«3+3» ձեւաչափը երբեք չէ եղած հակամարտութիւններու կարգաւորման հարթակ։ Այս մասին BBC ռատիոյի ուղիղ եթերին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը։
«Ըստ էութեան, այս հարթակը երբեք նախատեսուած չէ եղած որպէս որեւէ բախումային իրավիճակներու լուծման հարթակ, ի սկզբանէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի գաղափարը եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան աւարտէն ետք տարածաշրջանային համագործակցութիւն հաստատելը... Եւ ես կը կարծեմ, որ այսօր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նոյնպէս կը կիսեն այն տեսակէտը, որ եկած է ժամանակը օգտուելու այս հնարաւորութենէն եւ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւնները, բայց այդ պիտի չըլլայ «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակին վրայ, այդ պիտի ըլլայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ երկկողմ բանակցութիւններու միջոցով»,-ըսած է ան։
Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նաեւ ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի խնդիրներն առաջին հերթին պէտք է լուծեն իրենք՝ տարածաշրջանի երկիրները։
Ըստ անոր՝ «3+3» ձեւաչափի մասնակիցները հոկտեմբեր 23-ին Թեհրանի մէջ իրենց երկրորդ հանդիպման ժամանակ եկած են համաձայնութեան առ այն, որ տարածաշրջանի երկիրները պէտք է առաջատար դեր խաղան տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ, այս առումով, մտադիր են ամրապնդել սեփականութեան ներգրաւուածութիւնն այս ռազմավարական կարեւոր տարածաշրջանի ապագայի ձեւաւորման գործին:
Այս առումով բնական է, որ երկիրները դէմ են արտատարածաշրջանային խաղցողներու վնասակար միջամտութեան տարածաշրջանի գործերուն, աւելցուցած է Ամիրբեկովը։
Նա որպէս արտաքին միջամտութեան օրինակ նշած է Ֆրանսան, որ իբրեւ թէ «կը չարաշահէ իր առաջատար դերը միջազգային այնպիսի կառոյցներու մէջ, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, Եւրոմիութիւնը, Եւրոխորհրդարանը եւ անգամ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութիւնը»։
Ըստ անոր՝ «մշտապէս կողմնակալ, միակողմանի եւ բացայայտ հակաատրպէյճանական նախաձեռնութիւններ» առաջ տանելով՝ Փարիզը, «կը դառնայ իր ներքաղաքական օրակարգի պատանդը եւ ատով իսկ կը խարխլէ ոչ միայն սեփական հեղինակութիւնը, այլեւ Եւրոմիութեան՝ որպէս հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման մէջ հնարաւոր միջնորդի համբաւը»։