image

Հայաստան ներթափանցած ատրպէյճանցիներէն մին բանտարկութեան պատիժ ստացաւ

Հայաստան ներթափանցած  ատրպէյճանցիներէն մին  բանտարկութեան պատիժ ստացաւ

Հայաստանի սահմանը հատած երկու ատրպէյճանցիներէն մէկը՝ Ակշին Պապիրով, դատապարտուած է 11 տարի 6 ամիս 15 օրուան ազատազրկման։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն:

Ատրպէյճանցի զինծառայողը մեղաւոր ճանչցուած է սահմանն ապօրինի հատելու, պետական սահմանով հրազէն եւ ռազմամթերք ապօրինի տեղափոխելու համար։ Ան ընդունած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքը։

Անոր հետ սահմանը հատած երկրորդ ատրպէյճանցի՝ Հուսէյն Ախունտովի գործով քննութիւնը կը շարունակուի։ Ան կը մեղադրուի նաեւ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»-ի պահակը սպանելու համար։

Յիշեցնենք, որ 10 ապրիլին յայտնի դարձաւ, որ Սիսիանի Բնունիս համայնքը ատրպէյճանցիներ յայտնուած են ։

Աւելի ուշ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց տեղեկութիւնը` նշելով, որ ՀՀ տարածք յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու մէկ զինծառայող, միւսը կ'որոնեն։ 13 ապրիլին ՊՆ-ն յայտնեց, որ ՀՀ տարածք յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է ատրպէյճանցի երկրորդ զինծառայողը, որ կը կասկածուէր ԶՊՄԿ աշխատակիցի սպանութեան մէջ։

17 ապրիլին դատախազութիւնը յայտնեց, որ ՀՀ տարածք յայտնուած ատրպէյճանցի երկու զինծառայողներուն մեղադրանք ներկայացուած է, երկուքն ալ կալանաւորուած են։