Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։ Յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Հանդիպման քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը, տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը։
Պայրամով ընդգծած է, որ հայկական կողմի յայտարարութիւնները, հռետորաբանութիւնը եւ սադրանքները, որոնք կը խաթարեն խաղաղութեան օրակարգը եւ ուղղուած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ, կը վնասեն տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։
Ան նշած է, որ Հայաստանը կը միջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն։
Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ լարուած մարդասիրական իրավիճակի եւ շրջափակման հետ կապուած անհիմն պնդումներու լոյսին տակ Աղտամ-Խանքենդի (Ակնա-Ստեփանակերտ) ճանապարհի բացման զուգահեռ Լաչինի ճանապարհի օգտագործումը աշխուժացնելու՝ Հայաստանի մերժումը կը վկայէ այն մասին, որ իրավիճակը ոչ թէ մարդասիրական, այլ աւելի շուտ քաղաքական բնոյթ ունի:
Ընդգծուած է միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի նման քայլերու դատապարտման կարեւորութիւնը Ատրպէյճանի դէմ քաղաքական եւ ռազմական սադրանքներու աճի ծիրէն ներս։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։