով Արցախը դուրս մղուեցաւ բանակցային գործընթացներէն։ Այստեղ պէտք է շեշտել որ վերանկախացած Հայաստանի բոլոր 4 իշխանութիւնները «համոզուած» էին եւ կը ձեւացնէին հայ հասարակութեան, որ հակամարտութեան կարգաւորումը ի նպաստ հայ ժողովուրդին պիտի լուծուի եւ կը հաւատային որ արտաքին ներխուժման պարագային հայ ժողովուրդը իր թիկունքին ունի «վստահելի» ռազմավարական դաշնակից եւ ապահովութեան երաշխաւոր։
2020-ի 44-օրեայ պատերազմով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը հայկական կողմին համար աղետաբեր վերջնարդիւնքով նոր եւ վտանգաւոր էջ մը բացաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան տրամաբանութեան մէջ ՝ անյուսալի եւ անորոշ ապագայի իմաստով։ Տարածքաշրջանին մէջ գործի դրուեցան նոր խաղի կանոններ եւ ի յայտ եկան նոր դերակատարներ ինչպիսիք են Եւրոպական Միութիւն, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Իրան եւ Թուրքիա։
2021-ի Մայիս եւ Նոյեմբեր, ինչպէս նաեւ 2022-ի Սեպտեմբեր ամիսներուն բացայայտ դարձաւ որ Ատրպէյճան նկրտումներ ունի ոչ միայն Արցախեան, այլ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ։ Ատրպէյճան վերոյիշեալ ամիսներուն ներխուժեց Սիւնիք, Գեղարքունիք եւ Վայոց Ձոր, գրաւելով 140 քառ. քլմ. ռազմավարական բարձունքներ եւ տարածքներ, հասնելով մինչեւ Ջերմուկ քաղաքի մօտակայքը։ Իսկ 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի տխրահռչակ պայմանագրի խախտումով, Ատրպէյճան ներխուժեց Արցախեան տարածքներ, գրաւելով Խծաբերդ, Հին Թաղեր, Փառուխ բնակավայրերը։
Վերոնշեալ իրադարձութիւնները ի յայտ բերին շարք մը ցաւօտ իրողութիւններ որոնց հետեւանքով հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կրնան ոչ բարեացակամ կամ ոչ դաշնակցային հունով ընթանալ։ Ինչու՞ Ռուսաստանի անվտանգութեան մարմինները նախորօք չ ՚ըզգուշացուցին Հայաստանի իշխանութիւնները Ատրպէյճանական հաւանական ներխուժման մասին, 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին։ Ինչու՞ Ռուսաստան Հարաւային Կովկաս հրաւիրեց Թուրքիան եւ Աղտամի մէջ տեղակայեց ռուս-թուրքական միացեալ «դիտորդական կեդրոն», որու՞ հետախուզելու եւ ի՞նչ նպատակներով։ Ինչու՞ Ռուսաստանի ռազմական եւ քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր ՝ Նարիշկին, Շոյկու, Պետրուշեւ եւ պետական գաղափարախօս Տուկին շնորհաւորեցին Ատրպէյճանը իր «յաղթանակի» առթիւ։ Ինչու՞ Ռուսաստան խախտեց 1997-ին կնքուած հայ-ռուսական փոխօգնութեան պայմանագիրը։ Ինչու՞ Լաւրով անցեալ տարի Պաքուի մէջ յայտարարեց թէ Մինսքի Խումբը տապալուած է։ Ինչու՞ ՀԱՊԿ-ը չմեղադրեց եւ քաղաքական գնահատական չտուաւ Ատրպէյճանի Սեպտեմբերեան ներխուժման։ Ինչու՞ Ռուսաստան 3 անգամ տապալեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերը։ Ինչու՞ Ռուսաստան անցած տարուայ Փետրուար 22-ին Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական դաշնագիր կնքեց, հետաքրքիր է որ այստեղ կար նաեւ հետախուզական փոխօգնութեան մասին դրոյթ մը։ Ու տակաւին վերջերս Լաչինի միջանցքի փակման հարցով, Ռուսաստան որդեգրած է կրաւորական կեցուածք։ Կասկածէ վեր պէտք է նկատել, որ աշխարհաքաղաքական այսպիսի ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ, նաեւ Ուքրանիայի պատերազմի, միջազգային մեկուսացման եւ պատժամիջոցներու պատճառով այս հանգրուանին Ռուսաստան ոչ թէ ցանկութիւն չունի, այլ անկարող է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը կարգաւորելու։
Ակնյայտ է, որ այս հանգրուանին ռուս-ատրպէյճանական եւ ռուս-թուրքական շահերը աւելի գերադասելի են քան ռուս-հայկական շահերէն, որու բացայայտ դրսեւորումն է ռուս-թուրքական առեւտրա-տնտեսական շրջանառութեան ահռելի թռիչքաձեւ մեծացումը եւ ռուսական կազի Ատրպէյճանական խողովակաշարերու միջոցաւ դեպի Եւրոպա արաքումը։ Այստեղ պէտք է շեշտել, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը եթէ իրականութիւն դառնայ, ապա անոր շահառուները պիտի ըլլան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Թուրանական դարպասը բացուած համարելով, շահառու է նաեւ Ռուսաստանը որ ցամաքային ճանապարհ ունենալով դէպի Թուրքիա, պիտի յաղթահարէ դեպի Եւրոպա ապրանքա-շրջանառութեան մուտքի արգելքը։ Հոս հարկաւոր է նշել, որ Զանգեզուրի կորուստով հիմքը կը դրուի Հայկական պետականութեան ոչնչացման։
