Այսօր Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Թուրքիոյ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:
Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած բեռնատարները անցած են սահմանը Մարգարայի կամուրջով եւ ուղեւորուած դէպի երկրաշարժէն տուժած շրջան։
Մարգարայի կամուրջով հայ-թրքական փակ ցամաքային սահմանը բեռնատարով վերջին անգամ հատուած է 30 տարի առաջ` 1993-ին։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ կառավարութիւնը նաեւ փրկարարներու խումբեր ուղարկած է Թուրքիա եւ Սուրիա, որոնք աղէտի գօտիներուն կը մասնակցին որոնողափրկարարական աշխատանքներուն:
ԱԳ նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը թուիթըրի իր էջին հրապարակած է տեսանիւթ, թէ ինչպէս մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած մեքենան կ'անցնի Մարգարայի կամուրջով: