image

Հայ եւ Ատրպէյճանցի սահմանապահներ որոշ աշխատանքներ կը կատարեն Որոտան Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ

Հայ եւ Ատրպէյճանցի սահմանապահներ որոշ աշխատանքներ կը կատարեն Որոտան Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէ, ռուս գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ, կ'իրականացուին սահմանապահ վերակարգերու տեղակայման աշխատանքներ:

Յիշեալ գործընթացը պիտի աւարտի յառաջիկայ օրերուն եւ տուեալ ճանապարհահատուածին լիարժէքօրէն պիտի ապահովուի բնականոն ու անվտանգ երթեւեկութեան կազմակերպումը:

Համապատասխան աշխատանքներու ընթացքին անցանկալի միջադէպերէն խուսափելու նպատակով քաղաքացիներուն կը յորդորենք ցուցաբերել անհրաժեշտ զգօնութիւն, իսկ հնարաւոր խնդիրներու ու հարցերու պարագային կապ հաստատել ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու թէժ գիծի՝ 015 361893 հեռախօսահամարով: