image

Հայաստան գալ ցանկացող ոչ մէկ սուրիահայ կը մերժուի. ՀՀ Սփիւռքի նախարար

Հայաստան գալ ցանկացող ոչ մէկ սուրիահայ կը մերժուի. ՀՀ Սփիւռքի նախարար

Այս շաբթուան ընթացքին Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է սուրիահայերու 7 ընտանիք՝ 28 հոգի: Այս մասին «Սբութնիք.ամ»ին յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ու տեղեկացուցած, որ բոլոր այն ընտանիքները, որոնք հայրենիք բնակութեան տեղ չունին, կը տեղաւորուին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, այնուհետեւ կը տեղափոխուին վարձակալած բնակարաններ: «Մինչեւ արիւնալի ուրբաթ, այսինքն՝ 30 սեպտեմբերը, Հայաստան եկած է 420 հոգի, 30 սեպտեմբերէն յետոյ, ամբողջ հոկտեմբերի ընթացքին Հայաստան եկած 47 հոգի, այսինքն՝ աւելի քիչ, քան մնացած ամիսներուն: Իսկ 1 նոյեմբերէն յետոյ՝ այս 4-5 օրուան ընթացքին, Հայաստան եկած է 28 հոգի»,- ըսած է Հրանուշ Յակոբեանը՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ Հայաստան գալ ցանկացող ոչ մէկ սուրիահայ մերժում կը ստանայ: Սփիւռքի նախարարը չէ թաքցուցած, որ կառավարութիւնը միայն սեփական միջոցներով անկարող է հոգալ սուրիահայերու բոլոր կարիքներ եւ շատ յաճախ կը դիմէ նաեւ մասնաւոր եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու աջակցութեան:

Անդրադառնալով սփիւռքահայերու՝ Հայաստանի մէջ գործարար ներդրումներ ընելու հարցին, Հրանուշ Յակոբեանը յայտարարած է, որ նոր կառավարութիւնը անոնց շատ աւելի մեծ վստահութիւն է ներշնչել:

«Կայ ոգեւորութիւն, մտածում են գալ, մտածում են այստեղ ներդրումներն ակտիւացնել: Վարչապետի յայտարարութիւնները, ծրագիրը, հարցադրումներ, կոնկրետութիւնը հաւատ են ներշնչել»,- ըսած է Հրանուշ Յակոբեանը՝ հրաժարելով, սակայն նշել, թէ նախորդ կառավարութիւնն ու վարչապետն ինչու նոյն վստահութիւնը չէին ներշնչէր:

 

 

 

 

 

Sputnik.am