Ուքրանիոյ պատերազմով պայմանաւորուած ՝ Ռուսաստանի թուլացումով, բնականաբար տարածքաշրջան պէտք էր մտնէին օտար դերակատարներ, իւրաքանչիւրը իր ռազմավարական եւ քաղաքական նպատակները հետապնդելով, Հարաւային Կովկասը պիտի վերածուէր միջազգային ոյժային կեդրոններու մրցակցութեան հարթակ։
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, որ հաւաքական արեւմուտքը նախեւառաջ ի՚ ր ռազմավարաան շահերու համար մուտք պիտի գործէր Հարաւային Կովկաս, որու գլխաւոր նպատակն է Ռուսաստանին դուրս բերել այս տարածքաշրջանէն։ Իսկ Իրան միշտ կը կրկնէ, իր ռազմական, քաղաքական եւ կրօնական բարձրաստիճան դէմքերու բեռնով, որ թոյլ պիտի չտայ որեւէ սահմանային փոփոխութիւն, դիմադրելով «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացողութեան։ Վերջերս Ատրպէյճան-Իրան միջ պետական լարուածութիւն կը նկատուի, Ալիեւի անխոհեմ եւ վտանգաւոր հռետորաբանութեան պատճառով, որով Ատրպէյճան իր ժողովուրդի եւ տարածքի մաս կը համարէ հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան Իրանը։ Պակաս վտանգաւոր չէ նաեւ Արեւմուտք-Իրան լարուածութիւնը Իրանի միջուկային բանակցութիւններու պատճառով, որուն աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ Իսրայէլը։
Իսկ ի՞նչ կ՚ ընեն մեր իշխանութիւնները։ Պէտք է ըսել որ հայկական դիւանագիտութիւնը դուրս ելած է անկենսունակ եւ անգործունեայ թմբիրէն եւ իրադարձութիւններուն համարժէք, աննախընթաց աշխուժութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն կը ցուցաբերէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները, ի տես ռուսական կրաւորականութեան եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ եւ ծաւալապաշտական նկրտումներուն, նաեւ ներքին կարգ մը քաղաքական հոսանքներու պառակտիչ եւ «միութենական պետութիւն» կործանարար խոսոյթի քարոզչութեան, խիզախ կեցուածք որդեգրած է առ այն, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը կարմիր գիծ է եւ երբեք քննարկման ենթակայ չէ։ Հայաստանի իշխանութիւններու հետեւողական եւ աշխոյժ դիւանագիտական աշխատանքներու շնորհիւ, Ատրպէյճանի նենգամիտ եւ ոճռային գործելաոճին, դատապարտող եւ հասցէական բանաձեւեր ընդունուեցան ԵԱՀԿ-ի, ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ, ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ վեհաժողովներուն մէջ, ինչպէս նաեւ դատական հայց ներկայացուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան դատարաններու մէջ։ Ինչպէս նաեւ Եւրոպական տասնեակ երկիրներ իրենց կառավարութիւններու կամ խորհրդարաններու միջոցաւ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանը Արցախի հայաթափման եւ այնտեղի հայերու զանգուածային սովի ենթարկելու մեղադրանքով։ Եւ վերջապէս, Հայաստանի դիւանագիտութեան ջանքերու շնորհիւ ԵւրոՄիութիւնը Փետրուարին 200 անձերէ բաղկացած քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւն (նախապէս անցած ամիսներուն առաքելութիւն տեղի ունեցաւ 2 ամիսով ԵԱՀԿ-ի միջոցով) պիտի ուղարկէ ամբողջ Հայաստանի սահմաններով 2 տարուայ պայմանագիրով, բան մը որ ՀԱՊԿ-ը թերացած էր։ Վերջերս Ռուսաստանի Պետ Տումայի պատգամաւոր Զատուլին սպառնացած է Հայաստանին ըսելով որ -«Եթէ ԵՄ դիտորդները ցանկանան փոխել Հայաստանի ներքին ու արտաքին վեկտորը, մենք կ՚ ընդդիմանանք դրան»։ Այս պայմաններուն, Հայաստան պարտաւոր է ապահովական եւ ռազմավարական այլընտրանքային կառոյցներ նկատի առնել, ինչպէս նաեւ ռազմական հնացած համակարգը արդիականացնել եւ սպառազինման այլ շուկաներ փնտրել, զգուշաւոր, հաւասառակշռուած եւ ճկուն դիւանագիտութեամբ։
Գէորգ Հալէպլեան